Ամբողջ հայ ժողովուրդը, Արցախէն ու Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի ծայրամասերը, մտահոգութեամբ կը հետեւի Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու մեծ ուժերուն միջեւ շարունակուող բանակցութիւններու զարգացումներուն, այսպէս կոչուած «խաղաղութեան պայմանագիրի» ընդհանուր տարազումին մէջ, որուն հիմնական եւ ամէնէն մտահոգիչ բաժինը դարձած է Արցախի ու անոր վրայ ապրող ժողովուրդի ապագան։
Երկար ժամանակէ ի վեր, փոխանակ փարատին իւրաքանչիւր հայու մտահոգութիւնները ու հայրենի ղեկավարութեան քաղաքականութեան մէջ յստակ դառնայ Արցախի ինքնորոշման ու ազատ ապրելու կամքին տէր ըլլալու վճռակամութիւնը, Հայաստանի վարչապետի իսկ բերանէն կը յայտարարուի՝ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան «յարգումի» վարկածին տակ, Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ տեսնելու կամայական ու մերժելի բանաձեւումը։
Չկայ որեւէ պատմական, աշխարհաքաղաքական, ազգագրական ու մշակութային հիմք, որ կրնայ դոյզն իսկ արդարացնել հայրենի ղեկավարութեան յայտարարութիւնները, ու մանաւանդ՝ անոնց շուրջ զարգացող մեծապետական որեւէ փոփոխութիւն, յանուն այն կեղծ «խաղաղութեան» պարտադրանքին, որ կը միտի խեղդել արցախահայութեան անկաշկանդ ապրելու պայքարը։
Իսկ երբ Հայաստանի իշխանութիւնները ամէն կերպով եւ ամէն պահուն կը հոլովեն «խաղաղութեան պայմանագիր»-ը շուտափոյթ ստորագրելու նպատակը, անդին, մեր թշնամին ամէն ձեւով, իր նուաճողական ու հայատեաց քաղաքականութիւնը զգալի կը դարձնէ բռնի ու դիւանագիտական միջոցներով, սպառնալիքներով, ռազմական գործողութիւններով, ոճրագործութիւններով, հայ զինուորներու կեանքը խլելով, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը խախտած ըլլալով, վեց ամիսէ աւելի Լաչինի միջանցքը գրաւած ըլլալով, օր ցերեկով հայ զինուորներ առեւանգելով, Արցախի ղեկավարութեան ու ժողովուրդին վրայ «համաներումի» կեղծ հրաւէրներ կարդալով, Հայաստանի ղեկավարութեան ծանր զիջումներ պարտադրելով։
Տակաւին, պէտք է կոյր ըլլալ ու չտեսնել, թէ Ալիեւի սպառնալիքներն ու ներման կեղծ յորդորները կը խրախուսուին մեծերուն կողմէ, յստակօրէն ձեւաւորած ըլլալով Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ներառնելու՝ առաջ քշուող քաղաքականութիւնը։
Ահա, արցախահայութեան ու հետեւաբար Հայաստանի վրայ սպառնացող այս մեծ վտանգներուն տակ է, որ Չորեքշաբթի, 7 Յունիսի երեկոյեան ժամը 6-ին, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը կը հրաւիրէ ամբողջ յունահայութիւնը ԱՐՑԱԽԻՆ ՀԱՄԱՐ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԻՆ, Աթէնքի մէջ Հայաստանի դեսպանատան շէնքին առջեւ։ Մեծով ու պզտիկով հո՛ն պիտի մէկտեղուինք, ցոյց տալու համար Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրերուն, թէ անոնց գոյութենական պայքարը կը պատկանի ամբողջ հայ ժողովուրդին, այնպէս ինչպէս երեսուն տարի առաջ Արցախի ազատագրութեան հերոսապատումը դարձաւ համահայկական գաղափար ու ներշնչում, որ սերունդներու երթը կենսաւորեց ազատ ու անկաշկանդ ապրելու գերագոյն խորհուրդով։
