«Ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մէն ետք մեր սկզբուն­քա­յին դիր­քո­րո­շում­նե­րուն մէջ ո­րե­ւէ նոր մօ­տե­ցում չկայ»,- «Ար­մե­նիա» հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թեան «­Ռէ­ւո­լիւ­ցիա» հա­ղորդ­ման ըն­թաց­քին յայ­տա­րա­րած է ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան:
«­Դիր­քո­րո­շում­նե­րու մէջ փո­փո­խու­թիւն` գո­նէ հայ­կա­կան դիր­քո­րոշ­ման մէջ փո­փո­խու­թիւն, ես չեմ են­թադ­րեր: Ինչ կը վե­րա­բե­րի զի­ջում­նե­րուն, վեր­ջին 20 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին մենք ո­րե­ւէ կերպ, ո­րե­ւէ տեղ, ո­րե­ւէ ձե­ւով չենք խօ­սած զի­ջում­նե­րու մա­սին: ­Մենք միշտ խօ­սած ենք եւ հի­մա ալ կը շա­րու­նա­կենք խօ­սիլ խնդրի լուծ­ման փոխ-զի­ջու­մա­յին տար­բե­րա­կի մա­սին: Ս­րանք տար­բեր բա­ներ են: Եւ ես վստահ եմ, որ ե­թէ այս խնդի­րը 20 տա­րի ալ լու­ծում չստա­նայ, ա­պա հայ­կա­կան կող­մի մօտ եր­բեք ցան­կու­թիւն չ­՛ըլ­լար զի­ջում­նե­րու մի­ջո­ցով ի­րա­վի­ճա­կը թե­թեւց­նե­լու, ո­րով­հե­տեւ սա կոր­ծա­նա­րար ճա­նա­պարհ է եւ սա եր­բեք խնդիր­նե­րը չի կրնար լու­ծել»,-«­Փա­նո­րա­մա»յի փո­խանց­մամբ՝ ա­ւել­ցու­ցած է նա­խա­գա­հը: ­Խօ­սե­լով հայ­կա­կան կող­մէն դիր­քո­րոշ­ման մէջ փո­փո­խու­թիւն­ներ չըլ­լա­լու պատ­ճառ­նե­րուն մա­սին` ­Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հը քա­նի մը սկզբունք ա­ռանձ­նա­ցու­ցած է.-
«Ակն­յայտ է հայ­կա­կան կող­մի ցան­կու­թիւ­նը, հայ­կա­կան կող­մի նպա­տա­կը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի բնակ­չու­թեան ինք­նո­րոշ­ման` ի վե­րուստ տրո­ւած ի­րա­ւունքն է, մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու կա­նո­նադ­րու­թեամբ նա­խա­տե­սո­ւած ի­րա­ւունքն է, մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քի կող­մէ ըն­դու­նո­ւած սկզբունքն է, եւ ա­նի­կա պէտք է ի­րա­ցո­ւի: ­Սա՝ մէկ կա­րե­ւո­րա­գոյն կէտ: Երկ­րորդ կէ­տը, ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը պէտք է ու­նե­նայ ցա­մա­քա­յին սահ­ման ­Հա­յաս­տա­նի ­Հա­նար­պե­տու­թեան հետ: ­Սա երկ­րորդ սկզբուն­քա­յին դիր­քո­րո­շումն է: Եւ եր­րորդ սկզբուն­քա­յին դիր­քոր­շու­մը` ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը պէտք է ու­նե­նայ անվ­տան­գու­թեան յու­սա­լի ե­րաշ­խիք­ներ: Եւ այս 20 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին մենք խօ­սած ենք միայն այս խնդիր­նե­րու շուրջ»,- ը­սած է ­Սարգ­սեան:
­Նա­խա­գա­հը շեշ­տած է, որ ­Ղա­րա­բա­ղի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը պար­տա­դիր է ար­դէն իսկ սկզբունք­նե­րու շուրջ ձե­ւա­ւո­րուող փաս­տա­թուղ­թին հա­մար: