­Դոկտ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«­Խօս­քը կը թռչի, բայց գի­րը կը մնայ»։

­Լա­տին փի­լի­սո­փա­յու­թիւ­նը կը հա­ւա­տար (եւ ար­ժա­նա­ւոր ձե­ւով), թէ գի­րը իր տպա­գիր ձե­ւին մէջ է, որ կը մնայ։ Եւ մնա­լը սոսկ գո­յու­թեան հա­մար չէ։ Այլ՝ ֆի­զի­քա­կա­նէն ան­դին՝ պատ­գա­մը պա­հե­լու գի­տակ­ցու­թեան մէջ։ ­Պատ­գա­մը՝ որ կը կեր­տէ ֆի­զի­քա­կան գո­յու­թիւ­նը, բայց նաեւ ի­մա­ցա­կան ու հո­գեմ­տա­ւոր եւ ան­հա­տին ու հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րը փո­խան­ցե­լու կա­րե­ւոր հրա­մա­յա­կա­նո­վը։
Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը, Ան­թի­լիա­սի հայ գիր­քի ե­րե­սուն եւ եօթ­նե­րորդ ցու­ցա­հան­դէ­սը, 30 ­Հոկ­տեմ­բեր 2016ին, նո­ւի­րեց հա­յե­րէն Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի տպագ­րու­թեան ե­րեք հա­րիւր եւ յի­սուն ա­մեա­կին։ Ո­րով­հե­տեւ — ինչ­պէս ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը կը վկա­յէ — Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չը Աս­տու­ծոյ յայտ­նու­թիւնն է՝ իւ­րա­յա­տուկ, սուրբ եւ ամ­բող­ջա­կան ար­ժէ­քը քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քին։ Եւ այս ի­րա­կա­նու­թե­նէն մեկ­նե­լով՝ ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը ա­ռաջ­նա­հերթ կը նկա­տէ, թէ Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չը պէտք է ներ­մու­ծել հա­ւա­քա­կա­նու­թեան կեան­քին մէջ՝ նպա­տակ ու­նե­նա­լով նոյն այս կեան­քե­րուն տալ յա­ռաջ­խա­ղացք, փո­խե­լով զա­նոնք (կեան­քե­րը) ար­ժէ­քի հաս­կա­ցո­ղու­թեան մէջ եւ ա­նոր հա­մար։
Եւ այս «ներ­մու­ծե­լը» ի­րա­կա­նա­ցաւ ու, տա­կա­ւին, խօս­քէն ան­ցաւ գի­րին՝ ի­մա՛ Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի տպագ­րու­թեամբ, ուր գի­րը յա­ւեր­ժա­ցաւ, ինչ որ Ոս­կան ­Վար­դա­պե­տի տե­սիլ­քին ար­գա­սիքն էր։
­Գաղ­թա­կա­նի զա­ւակ՝ ծնող­քը ­Շահ-Ա­բա­սի ժա­մա­նակ Ե­րե­ւա­նէն տե­ղա­հա­նո­ւած էր ու Ս­պա­հան, ­Նոր ­Ջու­ղա հաս­տա­տո­ւած։ Ոս­կան ծնած էր 1614 թո­ւա­կա­նին, հայ­րե­նի հո­ղէն հե­ռու՝ ­Նոր ­Ջու­ղա­յի մէջ։ Եւ ան կրցաւ ու­նե­նալ ե­րա­զը եւ զայն ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար տե­սիլ­քը, թէ իր հո­ղէն հե­ռու ապ­րող հա­յը պէտք է շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ։ Եւ այդ ապ­րե­լուն մէջ պէտք էր պատ­գա­մը ու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը նոյն այդ պատ­գա­մը ներ­մու­ծե­լու հա­յուն հա­ւա­քա­կան կեան­քե­րուն մէջ։