44-օրեայ պատերազմէն ետք, Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի եւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան, այլեւ գաղութային մեր գործօններու աջակցութեամբ ու մասնակցութեամբ, արդէն երեք տարիէ ի վեր, պատերազմի օրերուն ու անոր դառն աւարտէն ետք, մեծ թիւով միջոցառումներ կազմակերպուած են Արցախի ժողովուրդին պաշտպանութեան ուղղութեամբ։ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ բողոքի չորս ցոյցեր, Եւրոպական Միութեան գրասենեակներուն առջեւ երկու ցոյցեր, Սինտաղմայի հրապարակին վրայ երկու հաւաքներ եւս, Երիտասարդական Միութեան տեղեկատուական կրպակներ Սինտաղմայի վրայ, լրագրական շրջանակներու մօտ տեղեկատուական լայն աշխատանք եւ դեռ Յունաստանի քաղաքական վերնախաւին հետ հանդիպումներ ու նամակներու յանձնում, որպէսզի միջազգային հանրային կարծիքը եւ Հայաստանի դաշնակիցները սատար հանդիսանան Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին։
Վստահաբար, որ այս տեսակի հաւաքներ ու բողոքի արտայայտութիւններ պիտի շարունակուին, ու մեր գաղութային գործօններու առաջնորդութեամբ հայութեան պահանջատիրական կեցուածքները աւելի պիտի սաստկանան։
Սակայն այսօր, այս պահուն, երբ թշնամին կը փորձէ արցախահայութեան մէջքը կոտրել, երբ նաեւ Հայաստանէն հնչող պաշտօնական խօսքերը որեւէ յոյս չեն ներշնչեր, մենք բոլորս ՊԻՏԻ ՄԷԿՏԵՂՈՒԻՆՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇԸ ՀԱՆԴԻՍԱՑՈՂ հայրենի դեսպանատան առջեւ, որպէսզի ամէն գնով, ուժգին ու շեշտակի, մեր զօրակցութեան ձայնը հասնի Արցախի հողին վրայ ամուր կանգնած «Մամիկին ու Պապիկին», երեխային, ժողովուրդին, մարտնչող երիտասարդին, նոյնիսկ ղեկավարութեան։
Վստանք ըլլանք, որ եթէ Արցախի Հանրապետութիւնը ունենար իր դիւանագիտական պաշտօնական ներկայութիւնը Աթէնքի մէջ, մենք բոլորս հոն պիտի ըլլայինք, Արցախի դրօշին ներքեւ, անոր պետական մէկ միաւորի շուքին տակ։ Սակայն, այսօր՝ ինչպէս եւ անցեալին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իր պետական ամբողջ կառոյցով, պէտք է շարունակէ տէր ու պաշտպան կանգնիլ Արցախի ազատ գոյատեւման, անոր ինքնորոշման իրաւունքին, ազատ շնչելու իր ապագային։
Մեր բոլորին պարտքն է՝ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 7 ՅՈՒՆԻՍԻՆ, համախումբ, ձեռք-ձեռքի տուած, մեր հնչեղ ներկայութիւնը ցուցաբերենք հայրենի պետութեան շէնքին առջեւ, ո՛չ թէ հայոց պետականութեան դէմ բողոքելու, այլ մեր ձայնը լսելի դարձնելու համար Հայաստանի ղեկը գտնուող պատասխանատուներուն, բայց մանաւանդ Արցախի ժողովուրդին ցոյց տալու, թէ մինակ չէ, անոր կողքին յունահայութիւնը եւս պայքարի հունին մէջ կը մնայ զօրավիգ։
Ի զուր կը փորձեն հակադաշնակցական կարգ մը անհատներ, որոնք օգտագործելով պայքարի ու զօրակցութեան այս պահը, իրենց մութ նպատակներուն մանրուքները կը հաշուեն ու իրենց գոյութեան նպատակը դարձուցած են յունահայութեան կամքի ջլատումը, մանաւանդ իրենց ստորին նպատակներուն մէջ ծառայեցնելով սադրանքներ հրահրելու անմիտ ու բարոյականութենէ զուրկ ամէն փորձ։
Արցախի մահու կենաց պայքարի այս պահուն, յունահայութեան ամբողջական զօրաշարժը աւելի քան երբեք հրամայական է։ Բոլորս միասին պիտի մէկտեղուինք հայրենի դեսպանատան շէնքին առջեւ, պիտի բարձրացնենք զօրակցութեան ձայնը, պիտի յիշեցնենք մեր Արծուաբոյն Արցախի հայորդիին, որ իր պայքարը արդար է, սակայն ամբողջութեամբ մերժելի են ամէն փորձերը, ուրկէ որ ալ անոնք առաջնորդուին, պոկելու Արցախը հայ ժողովուրդի ծոցէն։
Բոլորս միասին, յանուն Արցախի, յանուն Հայաստանի ապահովութեան,
յանուն հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն։
Միասնական ոգիով, պայքարի գիտակցութեամբ, համազգային մասշտաբով։