ՅՈՎԻԿ ԳԱՍԱՊԵԱՆ

­Կի­րա­կի, 10 ­Մարտ 2024-ին ա­ռա­ւօ­տուն, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Տէր ­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ յա­տուկ ե­լոյթ մը նո­ւի­րո­ւած ոսկ­րա­ծու­ծի փոխ­պա­տո­ւաստ­ման ծրա­գի­րին։
­Ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի Շրջա­նա­յին վար­չու­թեան կող­մէ, որ հիւ­րըն­կա­լեց ոսկ­րու­ղե­ղի փոխ­պա­տո­ւաստ­ման ծրա­գի­րի նա­խա­գահ բժշկու­հի Ֆ­րի­տա ­Ճոր­տա­նը եւ գոր­ծա­դիր տնօ­րէն բժիշկ ­Սե­ւակ Ա­ւա­գեա­նը։ ­Միու­թեան ա­նու­նով բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց ըն­կե­րու­հի Էմ­մա ­Շա­րո­յեան, որ բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց եւ ներ­կա­յա­ցուց եր­կու գիտ­նա­կան­նե­րու կեն­սագ­րա­կա­նը, ո­րոնք ժա­մա­նե­ցին քա­նի մը օ­րով ­Թե­սա­ղո­նի­կէ, գործ­նա­կան գի­տա­կան մի­ջազ­գա­յին յա­տուկ ա­ռա­քե­լու­թեամբ։ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չի Շրջ. վար­չու­թիւ­նը ըն­դա­ռա­ջե­լով ի­րենց ա­ռա­ջար­կին եւ օգ­տո­ւե­լով ա­նոնց ներ­կա­յու­թե­նէն քա­ղա­քին մէջ, կազ­մա­կեր­պեց այս ձեռ­նար­կը, ո­րուն ըն­թաց­քին եր­կու բժիշկ­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին հսկայ ա­ռա­քե­լու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ հա­մայն մարդ­կու­թեան հա­մար։
­Տի­կին ­Ճոր­տան նշեց, որ հա­յե­րը, ո­րոնք հա­զա­րա­մեակ­ներ ապ­րած են մե­կու­սա­ցած միազ­գեայ կեան­քով եւ ա­նոնց DNA -ը ա­ռանց­նա­յին է, ուս­տի եւ շատ ան­գամ կը նոյ­նա­նայ ու կը հա­մընկ­նի այլ հա­յե­րու ծննդա­կան յատ­կա­նիշ­նե­րուն։ Այս ե­րե­ւոյ­թը շատ կա­րե­ւոր է ոսկ­րա­ծու­ծի փոխ­պա­տո­ւաստ­ման ար­դիւ­նա­ւե­տու­թեան եւ DNA-ի հա­մընկ­նե­լիու­թեան հա­մար հա­յե­րուն մէջ, ինչ­պէս նաեւ ­Մի­ջերկ­րա­կան այլ հին ազ­գե­րու մի­ջեւ, եւ ոչ միայն։ Ն­շո­ւե­ցաւ, որ ոսկ­րա­ծու­ծի հա­մընկ­նե­լիու­թիւ­նը, ա­պա նաեւ պա­հան­ջար­կը հայ­կա­կան ծրա­գի­րէն, կը  պա­տա­հի մեծ տո­կո­սով ­Թուր­քիոյ հի­ւանդ­նե­րու պա­րա­գա­յին, ե­րե­ւոյթ մը, որ գի­տա­կան եւ կեն­սա­բա­նա­կան օ­րի­նա­չա­փու­թիւն մը կու տայ ­Թուր­քիոյ մէջ հայ­կա­կան ա­րեան գո­յու­թեան մա­սին, որ  հա­ւա­նա­բար բռնի  ա­մուս­նու­թիւն­նե­րու ար­դիւնքն էր հայ ի­գա­կան սե­ռին պատ­կա­նող հա­յե­րու պա­րա­գա­յին՝ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նակ։ Բ­ժիշկ ­Սե­ւակ Ա­ւա­գեան, որ յայտ­նի եւ հա­նա­րա­ծա­նօթ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն է նաեւ Հ.Օ.Մ.-ի ըն­տա­նի­քէն ներս, քա­նի ան եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր Հ.Օ.Մ.-ի Ա­խու­րեա­նի մօր ման­կանց ծննդա­տան գոր­ծա­դիր տնօ­րէնն է, ներ­կա­յա­ցուց  յա­ջո­ղու­թեան եւ հա­մաշ­խար­հա­յին ճա­նա­չե­լիու­թիւն վա­յե­լող փոխ­պա­տո­ւաստ­ման ծրա­գի­րի ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը եւ ար­հես­տա­գի­տա­կան մա­սը։ Ն­շեց ծրա­գի­րին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, որ­պես DNA-ի տո­ւեալ­նե­րու պա­շար՝ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի զի­նո­ւած ու­ժե­րուն հա­մար, քա­նի որ հայ զի­նո­ւորն ու սպան պէտք է ծա­րա­յեն քա­ղա­քա­ցիին եւ ի­րենց կող­քի զի­նո­ւո­րին։ ­Գե­ղե­ցիկ զու­գա­դի­պու­թիւն մը ե­ղաւ սոյն ձեռ­նար­կին 8 հայ յա­տուկ ջո­կա­տա­յին­նե­րու ա­նակն­կալ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, ո­րոնք քա­նի մը ա­մի­սով ժա­մա­նած են ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տան, զի­նո­ւո­րա­կան վե­րա­պատ­րաստ­ման հա­մար։ Ե­րի­տա­սարդ զի­նո­ւո­րա­կան­նե­րը եւ այլ տե­ղա­ցի հայ­րե­նա­կից­ներ ե­լոյ­թէն ան­մի­ջա­պէս ետք լրա­ցու­ցին ի­րենց տո­ւեալ­նե­րը եւ ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցան  որ­պէս ոսկ­րա­ծու­ծի նո­ւի­րա­տու։
Ե­լոյ­թին ներ­կայ ե­ղան շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, Հ.Յ.Դ. ­Կեդր. ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ան­դա­մը, ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի եւ միու­թիւն­նե­րու ան­դամ­ներ, ինչ­պէս նաեւ թե­սա­ղո­նի­կա­հայ հայ­րե­նա­կից­ներ, ո­րոնք գնա­հա­տե­ցին կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տան­քը։