ՀՌԻՓՍԻՄԷ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
Ցնցիչ էր յանկարծակի մահուան լուրը սիրուած քանդակագործ եւ նկարիչ Գագիկ Ալթունեանի, որ անկրկնելի իր ներկայութեամբ, մասնագիտութեամբ ու տաղանդով իւրայատուկ դրոշմը ձգեց յունահայ գաղութէն ներս։
Ան կեանքէն հեռացաւ 17 Փետրուարի վաղ առաւօտեան ժամերուն, խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքն ու ընկերները, ինչպէս եւ զինք ծանօթացած եւ իր ընկերային ջերմութիւնը վայելած հայ եւ յոյն բարեկամները։
Ինքնատիպ բնաւորութեամբ եւ անսպառ ստեղծագործական խանդով ու տաղանդով՝ Գագիկը սիրուեցաւ բոլորին կողմէ, իր ազնիւ ու առատաձեռն նկարագրով մարդոց մօտենալու եւ անոնց սիրտն ու զգացումները գրաւելու իր իւրայատուկ տաղանդով։
Գագիկ Ալթունեան ծնած էր 1957-ին՝ Երեւան։ Ան աւարտած էր «Թերլէմէզէան» գեղարուեստի ինստիթութի քանդակագործութեան բաժինը, ապա անհատական եւ խմբային ցուցահանդէսներով իր արուեստը ծանօթացուցած էր հանրութեան։ 1991-ին ան կրթաթոշակով աւարտած էր Մոսկուայի Գեղարուեստի Ակադեմիայի «Monumental Sculpture» բաժինը, ապա նաեւ աշխատած որպէս դասախօս ու արուեստաբան Երեւանի համալսարանի ճարտարապետութեան բաժինէն ներս։ 1995-ին տեղափոխուելով Յունաստան՝ կեանքի նոր էջ մը բացած էր, որ զինք ուղղակի առընչած էր յունահայ գաղութի կէանքին, նոյն պահուն արժանի տեղ գրաւելով յոյն անուանի արուեստագէտներու կողքին։
Յատկանշական էր «Պարանով աղջնակը» իր ծանօթ քանդակը, որ Աթէնքի Հնագիտական թանգարանին մէջ ներկայացուեցաւ։ Ան յաջողեցաւ լայն ճանաչում ստանալ բազմաթիւ ցուցահանդէսներով Յունաստանի եւ արտասահմանի այլ երկիրներու մէջ, ուր հանրութեան հետաքրքրութիւնը կը յաջողէր կեդրոնացնել իր նկարներու կերպարներուն վրայ։
Գործակցութիւններ ունեցաւ նաեւ Յունաստանի տարբեր քաղաքապետարաններու հետ, քանդակներ պատրաստելով Ալիմոսի, Տրափեցոնայի եւ այլ քաղաքներու կեդրոնական վայրերու մէջ։
Գագիկ Ալթունեան «Ազատ Օր» օրաթերթի հաւատարիմ բարեկամը դարձաւ, յաճախակիօրէն այցելելով խմբագրատունը եւ զրուցելով մեր ազգային ու գաղութային հարցերուն շուրջ։
Ան իր պատրաստակամութիւնը անմիջապէս յայտնեց, երբ «Ազատ Օր»-ի խմբագրութիւնը իրեն դիմեց, որպէսզի իր գործերու ցուցադրութիւնը կազմակերպէ խմբագրատունէն ներս, իր նկարներու վաճառքէն գոյացած գումարները յատկացնելով մեր օրաթերթի կարիքներուն։
«Ազատ Օր»-ի խմբագրութիւնը երախտապարտ կը մնայ ու խորապէս կը գնահատէ ազնուասիրտ արուեստագէտի ճշմարիտ կեցուածքը։
Խորին ցաւակցութիւններ իր ընտանիքին եւ հայ եւ յոյն բազմաթիւ բարեկամներուն։
***
Ապրիլ 2015-ին, Գագիկ Ալթունեան ցուցահանդէս մը կազմակերպեց «Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարիներ ետք» խորագիրով, Աթէնքի «Թեխնոխորոս» սրահէն ներս, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած այս ցուցահանդէսը համախմբեց 12 հայ անուանի նկարիչներու գործեր՝ Յոնաստանէն եւ հայրենիքէն։ Անոնք, իրենց առանցքային գիծերով, յոյն հանդիսատեսին ներկայացուցին հայութեան ապրած արհաւիրքը, հայ ժողովուրդի տարած պայքարն ու գոյատեւումի ճանապարհը» հասնելով մինչեւ վերածնունդ, ազատ հայրենիք եւ կազմակերպուած սփիւռքի իրականութիւնները։
Գագիկ Ալթունեան երկար ժամանակէ ի վեր ծրագրած ու աշխատած էր տուեալ ցուցահանդէսի կազմակերպման համար։ Արուեստագէտի մտածումները, ներշնչումները եւ իւրայատուկ ոճը, շատոնց արդէն գնահատուած էին հայ եւ յոյն մշակութասէր հանրութեան կողմէ։ Ան իր պարտականութիւնը կը սեպէր՝ անպայմանօրէն ներդրումը ունենալ Հայոց ցեղասպանութեան լուսաբանման գործին մէջ։
