ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

­Գի­տեմ, որ ը­սե­լիքս նո­րու­թիւն չէ, բայց վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը ստի­պե­ցին զիս ան­գամ մը եւս, ինչ­պէս ա­րա­բա­կան ա­սա­ցո­ւած­քը կ’ը­սէ, «կէ­տե­րը տա­ռե­րուն վրայ դնել»ու, այ­սինքն՝ ա­մէն ինչ ճիշդ ներ­կա­յաց­նե­լու՝ բնա­կա­նա­բար իմ տե­սան­կիւ­նէս։
­Նախ ի­րա­տե­սա­կան չէ, որ իր գիր­կին մէջ ապ­րած ժո­ղո­վուր­դը նման պայ­ման­նե­րու մէջ պա­հող պե­տու­թիւն մը հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան ծրա­գիր մշա­կէ, ո­րով­հե­տեւ այդ ծրա­գի­րը կ’են­թադ­րէ լաւ պայ­ման­ներ (եր­կի­րը շատ լաւ պայ­ման­նե­րու հնա­րա­ւո­րու­թիւն չու­նի) ստեղ­ծել ծրագ­րի ծի­րէն ներս ­Հա­յաս­տան ե­կող հա­յե­րուն, այ­սինքն՝ ա­նոնք պի­տի գե­րա­դա­սո­ւին գիւ­ղի սահ­ման­նե­րը կեան­քի գնով պա­հող ու խեղճ կեան­քով ապ­րող գիւ­ղա­ցի­նե­րէն, զի­նո­ւոր­նե­րու ծնող­նե­րէն, ա­ւե­լի շուտ՝ ­Հա­յաս­տան վե­րա­դար­ձած հա­յե­րէն եւ հա­ւա­նա­բար նոյ­նիսկ պա­տե­րազ­մի պատ­ճա­ռով հինգ տա­րի ա­ռաջ կամ ա­ւե­լի ուշ ­Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խո­ւած սու­րիա­հա­յե­րէն (նա­յած հայ­րե­նա­դարձ հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը ծրագ­րի ծի­րէն ներս ինչ սահ­մա­նում կ’ու­նե­նայ), այս պա­րա­գա­յին ծրա­գի­րը կը դառ­նայ պա­ռակտ­ման խթա­նիչ ուժ։
Ոե­ւէ մէ­կը մե­ղադ­րե­լու ո՛չ մտադ­րու­թիւն ու­նիմ, ո՛չ ալ ի­րա­ւունք, սա­կայն ի­րա­կան փաս­տե­րը ներ­կա­յաց­նե­լու ի­րա­ւա­սու­թիւ­նը ան­կաս­կա՛ծ ու­նիմ.
­Պա­ռակտ­ման վառ օ­րի­նա­կը սու­րիա­հա­յե­րու հա­մար ստեղ­ծո­ւած պայ­ման­ներն են. սու­րիա­հայ ու­սա­նող­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ հա­մալսա­րան յա­ճա­խե­լու հա­մար ստա­ցան 60-70 տո­կոս հա­տուց­ման ի­րա­ւունք (գնա­հա­տե­լի եւ ող­ջու­նե­լի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն՝ Հ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ ­Գա­լուստ ­Կիլ­պէն­կեան հիմ­նադ­րա­մին կող­մէ) հա­կա­ռակ ա­նոր, որ սու­րիա­հայ տղա­նե­րու բա­ցար­ձակ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը քա­ղա­քա­ցիու­թեան չէ դի­մած՝ հա­յոց բա­նա­կին չծա­ռա­յե­լու հա­մար, իսկ բա­զում հա­յաս­տան­ցի տա­ղան­դա­ւոր ու­սա­նող­ներ ուս­ման վար­ձը վճա­րե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն չու­նե­նա­լու պատ­ճա­ռով՝ կը զրկո­ւին բարձ­րա­գոյն կրթու­թիւն ստա­նա­լէ եւ շատ ան­գամ հա­յոց բա­նա­կին ծա­ռա­յե­լէն ետք ու­սու­մը չեն շա­րու­նա­կեր։
Եւ­րո­պա եր­թա­լու նպա­տա­կով ­Հա­յաս­տան հա­սած ու Եւ­րո­պա հաս­նե­լէն ետք, հա­յաս­տա­նեան անձ­նա­գի­րէն հրա­ժա­րած բա­զում սու­րիա­հա­յեր, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, օգ­տո­ւե­ցան ի­րենց հա­մար ստեղ­ծո­ւած ա­ռող­ջա­կան խնդիր­նե­րը լու­ծե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն՝ ընդ­հուպ սիր­տի եւ աչ­քի վի­րա­հա­տու­թիւն­ներ, ո­րոնց մա­սին հա­յաս­տան­ցի գիւ­ղա­ցին եւ ոչ միայն գիւ­ղա­ցին, յա­ճախ նոյ­նիսկ պա­տե­րազ­մին վնա­սո­ւած զի­նո­ւորն ու զո­հո­ւած զի­նո­ւո­րի ըն­տա­նի­քը չեն կրնար ան­գամ ե­րա­զել, եւ բա­զում այլ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ՝ տան վարձ­քի եւ սննդամ­թեր­քի յա­ճա­խա­կի ա­պա­հո­վում եւ այլն։ Այս բո­լո­րը պատ­ճառ դար­ձան, որ հա­յաս­տան­ցին պոռթ­կայ եւ պոռթ­կա­լու ի­րա­ւունք ալ ու­նի, բայց ո՛չ թէ սու­րիա­հա­յուն դէմ՝ այլ այն պե­տու­թեան, որ հա­ւա­սար պայ­ման­ներ եւ ար­ժա­նա­վա­յել կեանք չ­՝ա­պա­հո­վեր բո­լոր հա­յե­րուն հա­մար։
