Քանի մը օրէ ի վեր, «Ազատ Օր»-ը հրատարակած է յայտարարութիւն մը, որ կապ ունի թերթի ապագայ ծրագրումներուն հետ, սկիզբ առնելով 2024-ի առաջին թիւէն։ Մեր թերթը եւս, զգալով տպագիր մամուլի տագնապը, պարտի նոր ըմբռնումներու իրականութեան տակ պատշաճեցնել իր հրատարակութիւնը, քայլ պահելով արդի միջոցներուն հետ, հայ թերթը աւելի մատչելի դարձնելու նախանձախնդրութեամբ։ Արդէն իսկ, համացանցին վրայ, յայտարարութեան տակ երեւցած են մեծ թիւով դրական արտայայտութիւններ ընթերցողներու եւ բարեկամներու կողմէ, որոնք խրախուսիչ եւ գօտեպնդիչ զգացումներ կը պատճառեն մեզի։
Հաւանաբար, յայտարարութիւնը ոմանց համար հարցականներ ստեղծած կրնայ ըլլալ, ոմանց մօտ նաեւ սրտնեղութիւն մը, թէ՝ այլեւս տպագիր թերթը օրական պիտի չհասնի անոնց ձեռքը։
Իսկապէս, դժուար է երբեմն արմատական լուծումներ հրամցնել, արդէն իսկ տասնամեակներ հաստատուած դրութեան մը դիմաց։ Իր հրատարակութեան առաջին օրերէն՝ 1945-էն ի վեր, «Ազատ Օր»-ը ամէն օր, տաք հացի նման, բուրմունք կը բերէր հայկական տուները, ընթերցողները անհամբեր կը սպասէին անոր երեւման, որպէսզի կարդան հայաշխարհի լուրերը եւ յագենան հայութեան տաք ու պաղ օրերու զարգացումներով, նուաճումներով, Հայաստանի ու Արցախի մասին լուրերով, այլեւ գաղութին մէջ մեծ ու փոքր անցուդարձերով, մեր հաւաքական կեանքով, նոյնիսկ միութենական փոքր յայտարարութեան մը մէջ հայ ոգին ու դրոշմը զգալով։
Հիմա, ոմանց կրնայ թուիլ, թէ այս զգացումը օդին մէջ կը ցնդի, կ՚անհետանայ, մեծ բաց թողնելով տասնամեակներուն մէջ երկարող հարազատ սովորութեան մը վրայ։
Կը գիտակցինք, թէ որեւէ փոփոխութիւն հաճելի չի կրնար ըլլալ ամբողջութեամբ։ Թուղթին վրայ հայկական տառը փնտռողը ու զայն փայփայողը յաճախ կը դժուարանայ արհեստագիտութեան նոր ձեւերուն մէջ գտնել այն հարազատութիւնը, որ թուղթն ու մելանը ստեղծած են։
Սակայն, կեանքի մէջ կատարուող փոփոխութիւնները անողոք կը դառնան, ոչ միայն անհատական մեր իրականութենէն ներս, այլեւ հաւաքական կեանքի բոլոր բնագաւառներուն մէջ։
Եթէ անցեալին ազգային կեանքը գաղթօճախներէն հեռու չէինք տեսներ, ուր վարժարան, ակումբ եւ եկեղեցի մեր գոյութեան առանցքը կը կազմէին, ուր ճամբաներուն մէջ, կամ տուներու պատշգամներէն միայն հայերէն լեզուն կը թայլայլէր, այսօր հայ կեանքի հին օրերը լիովին իրենց տեղը տուած են կենցաղային տարբեր պատկերներու։ Շահնուրեան «Նահանջը առանց երգի» յոռետեսութիւնը ամբողջութեամբ պատած է հայու հաւաքական, ընտանեկան եւ անձնական կեանքի բոլոր ծալքերը։
Կա՛մ գլուխ պիտի ծռենք հուժկու յորձանքին առջեւ ու անզօր պիտի յանձնուինք անոր մահացու հարուածներուն, կա՛մ հաւաքական դիավարումով հոսանքն ի վեր, պիտի շարունակենք ինքնութեան պայքարը, ամէն օր ումպ մը հայկականութիւն սրսկելով հայ նոր սերունդի մատղաշ հոգիներուն մէջ։