Ապրիլ 2015-ին, խմբագրատուն իր այցելութենէն օգտուելով, հարցազրոյց մը հրատարակած էր «Ազատ Օր»-ը անդրադառնալով յատուկ այդ ցուցահանդէսին, որը կը հրատարակենք ստորեւ, վերյիշելով սիրուած արուեստագէտի միտքերն ու զգացումները։
***
«Այսօր, շահեկան զրոյց մը ունեցանք համբաւաւոր նկարիչին եւ իրեն ընկերացող ու Փաթրասէն յատկապէս ցուցադրութեան առիթով ժամանած Առաքել Գրիգորեանին հետ։ Կարեւոր այս ցուցադրութեան կը մասնակցին նաեւ Գագիկ Ղազանչեան, Ալպերթ Յակոբեան, Սարգիս Համալպաշեան, Հայկ Մեսրոպէեան, Էօժէն Յակոբեան, Աննա Ղամարեան, Առաքել Գրիգորեան, Իրինի Մնացականեան, Էտուարտ Սագայեան, Մինաս Սեմէրճեան, Մարիամ Չաքըրեան։
Մինաս Սեմէրճեանի մասին բացատրելով, երկու նկարիչները նշեցին թէ ան Ժանսէմի՝ Յովհաննէս Սեմէրճեանի եղբօր զաւակն է, որ մեծապէս գնահատուած եւ Յունաստանի մէջ կշիռ ունեցող անձնաւորութիւն է, անհատական բազմաթիւ ցուցադրութիւններով։ Նոյնպէս բոլոր մասնակիցները, սիրուած ու գնահատուած տաղանդաւոր նկարիչներ են։ Կարեւոր էր կալերիստ Փեթրոս Տումասի խանդավառ եւ պատրաստակամ մօտեցումը, որ չի զլացաւ ամենալաւ ձեւով կազմակերպելու ցուցադրութիւնը, Փլաքայի մէջ իր կալերիէն ներս։
Բացատրելով թէ ի՛նչ կը ներառնէ ցուցադրութիւնը Գագիկ Ալթունեան կ՚ըսէ, թէ երկու մասի բաժնուած է։ Ցուցադրութեան վայր մտնողը նախ դէմ յանդիման կու գայ քանդակ-նկարներ եւ քոլաժներ համադրող գործի մը հետ, որ 15 մեթրի վրայ երկարող գեղանկարչական խառն աշխատանք մըն է։
Այս գործը ցոյց կուտայ իր ընտանիքի անդամներու պատմութիւն, Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին, երբ իր պապն ու իր փոքրիկ քոյրը միակ վերապրողները եղան ամբողջ գիւղի մը բնակչութենէն։ Նմանօրինակ էին հայութեան բեկորներու պատմութիւնները։ Բազմաթիւ դժուարութիւններով ու փորձանքներով անոնք իրար կորսնցուցին, ապա վերագտան, «աճեցնելով» դարձեալ ընտանեկան «ծառը»։
Ցուցահանդէսի այցելուները առաջին հերթին շփման մէջ կուգան ցեղասպանութեան ոճրագործութիւնը տեսնելով, զգալով վերապրողներու տառապանքը եւ անոնց տարած գոյատեւելու պայքարը։
Ցուցադրութեան երկրորդ բաժինը կը վերաբերի հայութեան ներկային։ Մոխիրէն վերածնելու հայութեան կարողութիւնը, վերազարթօնքն ու վերակազմակերպման ճիգը արդէն կ՚արտացոլան արուեստի իւրաքանչիւր գործի ընդմէջէն, ամէն մէկուն պարտադրած ոճին համաձայն։ «Մենք մէկ դպրոց կարծես աւարտած ենք, Ճաշակի ձեւով մենք դաստիարակուած ենք։ Կայ մշակութային մտածողութիւն որ ուղղակի կապ ունի մեր հայկական ինքնութեան հետ։ Երբ կ՚անցնիս թեմատիկ մօտեցումներու, մեքանիք ձեւով արդէն կ՚անցնիս քու ազգութեամբ բնորոշուած նկարներու։ Քեզմէ բոլորովին անկախ գործընթաց մըն է այդ։ Մինասն է, Յակոբ Յակոբեանն է, Սարեանն է, որ մեզ բոլորիս ցոյց տուած են այդ ճամբան եւ մենք հետեւորդներն ենք անոնց։ Տարբեր ալ չ՚ըլլար», յատկանշականօրէն կ՚ըսէ Գագիկ Ալթունեան։
Իրեն հարց կ՚ուտանք, թէ ինչպէ՞ս կը տեսնէ, ինչպէ՞ս կը զգայ յոյն ժողովուրդի կեցուածքը Հայոց ցեղասպանութեան թեմայի վերաբերեալ։
«Տարբեր է երբ կը լսես, տարբեր է երբ կ՚ուսումնասիրես պատմութիւնը։ Ես կը տեսնեմ, թէ մարդիկ ուղղակի փաստեր տեսնելու կարիքը ունին, որպէսզի կարողանան ըմբռնել ոճիրի տարողութիւնը։ Այցելուները կուգան, արդէն տեղեակ ըլլալով Հայոց ցեղասպանութեան մասին։ Բայց երբ կը տեսնեն լուսանկարները, փաստերը, հոգեկան մեր տագնապը կը զգան եւ գործուած ոճիրի ծաւալը, որ երբեք չէ աւարտած ցեղասպանութեամբ, այլ հետքը կը թողու վերապրածներուն, անոնց ժառանգորդներուն վրայ»։