Ե­թէ Ոս­կան ­Վար­դա­պե­տի կեան­քը ստա­ցաւ տար­բեր հեւք, ո­րով­հե­տեւ ան կրցաւ տես­նել, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դին ապ­րե­լու հրա­մա­յա­կա­նին հա­մար պէտք էր հա­յե­րէն Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չին տպագ­րու­թիւ­նը։ Ան ա­ռանց յու­սա­հա­տե­լու ան­դա­դար թա­փա­ռե­ցաւ, բայց նաեւ տա­ռա­պե­ցաւ եւ իր ե­րա­զին տո­ւաւ տե­սիլք, բայց նոյն այդ տե­սիլ­քը ի­րա­կա­նա­ցուց 1666էն մին­չեւ 1668 տա­րի­նե­րուն, երբ հա­յը ու­նե­ցաւ տպա­գիր ա­ռա­ջին հա­յե­րէն Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չը՝ տպո­ւած Ամս­թեր­տա­մի մէջ իր իսկ ձեռ­քով։
Եւ ա­հա՛ պատ­գա­մը ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տին.- «Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չը տպագ­րե­լով՝ Ոս­կան ­Վար­դա­պետ սոսկ տպագ­րա­կան մար­զին մէջ կա­րե­ւոր ի­րա­գոր­ծում մը չէր կա­տա­րեր, ա­նոր հիմ­նա­կան նպա­տա­կը մեր ժո­ղո­վուր­դը հրա­ւի­րել էր՝ Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չը կար­դա­լէն ու ճանչ­նա­լէն ան­դին՝ զայն ապ­րե­լու»։ ­Հոս կը կա­յա­նայ խո­րունկ ի­մաս­տը Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի տպագ­րու­թեան։
Եւ ի­րա­ւա­ցի է պատ­մա­բան ­Լէո­յի սքան­չա­ցու­մի վկա­յու­թիւ­նը.- «Ոս­կան ­Վար­դա­պետ օ­տար հո­ղի վրայ գոր­ծե­լով հան­դերձ եւ նկա­տի ու­նե­նա­լով այդ օ­րե­րու տպագ­րու­թեան գոր­ծի հան­գա­մանք­նե­րը՝ կա­րե­լի չէ չզար­մա­նալ այդ տպագ­րու­թեան վրայ»։
Ե­թէ ­Մով­սէս ­Մար­գա­րէն ­Սի­նա­յի բարձ­րուն­քին վրայ իր ժո­ղո­վուր­դին սե­փա­կա­նու­թիւ­նը դար­ձուց երկ­նա­յին օ­րէն­քին տախ­տակ­նե­րը, ինչ որ զարկ տո­ւաւ Եբ­րա­յա­կան գրա­կա­նու­թեան, ­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չը հա­յա­ցուց։ Իսկ Ոս­կան ­Վար­դա­պետ զայն ժո­ղո­վուր­դին սե­փա­կա­նու­թիւ­նը դար­ձուց եւ այդ­պի­սով հայ գի­րի նկատ­մամբ նաեւ սէր ներ­մու­ծեց հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ։
­Բայց կայ տա­կա­ւին Ոս­կան ­Վար­դա­պե­տի ե­րա­զին եւ տե­սիլ­քին խոր­քա­յին տո­ւեալ­նե­րը։ ­Թէ ին­չո՞ւ եւ ի՞նչ բա­նի հա­մար էր Ոս­կան ­Վար­դա­պե­տի մղու­մը Աս­տուա­ծա­շուն­չը ժո­ղո­վուր­դին սե­փա­կա­նու­թիւ­նը դարձ­նե­լու հեւ­քին մէջ։
Ա­րամ ­Վե­հա­փա­ռը ու­նի պա­տաս­խա­նը.- «­Հո­գե­ւոր Արթ­նու­թիւն»։
Եւ հո­գե­ւոր արթ­նու­թիւ­նը պէտք չէ սահ­մա­նա­փա­կել այս­պէս ը­սած իր կրօ­նա­կան-քրիս­տո­նէա­կան տե­սա­դաշ­տով միայն։ Ո­րով­հե­տեւ Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը հա­մա­պար­փակ է։ ­Հա­մա­պար­փակ, ո­րով­հե­տեւ Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չը եւ ա­նոր դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը ե­թէ մէկ կող­մէ կը կամր­ջեն ան­հա­տը իր ապ­րած կա­ռոյց(նե­րուն) հետ եւ ա­նոր նկատ­մամբ տա­ծած հե­տաքրք­րու­թեան, բայց նաեւ կը փոր­ձեն տալ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն մը ան­հա­տին ապ­րած ու ապ­րե­լիք ի­րա­դար­ձու­թիւն-ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րուն եւ ձգտե­լի ու հա­սա­նե­լի ար­ժէք­նե­րուն մի­ջեւ եւ ա­նոնց հետ, ու զա­նոնք կի­րար­կե­լու հա­մար ստեղ­ծո­ւած եւ ստեղ­ծե­լի մի­ջո­ցա­ռում­նե­րուն։
