Շրջափակումի ահաւոր պայմաններուն տակ, երբ ատրպէյճանական լկտիացումը հասած է իր գագաթնակէտին, պատճառելով մարդասիրական աղէտ, ամբողջ ժողովուրդ մը ցեղասպանութեան եզրին բերած ըլլալով, Արցախի մարտնչող հայը կը պատրաստուի նշել իր անկախութեան հռչակման տարեդարձը, արեամբ ոռոգուած սուրբ հողերուն վրայ։
2 Սեպտեմբեր 1991 թուականը անկիւնադարձային հանգրուան մը եղաւ հայոց նորանոր ազատագրական պայքարի հունին ընթացքին, Արցախի ժողովուրդին շնորհելով պետականութեան կազմաւորման եւ պետական սեփական իշխանութեամբ ապրելու ու արարելու պատմական առիթը։
Անկախութեան հռչակագիրը փաստացի կերպով հիմը դրաւ Արցախի Հանրապետութեան կազմաւորման, պետական իշխանութեան եւ կառավարման կառոյցներու հիմնաքարը դարձաւ, ինչպէս նաեւ ձեւաւորեց օրէնսդիր համակարգի ազատ եւ ժողովրդավարական կարգերու փորձադաշտը։
Անկախ ու անկաշկանդ ապրելու ձգտումով ու երեսուն տարի շարունակ իր սեփական ուղին ճշդելու վճռակամութեամբ, Արցախի քաջարի ժողովուրդը տէր կանգնեցաւ իր հողի ուժին, ան որ կանգուն պահեց մեր արծուաբոյնի հայորդիներու ստեղծագործելու ոգին։
Ժողովուրդի մը գոյատեւման գերագոյն այս նուաճումները արդէն երկար ատենէ ի վեր վտանգի տակ կը գտնուին, ընդմիշտ կորսուելու յորձանուտին մէջ ինկած ըլլալով՝ աշխարհաքաղաքական ու տարածաշրջանային մեծապետական խաղերու, սեփական սխալներու եւ ապաշնորհ ղեկավարութիւններու կործանիչ քաղաքականութեան հետեւանքով։
Արցախեան 44-օրեայ պատերազմն ու անոր հետեւանքները մինչեւ այսօր դարձած են համաշխարհային բեւեռներու խաղ, մինչ անդին՝ հայրենի ներկայ իշխանութիւնները փոխանակ տէր կանգնելու ամբողջ հայ ժողովուրդի հպարտանքը հանդիսացող Արցախի ինքնորոշման, իրենց որոշումներով եւ արարքներով կը դիւրացնեն աշխարհաքաղաքական ծանր փոփոխութիւններու զարգացումը ի վնաս հայ ժողովուրդին ու Արցախի լինելութեան։
Հայրենի ժողովուրդին նման, Սփիւռքը եւս անելի մատնուած է։ Ամէն կողմ հիասթափութիւն՝ անտարբեր դառնալու վտանգի եզրին հասնելով, որուն պատճառով հայ ժողովուրդը կը դառնայ պարզ հանդիսատեսը իր առջեւ կատարուող մեծ ու հայութեան դէմ գործող զարգացումներուն։
Նոյնն է յոռի պատկերը հայրենիքի մէջ ապրող զանգուածներուն համար, մինչ անդին Արցախի մէջ մնացած ժողովուրդը ամէն օր կը գտնուի Ատրպէյճանի ռազմական սպառնալիքին տակ, ենթակայ կը դառնայ մարդկային արժանապատուութեան ստորնացումի զազրելի վերաբերմունքին ազերի զինուորներուն կողմէ, կ՚անտեսուին միջազգային կառոյցներու օգնութեան հասնելու բոլոր ջանքերը, իսկ Ատրպէյճան՝ աւելի լկտիանալով համաշխարհային կրաւորական կեցուածքէն, կ՚անտեսէ ամէն տեսակի կոչ ու միջազգային որոշում, յոխորտալով նոյնիսկ Մ.Ա.Կ.-ի բեմերու պաշտօնական ամպիոններէն։
Սակայն, ինչպէս 1988-ի ամէնէն դժուար օրերուն, այս անգամ եւս Արցախի ժողովուրդն է ազդանշանը տուողը։ Հակառակ իր դէմ կատարուող ամէնէն անմարդկային արարքներուն, զրկուած հացի ու սնունդի մատակարարման հնարաւորութենէն, սովամահութեան եզրին հասած ըլլալով, կրթութեան բարիքներէն զրկուելով, Արցախի քաջարի հայը ոչ մէկ ատեն եւ ոչ մէկ պարագայի տակ կ՚ընդունի գլուխ ծռել ատրպէյճանական նոր ցեղասպանութեան մը առջեւ։ Արցախցին կը շարունակէ վառ օրինակը ըլլալ հայու անկաշկանդ ու ազատ ապրելու ոգիին, որպէս ազգի թանկագին յատկանիշ հայ ժողովուրդի պատմութեան արհաւիրքներուն դիմաց։
Իրաւունք չունինք լռելու։ Իրաւունք չունինք հանդիսատես մնալու մեր դէմ կատարուող պատմական եւ մարդկային անիրաւութեան հանդէպ։ Արդէն, ամբողջ Սփիւռքի տարածքին, Արցախէն հասած աղաղակող ճիչն ու միաժամանակ՝ պայքարի կոչը ոտքի կը հանէ հայագաղութները, դառնալու համար պահանջատէր հսկայ զանգուածներ։ Աստիճանաբար, եկող ժամանակաշրջանին բոլոր գաղութները, մէկ առ մէկ, միասնական ու համախոհութեան ոգիով, առանց խտրութեան, առանց բաժանարար գիծերու, որպէս մէկ ամբողջութիւն, մէկ բռունցք եւ մէկ ձայն, ոտքի կը կանգնին ընդդէմ ատրպէյճանական ցեղասպան քաղաքականութեան ու միջազգային լուռ կեցուածքին։
Սփիւռքի կառոյցները, իրենց ազգային, եկեղեցական, քաղաքական եւ հասարակական թեւերով արդէն իսկ սկսած են զգաստութեան եւ զօրաշարժի կոչեր ուղղել հայութեան աշխարհացրիւ ամբողջութեան։
Մենք եւս, որպէս գաղութ, որպէս ցեղասպանուած ժողովուրդի մը ժառանգորդները, այս անգամ եւս պիտի ընդառաջենք բոլոր կոչերուն, լայն մտքով ու ամբողջական յանձնառութեամբ պիտի ստանձնենք մեր վրան ինկող պարտքը, բռունցք ու խօսք բարձրացնելով ընդդէմ բոլոր այն ուժերուն, որոնք կը փորձեն պատմութեան մոռացութեան յանձնել ժողովուրդի մը ազգային ու քաղաքակրթական հպարտ գանձարանը։
Արցախի անկախութեան հռչակման 32-ամեակը թող դառնայ պայքարի նոր մեկնարկ մը։ Պարտք ունինք բոլոր անոնց, որոնց արիւնով Արցախի հողը կը շարունակէ տակաւին շնչել ազատօրէն։