­Միւս կող­մէ՝ կան նաեւ վի­րա­ւո­րա­կան ե­րե­ւոյթ­ներ սփիւռ­քա­հա­յե­րուն հա­մար։
­Շա­րու­նա­կե­լով սու­րիա­հա­յե­րու մա­սին խօսքս՝ նշեմ, որ ­Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մը սկսե­լէն մէկ եր­կու տա­րի ա­ռաջ (բայց ըստ ե­րե­ւոյ­թին շա­տե­րը հո­տը ա­ռած էին կամ պար­զա­պէս ցան­կու­թիւն կար ­Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խո­ւե­լու), ­Հա­լէ­պի հայ հա­մայն­քէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ի­րենց ա­ռա­ջար­կով հա­սան Հ.Հ. նա­խա­գա­հին, ա­նոնք կ’ու­զէին Ե­րե­ւա­նի ծայ­րա­մա­սե­րէն մէ­կուն մէջ պե­տա­կան գի­նով տա­րածք տրա­մադ­րո­ւի ի­րենց, որ­պէս­զի հա­մայն­քը իր մի­ջոց­նե­րով եւ ­Հա­լէ­պի օ­րի­նա­կով ազ­գա­յին շէն­քեր կա­ռու­ցէ եւ զա­նոնք ա­ռանց շա­հոյ­թի եւ մաս­նավ­ճա­րով տրա­մադ­րէ սու­րիա­հայ այն ըն­տա­նիք­նե­րուն, ո­րոնք ­Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խո­ւե­լու ցան­կու­թիւն ու­նին։ Ծ­րագ­րի նպա­տակն էր, ա­ռա­ւե­լա­գոյն նպաս­տա­ւոր պայ­ման­նե­րու մէջ, հա­մայն­քին ար­ժէք­նե­րը (նե­րա­ռեալ՝ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւան­դու­մը) ­Հա­յաս­տա­նի մէջ պահ­պա­նե­լը։ Ա­ռա­ջար­կը մեր­ժո­ւե­ցաւ, հա­ւա­նա­բար նոյն տա­րածք­նե­րը «անհ­րա­ժեշտ» էին շքեղ ա­ռանձ­նա­տու­ներ կա­ռու­ցե­լու հա­մար։
— Ե­թէ ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի չես, հայ ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը չ’օգ­ներ քե­զի, բժշկու­թեան հա­մար պէտք է վճա­րես կրկնա­կի կամ ե­ռա­կի — չա­փը տնօ­րի­նե­լու ի­րա­ւունք ու­նի տուեալ բժշկա­կան կեդ­րո­նը, ո­րուն վստա­հած է սփիւռ­քա­հայ հի­ւան­դը։ ­Ժա­մա­նա­կին ես ալ ե­ռա­կի վճա­րե­լու խնդիր ու­նե­ցայ, բայց երբ հի­ւան­դա­նո­ցի տնօ­րէ­նին հար­ցու­ցի, իսկ եզ­տի­նե­րէն ինչ­քա՞ն կը գան­ձէք, ան քիչ մը այ­լայ­լո­ւած ը­սաւ, բայց ի­րենք Հ.Հ. քա­ղա­քա­ցի են, ը­սի՝ ես կը յար­գեմ բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րը անխտիր, բայց ես ալ հայ եմ եւ լրագ­րող, ուս­տի տնօ­րէ­նը ո­րո­շեց, յատ­կա­պէ՛ս լրագ­րող ըլ­լա­լուս հա­մար, քա­ղա­քա­ցի հա­մա­րել զիս եւ գու­մա­րը չա­ւել­ցուց։ Այ­սինքն՝ հա­յը ե­թէ ու­զէ, կրնայ հա­յուն նա­յիլ հա­յու աչ­քե­րով։ ­Վեր­ջերս նաեւ ­Գեր­մա­նիա­յէն բուժ­ման հա­մար ­Հա­յաս­տան ե­կած հա­րա­զատ­նե­րէս ե­րի­տա­սարդ մը, իր հի­ւան­դու­թեան ախ­տո­րոշ­ման հա­մար մեծ գու­մար վճա­րեց, երբ հարց տո­ւաւ, թէ տե­ղա­ցի­նե­րը ինչ­պէ՞ս կրնան այդ­քան վճա­րել, ա­նոր բա­ցատ­րե­ցին, որ ինք քա­ղա­քա­ցի չէ, ա­նոր հա­մար ե­ռա­կի պի­տի վճա­րէ, ինք ալ տխրե­ցաւ, որ ի­րեն հա­յու աչ­քե­րով չնա­յե­ցան, ու գնաց….
— Ե­թէ քա­ղա­քա­ցիու­թիւն չու­նիս եւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ գործ բա­ցած ես, 10% ա­ւե­լի շատ ե­կամ­տա­հարկ կը վճա­րես, քան քա­ղա­քա­ցիու­թիւն ու­նե­ցո­ղը, նոյ­նիսկ ե­թէ բա­զում քա­ղա­քա­ցի­նե­րու հա­մար քու ներդ­րու­մովդ գործ կը հայ­թայ­թես տե­ղա­ցի­նե­րուն։ ­Մինչ­դեռ ո­րոշ եր­կիր­նե­րու մէջ (օ­րի­նակ՝ ­Գեր­մա­նիա), ե­թէ օ­տա­րերկ­րա­ցին քա­ղաքա­ցի­նե­րու սահ­մա­նո­ւած քա­նա­կի մը հա­մար (օ­րի­նակ 50 հո­գիի) աշ­խա­տանք ստեղ­ծէ՝ բո­լո­րո­վին կ’ա­զա­տո­ւի տուրք վճա­րե­լու պար­տա­ւո­րու­թե­նէն։ ­Վեր­ջերս Հ.Հ. վար­չա­պե­տին Ի­րան այ­ցի օ­րե­րուն, տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քին հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ, երբ այս խնդի­րը բարձ­րա­ցո­ւած է, վար­չա­պե­տը յայտ­նած է- ինչ որ Հ.Հ. հար­կա­յին օ­րէնս­գիր­քին մէջ բա­ռա­ցիօ­րէն գրուած է.- «Օ­տա­րերկ­րեայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րի եւ քա­ղա­քա­ցիու­թիւն չու­նե­ցող ան­ձանց ստա­ցած շա­հա­բա­ժին­նե­րի մա­սով ե­կամ­տա­յին հար­կը հա­շո­ւարկ­ւում է 10% դրոյ­քա­չա­փով»։
— Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան միջ­նոր­դու­թեամբ՝ յատ­կա­պէս սու­րիա­հա­յե­րու եւ ընդ­հան­րա­պէս սփիւռ­քա­հա­յե­րու հա­մար ի­րա­կա­նա­ցո­ւած կա­րե­ւոր ներդ­րում­նե­րէն մէ­կը, հա­մալ­սա­րան­նե­րու մէկ մա­սին սփիւռ­քա­հայ ու­սա­նող­նե­րու հա­մար հա­ւա­սար վար­ձավ­ճար սահ­մա­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւնն է, բայց Ե.Պ.Հ. հա­մալ­սա­րան­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս Բժշ­կա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ա­նոնք կը շա­րու­նա­կեն վճա­րել շատ ա­ւե­լին, քան՝ տե­ղա­ցին։
­Հե­տե­ւա­բար, ո՛չ թէ հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան ծրա­գիր պէտք է մշա­կել, այլ հա­ւա­սար պայ­ման­ներ պէտք է ստեղ­ծել ողջ հա­յու­թեան հա­մար՝ խու­սա­փե­լու սպա­սո­ւած պա­ռակ­տում­նե­րէն։
­Հա­յաս­տա­նի մէջ բո­լոր հա­յե­րուն հա­մար ա­մե­նա­կա­րե­ւոր խնդի­րը նպաս­տա­ւոր պայ­ման­նե­րու մէջ նոր աշ­խա­տանք ստեղ­ծելն է։ Այդ մէ­կը ո՛չ միայն կը խթա­նէ հայ­րե­նա­դար­ձու­թիւ­նը, այ­լեւ կը նպաս­տէ ար­տա­գաղ­թի կրճատ­ման։ ­Հե­տե­ւա­բար՝ ան­յա­պաղ պէտք է հաս­տա­տել այլ եր­կիր­նե­րու մէջ կի­րա­ռո­ւող ար­դիւ­նա­ւէտ օ­րէն­քը, ո­րուն հա­մա­ձայն՝ նոր աշ­խա­տանք ստեղ­ծո­ղը (բո­լո­րը), նո­ւա­զա­գոյ­նը՝ ա­ռա­ջին հինգ տա­րի­նե­րուն, պէտք է ե­կամ­տա­հարկ չվճա­րէ, եւ ո՛չ թէ (ինչ­պէս հի­մա) հար­կա­յին տե­սու­չը ա­ռա­ջին յա­ճա­խոր­դէն ա­ռաջ մուտք գոր­ծէ տո­ւեալ աշ­խա­տա­տե­ղը՝ տուր­քը գան­ձե­լու հա­մար։
­Չեմ ու­զեր ման­րա­մաս­նել եւ ը­սել այն ա­մէ­նը, ինչ բո­լո­րը կը տես­նեն եւ շատ լաւ գի­տեն, սա­կայն ա­ռա­ւել քան վստահ եմ, որ ­Հա­յաս­տա­նի հզօ­րաց­ման կա­րե­ւո­րա­գոյն ե­րաշ­խի­քը սփիւռքն է, իսկ սփիւռ­քի միակ խթա­նիչ ու­ժը վստա­հու­թիւնն է երկ­րի իշ­խա­նու­թեան հան­դէպ, բայց սփիւռ­քը կը վստա­հի իշ­խա­նու­թեան ա՛յն ժա­մա­նակ, երբ յատ­կա­պէս սահ­մա­նա­մերձ գիւ­ղե­րը շրջե­լով խղճուկ վի­ճա­կի մէջ ապ­րող, երկ­րին զի­նուոր տո­ւող որ­դե­կո­րոյս ըն­տա­նիք­ներ չտես­նէ, երբ եր­կի­րը պա­հող մշա­կի դէմ­քին ժպիտ տես­նէ եւ ո՛չ թէ՝ ցաւ, տա­ռա­պանք ու կսկիծ։ Երբ Ե­րե­ւա­նի բարձ­րունք­նե­րու եւ լա­ւա­գոյն մա­սե­րու վրայ կա­ռու­ցո­ւած պե­տա­կան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեա­նե­րու «խղճուկ աշ­խա­տա­վար­ձով» կա­ռու­ցո­ւած դղեակ­նե­րուն փո­խա­րէն՝ ան­գործ թա­փա­ռող մար­դոց հա­մար աշ­խա­տա­տեղ­ներ տես­նէ։
­Գայ­թակ­ղեց­նե­լով ու հա­մո­զե­լով հայ­րե­նիք չեն եր­թար, ­Հայ­րե­նիք կ’եր­թան պատ­կա­նե­լու­թեան ա­մե­նահ­զօր զգա­ցու­մէն մղո­ւած, եւ այն­քան շատ են այն հա­յե­րը, ո­րոնք ի­րենց հո­գիի խոր­քին մէջ ու­նին այդ զգա­ցու­մը, բայց ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կը թոյլ չի տար, որ ի­րենք ալ վա­յե­լեն ի­րենց հայ­րե­նի­քին մէջ ապ­րե­լու բերկ­րան­քը։
Ս­փիւռ­քը միշտ ­Հա­յաս­տա­նի կող­քին է, վկայ՝ ­Քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մը, ո­րու ըն­թաց­քին սփիւռ­քա­հա­յը ան­տե­սեց ան­գամ իր անվս­տա­հու­թիւ­նը…
­Միայն թէ սփիւռ­քը վստա­հի ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան… ­Միայն ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան վստա­հե­լու հա­ւաս­տի ե­րաշ­խիք­ներ պէտք է ստեղ­ծել, ու­րիշ՝ ո­չի՛նչ…
Ա­հա այդ ժա­մա­նակ, ­Հա­յաս­տա­նը կը դառ­նայ ե­թէ ո՛չ ողջ հա­յու­թեան ա­պաս­տա­նը, ա­պա՝ բո­լոր հա­յե­րու հո­գա­ծու­թեան կի­զա­կէ­տը։