Ահա՛, այս մտահոգութիւններու եւ ազգային հիմնախնդիրներու տագնապեցնող ալիքին մէջ, «Ազատ Օր»-ը, յունահայութեան հարազատ թերթն ու անգին բարեկամը, կը փորձէ նոր շրջան մը թեւակոխել, իր զինանոցին մէջ ներառնելով արդի արհեստագիտութեան միջոցներն ու ըմբռնումները, նոր ձեւաչափերու որդեգրումով, տարբեր հասկացողութեան մը ընտրութեամբ, որ արդէն համաշխարհային մամուլի անդաստանէն ներս տարիներ առաջ հաստատուած է, նոյնիսկ ծաւալ ունեցող թերթերու եւ լրատուական միջոցներու կողմէ։
Նոր չեն թերթիս մասին պատասխանատու մարմիններու եւ վարչութիւններու մտահոգութիւնները։ Իրականութիւն է, որ մեր թերթը երբեք չէ գործած կուսակցական օրկանի մը նեղ սահմաններուն մէջ։ Եղած է ու կը շարունակէ հանդիսանալ ժողովրդային ընդունելութիւն վայելող հայկական շտեմարան մը, սակայն անոր ետին, տասնամեակներ շարունակ, կանգնած են Հ.Յ.Դ. պատասխանատու մարմիններ, մամուլով տագնապող վարչականներ, իրենց հոգին ու եսը մաշեցուցած խմբագիրներ, շարողներ կամ աշխատակիցներ, որոնք բարոյական եւ նիւթական հսկայ զոհողութիւններու մատուցումով, թերթը ոտքի եւ աննկուն պահած են աւելի քան 78 տարի շարունակ։
Արդէն, մեր թերթի 75-ամեակին առիթով հրապարակուած նիւթերուն մէջ, մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնէինք մամուլի տագնապին հետեւանքները, անոր մէջէն աւելի զօրաւոր եւ պատրաստուած դուրս գալու մեր կապտումը։ Տարի մը առաջ, թերթիս պաշտօնէութիւնը, կազմակերպական միաւորները, թերթին ու հայ մամուլին հետ առնչութիւն ունեցող պատասխանատու ընկերներ ի մի համախմբուեցան, քննելու համար «Ազատ Օր»-ի ու գաղութի տեղեկատուական դաշտի ապագան։ Բոլորին անսասան համոզումն էր, որ «Ազատ Օր»-ը, որպէս գաղութի եւ եւրոպական հայագաղութներու միակ օրաթերթը, պարտի իր գոյութեան երաշխիքը ապահովել, միշտ իր հայեացքը սեւեռած ըլլալով ապագային, հայ նոր սերունդին, ու հետեւաբար՝ անոնց ինքնութեան պահպահման վրայ։
Բազմատեսակ ու այլազան քննարկումներու մթնոլորտին մէջ, նպատակը մէ՛կ էր։ Պատշաճիլ արդի արհեստագիտութեան պայմաններուն, հաղորդակցիլ նոր միջոցներով, այնպէ՛ս, որպէսզի մեր կապը ներկայ ու գալիք սերունդներուն հետ ըլլայ համաշունչ ու արդիական։
Անձնական հեռաձայնները, պլանշեթները(tablet), համակարգիչը, ընկերային ցանցերը, հաղորդակցութեան նորանոր երեւոյթները ամբողջութեամբ հրապուրած ու ներքաշած են սերունդները։ Անոնք վայրկեանը-վայրկեանին լուրը կը ստանան, պատկերը կը դիտեն, կարծիք կը ձեւաւորեն, իրարու կը հաղորդակցին, մինչ դասական մամուլի գործիքները այլեւս անտարբերութեամբ կը դիտուին։