Այս հա­մա­պար­փակ դաս­տիա­րա­կու­թեան միջո­ցաւ է, որ ան­հա­տը կը շի­նէ եւ կը վե­րա­շի­նէ իր հա­ւա­տամք­նե­րը եւ ա­նոնց մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րը, ուր հա­ւա­քա­կա­նու­թեան կեան­քե­րուն հա­մար կու­տայ հա­սա­րա­կա­կան նշա­նա­կու­թիւն­ներ եւ զա­նոնք կի­րար­կե­լու հա­մար հա­մա­կերպ­ման մի­ջո­ցա­ռում­ներ։
Այս հա­մա­կերպ­ման մի­ջո­ցա­ռում­նե­րով եւ հա­սա­րա­կա­կան նշա­նա­կու­թիւն­նե­րով է, որ մար­դիկ եւ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­ներ կը շա­րու­նա­կեն ապ­րիլ՝ ի­րենց կեան­քե­րուն տա­լով նոր եւ նո­րո­գո­ւող լիցք։ Եւ այս նոր լից­քով է, որ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­ներ կ­՚ար­ձա­նագ­րեն յա­ռաջ­խա­ղացք։
­Դար­ձեալ ­Լէոն է.- «Ոս­կա­նը զոհ էր։ ­Զոհ՝ իր զար­մա­նա­լի ե­ռան­դին»։ ­Բայց պէտք չէ մտա­հան ը­նել, թէ այս զո­հի ինք­նա­գի­տակ­ցու­թիւ­նը մխտեց զինք՝ իր ե­րա­զը եւ տե­սիլ­քը ի­րա­կա­նաց­նե­լու։ Եւ ի­րա­կա­նաց­նե­լու մէջ կար հա­ւատ­քը՝ Ոս­կան ­Վար­դա­պե­տին, որ ե­րեք հա­րիւր եւ յի­սուն տա­րի­ներ ա­ռաջ հա­ւա­տաց, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դը պէտք է շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ միշտ նոր ու նո­րո­գո­ւող լից­քով՝ հաս­նե­լու հա­մար մին­չեւ այ­սօ­րը ու տա­կա­ւին ա­ւե­լին…։
­Նոր լից­քը կա­րե­ւոր է, որ­պէս­զի հա­յուն կեան­քը չլճա­նայ ժա­մա­նա­կի սլաց­քին հետ, այլ՝ յա­ռաջ­խա­ղացք ար­ձա­նագ­րէ։
Ոս­կան ­Վար­դա­պե­տին տե­սիլ­քը՝ ­Հա­յուն հա­մար է։ Որ­պէս­զի հա­յը իր կեան­քը ապ­րի եւ շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ նոր լից­քի այս տես­լա­կա­նով եւ ա­նոր հա­մար։

Օգ­տա­գոր­ծո­ւած աղ­բիւր­ներ՝
Aram I, Taking the Church to the People (Beirut: Armenian Catholicosate of Cilicia, 2011)։
Paul Kybird, Using the Bible in Adult Christian Education, JATE 3, no. 1 (2006)։
Joseph Crockett, Engaging Scripture in Everyday Situations: An Interactive Perspective that Examines Psychological and Social Processes of Individuals as They Engage Scripture Texts (London: Equinox Publishing, 2005)։
­Լէօ,«­Հայ­կա­կան Տ­պագ­րու­թիւն», ­Թիֆ­լիս, 1904։
­Ներ­սէս Արք. ­Պո­զա­պա­լեան, «Ոս­կան ­Վար­դա­պետ Ե­րե­ւան­ցի», «Էջ­միա­ծին» Ամ­սա­գիր, Ս. Էջ­միա­ծին, 1966։