Տա­կա­ւին մեր ա­կան­ջին մէջ ան­հա­ւա­տա­լի կը լսո­ւի մեր սի­րե­լի ու­սու­ցի­չին՝ Ս­թաւ­րոս (­Խա­չիկ) Ա­պա­րեա­նի ա­նակն­կալ ու վա­ղա­ժամ մա­հո­ւան գոյ­ժը։
­Կայ­ծա­կի ա­րա­գու­թեամբ տխուր լու­րը տա­րա­ծո­ւե­ցաւ ա­մէն կողմ, սար­սուռ եւ վիշտ պատ­ճա­ռե­լով բո­լո­րիս վրայ՝ ան­ձի մը հա­մար, որ անց­նող 36 տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին իր անս­պառ ու­ժը եւ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ներդ­րեց հայ մա­նու­կի կրթու­թեան, յու­նա­հայ գա­ղու­թի մշա­կու­թա­յին կեան­քին, ­Հայ դա­տի հե­տապնդ­ման, յա­րա­բե­րա­կան կա­պե­րուն ու գա­ղու­թա­յին զա­նա­զան մեծ ու փոքր աշ­խա­տանք­նե­րուն։
­Հե­ռա­ւոր ­Լա­րի­սա­յի մէջ ծնած ու կազ­մա­ւո­րո­ւած Ս­թաւ­րոն, հա­սուն ե­րի­տա­սար­դու­թեան տա­րի­նե­րուն վե­րագտ­նե­լով իր հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րը, կա­մո­վին ներ­կա­յա­ցաւ եւ փա­փա­քե­ցաւ իր ու­սուց­չա­կան աս­պա­րէ­զը զար­գաց­նել Հ.Կ.­Խա­չի ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նէն ներս, այ­նու­հե­տեւ մին­չեւ իր ա­նակն­կալ մա­հը մնա­լով սի­րո­ւած ու յար­գո­ւած դաս­տիա­րա­կը, որ թէեւ յու­նա­րէն դա­սա­ւան­դու­թիւն կը կա­տա­րէր, այ­սու­հան­դերձ՝ իր վե­րագ­տած հայ­կա­կա­նու­թիւ­նը ծա­ռա­յե­ցուց հայ դպրո­ցի յա­րա­տեւ­ման հա­մար։
Եր­կար տա­րի­ներ Ս­թաւ­րոն ան­դամ էր ­Հա­մազ­գա­յին մշա­կու­թա­յին եւ կրթա­կան միու­թեան վար­չու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց մէ­ջէն ան իր կա­րե­ւոր ներդ­րու­մը ու­նե­ցաւ գա­ղու­թի մշա­կու­թա­յին կեան­քի ծաղ­կու­մին։
Ս­թաւ­րո­յի կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, ա­նոր յա­րա­բե­րա­կան կա­պե­րուն մէջ ու­նե­ցած ըն­դար­ձակ ծա­նօ­թու­թիւն­նե­րը ի սպաս դրո­ւե­ցան նաեւ Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի պա­հանջ­կոտ ու հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ, ուր ան ծա­ւա­լեց եր­կա­րա­մեայ գոր­ծու­նէու­թիւն, միշտ պատ­նէ­շի վրայ մնա­լով եւ ­Հայ դա­տի ծրա­գիր­նե­րը բծախնդ­րու­թեամբ յա­ռաջ տա­նե­լով։
Ա­ւե­լի ման­րա­մասն պի­տի անդ­րա­դառ­նանք իր կեան­քին ու գոր­ծու­նէու­թեան։
Այս քա­նի մը տո­ղե­րը որ­պէս ծա­ղիկ կը խո­նար­հեց­նենք իր ան­մո­ռաց յի­շա­տա­կին, կրթա­կան վաս­տա­կին ու իր ե­տին թո­ղած գա­ղու­թա­յին ծա­ռա­յու­թեան։