«Ազատ Օր»-ին համար հրամայական պարտաւորութիւն կը դառնայ պատշաճիլ նոր իրականութեան։ Մեր առաջնահերթութիւնը պէտք է դառնայ կերպարանափոխումը, նորին հետեւելու ձգտումը, այսօրուան հայ մարդուն միտքին, սիրտին ու հոգիին խօսելու հարազատութիւնը։
Երկար է ճամբան, երբեմն խոչընդոտներով պատուած դժուար ուղի մը գոյութիւն ունի մեր առջեւ։ Հանգրուան առ հանգրուան, պարտինք մեր նպատակները ամրապնդել նոր միջոցներով, շարունակական բարեփոխումներով, մտածելով նոյնիսկ, թէ ներկայ արդի միջոցները վաղն իսկ ժամանակավրէպ պիտի դառնան կեանքի արագընթաց վազքին մէջ։
Նոր տարին կը սկսինք տարբեր ձեւաչափով։ Մեր թերթը օրական յաճախականութեամբ լոյս պիտի տեսնէ միայն «PDF» ելեկտրոնային տարազով, իսկ շաբաթավերջին պիտի հրատարակուի նաեւ տպագիր թիւ մը, ճոխ էջերով, ընդգրկուն լրատուութեամբ, գաղութային կեանքով, յօդուածներով եւ վերլուծումներով։
Անոնց կողքին, կարեւոր կը դառնայ յունալեզու բաժինը, որպէսզի մեր մայրենիով արտայայտուելու դժուարութիւն ունեցող հայորդին եւս հաղորդ դառնայ հայ աշխարհի զարգացումներուն։ Մեր ընթերցողները նշմարած են արդէն, թէ որոշ ժամանակէ ի վեր յունալեզու էջը՝ յօդուածագրութեամբ եւ մատչելի լուրերով, տեղ գտած է թերթի ամբողջութեան մէջ։ Այս նորաձեւութիւնը արժանացաւ մեծ թիւով հայրենակիցներու գնահատանքին։
Պարունակութեան հետ կապուած նոր ծրագրումներուն զուգահեռ, «Ազատ Օր»-ի պաշտօնէութիւնը ջանքեր ի գործ դրած է բարեփոխելու թերթի արտաքին պատկերը, ձեւը՝ էջադրումի տարբեր եւ աւելի արդի գործիքակազմերով։ Յաջորդ ժամանակաշրջանին, այս բոլորը տեղ պիտի գտնեն մեր թերթին մէջ, միշտ նպատակ ունենալով ընթերցողին առջեւ ներկայանալ տարբեր ամբողջութեամբ մը, նոյնքան հարազատ ու սրտամօտիկ։
Բոլորս միասին, իւրաքանչիւրը իր ուժով, բայց նաեւ հաւաքական պինդ կամքով, տէ՛ր կանգնինք «Ազատ Օր»-ին, մեր թերթին, մեր հարազատին։
Թերթիս պաշտօնէութիւնը պատրաստ է օգտակար դառնալ բոլոր անոնց, որոնք վարժ չեն արհեստագիտական միջոցներուն (հեռաձայնին կամ համակարգիչին վրայ թերթը ընթերցելու) եւ կարիքը ունին իմանալ, թէ ինչպէս կարելի պիտի ըլլայ ամէն առաւօտ թերթի արդիական հրատարակութիւնը շարունակէ հասնիլ բոլորին։
Համոզուած ենք, որ ամէն փոփոխութիւն ի վերջոյ աւելի լաւին ու կատարեալին ձգտելու ճամբայ կը բանայ մեր առջեւ։
Որպէսզի մեր գաղութի մամուլը կարողանայ գոյատեւել, որպէսզի մեր մեծասքանչը շարունակէ իր քաղցրահնչիւն թայլայլումները, որպէսզի Հայաստանն ու Արցախը շարունակեն յոյսի եւ ներշնչման աղբիւր մնալ, ուժ սրսկելով մեր վտանգուած ինքնութեան վրայ։
Շնորհաւոր Նոր տարին, բարի երթ մեր թերթին, մե՛ր «Ազատ Օր»-ին։