Հռիփսիմէ Յարութիւնեան
Ուշադրութիւնս գրաւեց առաջին նկարը։ Ցուցարար կիներու շարքին մէկ երիտասարդ աղջիկ, խիստ դէմքով ու անվախ նայուածքով։ Ան կանգնած է զինուորի մը առջեւ, զայրոյթը աչքին…
Եւ յետոյ սկսայ դիտել համացանցի լուրերու բաժնին մէջ, աշխարհի բոլոր ցամաքամասներուն վրայ ընթացած ու ընթացող բողոքի ցոյցերէն նկարներ, ուր կիներ՝ խիզախօրէն կը կանգնին ոստիկանական ու զինուորական ապահովական ուժերուն առջեւ, արտայայտելով իրենց բարկութիւնն ու ցասումը։ Անոնք պահանջներ կը ներկայացնեն աւելի արդար համաշխարհային ընկերութեան մը համար։
Տեսական մօտեցումները տարբեր ելակէտ կրնան ունենալ, առաջարկուող լուծումներն ալ կրնան իրարու շատ տարբեր ըլլալ, այնուամենայնիւ կիներմէ ուժականութիւնն ու խիզախութիւնը մէկ է ու անառարկելի։
Քուէի իրաւունք, սեքսիզմ, աշխատանքի վայրերէ ներս հաւասար վճարում, բռնութիւն, ափարթհայտ, ցեղապաշտութիւն, կրթական մակարդակի բարձրացում, քաղաքական կեանքի մէջ մասնակցութիւն, հաւասարութիւն… Շատ ու շատ են պահանջները, որ առիթ կուտան կիներուն համախմբուելու եւ աշխուժանալու։
Ամէնէն սրտաճմլիկը սակայն իրենց զաւակները փնտռող մայրերու ցոյցերն են։ Կարճ ժամանակ առաջ էր, երբ տեսանք Պոլսոյ մէջ 1995էն ի վեր ամէն Շաբաթ օր կազմակերպուող ցոյցի պատկերներուն։ Ցուցարարները՝ մայրեր, որոնք կը բողոքեն, իրենց անյայտ կորսուած զաւակներուն բախտը իմանալու պահանջով։ Եւ յանցագործները յայտնաբերելու պահանջով։
Պոլսոյ մէջ Օգոստոսի վերջաւորութեան Շաբաթ օրը կատարուած ցոյցը, իր կարգին 700րդ էր, որը սակայն սովորական խաղաղ մթնոլորտով չընթացաւ, երբ ոստիկանութիւնը փորձեց ձերբակալել Հրանդ Տինքի զաւակը եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը, ինչպէս նաեւ իրենց կողքին գտնուած այլ պատգամաւորներ եւս։ Այս լուրը, որ արագօրէն տարածուեցաւ, անգամ մը եւս լոյս սփռեց աշխարհի մէջ պայքար տանող մայրերու պահանջներուն վրայ։
Պոլսոյ մայրերու պատմութիւնը շատ տարբեր չէ Նիքարակուայի, կամ Չիլէի, կամ Արժանթինի «Փլազա տէ Մայօ»ի մայրերէն, ոչ ալ Կիպրոսի սեւազգեստ եւ գլուխը ծածկուած մայրերէն, որոնք 1974էն անյայտացած իրենց զաւակներուն բախտով կը տանջուին։
Բոլոր անոնք մայրեր են, որոնք իրենց զաւակներուն համար ապահով ու արդար կեանք մը կ’ակնկալէին, բայց անոր փոխարէն՝ սարսափ ու տառապանք ապրեցան։ Ոչ քաղաքական դէմքեր, որ ծայր աստիճան քաղաքական պայքար կը մղեն, հաստատ հաւատքով ու անընդհատ կիրքով։ Այսպիսի պայքար մը, շատ աւելի ազդու է եւ իրական, քաղաքական շրջանակներու մղած պայքարներէն, որ թուղթերու վրայ եւ սեղաններու շուրջ շատախօսութեամբ կը տարուին։ Մայրերը զօրաւոր եւ անսպասելի ուժ կը ցուցաբերեն, որ շատ անգամներ կը հակասէ ընկերութեան կողմէ սահմանուած մայրութեան աւանդական սահմանափակումներուն։ Նման շարժումներու ձգած ժառանգութեան եւ պատգամներուն վրայ խարսխուած են կնոջական կազմակերպութեանց ու մարդոց իրաւունքներուն համար պայքարող խումբերու խորհրդանիշներն ու գաղափարները։
Մայրերը, մեծ մայրերը, կողակիցները՝ յստակօրէն ճշդուած դերեր ունին ընկերութիւններուն մէջ։ Իրենց բուն նպատակը շատ ճշգրիտ է՝ պաշտպանել ու խնամել։ Պաշտպանութեան այս զօրաւոր իղձն է, որ մղիչ ուժը կը դառնայ կիներուն։ Պաշտպանել հայրենիք, պաշտպանել ընտանիք, պաշտպանել զաւակը։ Եւ այս պաշտպանելու մղձաւանջէն է, որ մայրերու կիրքը վառ կը պահուի, աւելի արդար ու աւելի ապահով ընկերութիւններ ստեղծելու նպատակով։