­­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 15 ­­Դեկ­տեմ­բեր 2021-ի ե­րե­կո­յեան, իր աչ­քե­րը փա­կեց յու­նա­հայ մտա­ւո­րա­կան սե­րուն­դի յատ­կան­շա­կան եւ ար­ժա­նա­ւոր դէմ­քե­րէն՝ ­­Յա­կոբ ­­Ճէ­լա­լեան։ Ծ­նած էր 1938-ին եւ իր ամ­բողջ կեան­քը նո­ւի­րած էր հայ մշա­կոյ­թի, գրա­կա­նու­թեան, ա­րո­ւես­տի եւ ե­րաժշ­տու­թեան ո­լորտ­նե­րուն։ Եր­կար տա­րի­ներ ե­ղած էր «Ա­զատ Օր»-ի աշ­խա­տա­կից, ­­Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջ. վար­չու­թեան ժրա­ջան ան­դամ, ու­նե­ցած էր մշա­կու­թա­յին բե­ղուն գոր­ծու­նէու­թիւն, ինչ­պէս նաեւ ստո­րագ­րած էր շարք մը գիր­քեր եւ աշ­խա­տու­թիւն­ներ՝ հայ գրա­կա­նու­թան, տպագ­րու­թեան ու ա­րո­ւես­տին մա­սին։ Իր խնամ­քով հա­ւա­քո­ւած հայ ազ­գագ­րա­կան պատ­մա­կան ի­րե­րու հա­ւա­քա­ծոն նո­ւի­րած էր ­­Սար­դա­րա­պա­տի յու­շա­հա­մա­լի­րի թան­գա­րա­նին։ Կ­­՚անդ­րա­դառ­նանք իր մա­սին։