­Մէկ շա­բաթ է, որ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի կա­ռոյ­ցը հրա­պա­րա­կած է ­Հայ օգ­նու­թեան միու­թեան (Հ.Օ.Մ.) բո­ղոք նա­մա­կը ուղ­ղո­ւած ­Հա­յաս­տա­նի Ա.Գ.Ն.-ին եւ Ա.Ի.Ն.-ին՝ կա­պո­ւած այն բա­նի հետ, որ պա­տե­րազ­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք ­Հա­յաս­տան ու­ղար­կո­ւած 5 թոն օգ­նու­թիւ­նը դեռ «­Զո­ւարթ­նոց»-ի մաք­սա­տան մէջ է, եւ դեռ ո­րե­ւէ տե­ղե­կու­թիւն չու­նինք այդ օգ­նու­թեան ճա­կա­տագ­րէն: Այս մա­սին, ըստ «News.am»-ի, ի­րենց հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին նշած է ­Հայ օգ­նու­թեան միու­թեան ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ­Լի­զա Ա­ւա­գեան:
Ան նկա­րագ­րած է, թէ ինչ­պէս տե­ղի ու­նե­ցած է ա­մէն բան՝ նշե­լով. «­Պա­տե­րազ­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք, ինչ­պէս Ս­փիւռ­քի բո­լոր հա­մայնք­նե­րը, մենք եւս ան­մի­ջա­պէս մեր ջան­քե­րը ներդ­րինք, որ օգ­նու­թիւն ու­ղար­կենք ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին, ինչ­պէս նաեւ մեր զի­նո­ւոր­նե­րուն, բա­նա­կին:
2021-ի ­Յու­նո­ւա­րին ­Յու­նաս­տա­նի պե­տու­թեան կող­մէ մե­զի տրա­մադ­րո­ւած եր­կու օ­դա­նա­ւե­րով 40 թոն ապ­րանք էր: Ա­նոր 35 թո­նը մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան հաս­ցէա­տէ­րը ­Հա­յաս­տա­նի ­Հայ օգ­նու­թեան Միութիւնն էր, որ մէկ ա­միս ետք միայն կրցաւ դուրս բե­րել ապ­րանք­նե­րը մաք­սա­տու­նէն, ո­րով­հե­տեւ բա­ւա­կան մեծ գու­մար պէտք ե­ղաւ վճա­րե­լու, թէեւ ա­տի­կա մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւն էր:
Իսկ ա­հա մօ­տա­ւո­րա­պէս 5 թոն ապ­րան­քը, որ նա­խա­տե­սո­ւած էր զի­նո­ւոր­նե­րու եւ բա­նա­կի հա­մար՝ յե­նակ­ներ, դե­ղո­րայք, սայ­լակ­ներ, այ­րո­ւած­քի դե­ղեր, ո­րոնք շատ թան­կար­ժէք ապ­րանք­ներ էին, մինչ օրս մնա­ցած են «­Զո­ւարթ­նոց» օ­դա­կա­յա­նի մաք­սա­տան պա­հես­տին մէջ»:
­Լի­զա Ա­ւա­գեա­նի խօս­քով, ի­րենք մին­չեւ վեր­ջերս վստահ ե­ղած են, որ ապ­րանք­նե­րը հա­սած են բա­նա­կին, քա­նի որ գրա­ւոր ի­րենց տե­ղե­կա­ցու­ցած էին այդ մա­սին:
«­Յան­կարծ, 27 ­Յու­նո­ւար 2022-ին, «­Զո­ւարթ­նոց»-ի մաք­սա­տու­նէն գրա­ւոր տե­ղե­կա­ցանք, որ այդ ապ­րանք­նե­րը, որ հաս­ցէագ­րո­ւած էին Ա.Ի.Ն.-ին, դեռ պա­հես­տի մէջ են, տեղ չեն հա­սած: ­Մենք շատ նե­ղո­ւե­ցանք, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք շատ թան­կար­ժէք եւ այդ ժա­մա­նակ շատ կա­րե­ւոր ապ­րանք­ներ էին, ո­րոնք մենք դժո­ւա­րու­թեամբ կրցած էինք ու­ղար­կել:
­Մենք տե­ղեակ պա­հե­ցինք ­Յու­նաս­տա­նի մէջ Հ.Հ. դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նը ի­րա­վի­ճա­կին մա­սին, 6 ­Փետ­րո­ւա­րին հան­դի­պե­ցանք ա­նոր, յանձ­նե­ցինք մեր բո­ղո­քի նա­մա­կը: ­Մենք կը պա­հան­ջէինք, որ այդ­քան ու­շա­ցու­մով ապ­րանք­նե­րը հաս­նին բա­նա­կին: ­Դես­պա­նը ինքն ալ շատ զար­մա­ցաւ եւ վատ զգաց այս կա­ցու­թեան հա­մար: ­Դես­պա­նը խոս­տա­ցաւ յա­ջորդ օրն իսկ զբա­ղիլ այդ հար­ցով: ­Մօ­տա­ւո­րա­պէս մէկ շա­բաթ սպա­սե­ցինք, դես­պա­նը մե­զի հե­ռա­խօ­սով յայտ­նեց, որ ինքն ալ դեռ լուր չու­նի նա­խա­րա­րու­թե­նէն:
­Մենք նաեւ դես­պա­նին ը­սած էինք, որ ե­թէ պա­տաս­խան չու­նե­նանք, մենք մե­զի ի­րա­ւունք կը վե­րա­պա­հենք հրա­պա­րա­կայ­նաց­նե­լու այս ա­մէ­նը: Երբ տե­սանք, որ ա­նե­լա­նե­լի ի­րա­վի­ճա­կի մէջ ենք, ապ­րանք­ներն ալ կը շա­րու­նա­կեն մնալ մաք­սա­տան պա­հես­տին մէջ, հրա­պա­րա­կե­ցինք մեր բո­ղո­քի նա­մա­կը», ը­սած է ան։
­Լի­զա Ա­ւա­գեա­ն հա­մո­զո­ւած է, որ Ա.Ի.Ն.-ի մէջ շատ լաւ տե­ղեակ են այս պատ­մու­թեան մա­սին, քա­նի որ ստո­րագ­րած էր, որ պի­տի ստա­նայ այդ ապ­րանք­նե­րը. «­Մենք մաք­սա­տու­նէն ի­մա­ցանք, որ ե­րեք ան­գամ պաշ­տօ­նեա­ներ գա­ցած են՝ քննե­լու այդ ապ­րանք­նե­րը, սա­կայն ո­րե­ւէ քայլ չեն ը­րած այդ ապ­րանք­նե­րը մաք­սա­տու­նէն դուրս բե­րե­լու եւ զի­նո­ւոր­նե­րուն հասց­նե­լու հա­մար»: