Ոչ եւս է ընկ. Բաբգէն Գասապեան

0
1705

­Խոր ցա­ւով ի­մա­ցանք, թէ ե­րէկ՝ Եր­կու­շաբ­թի, 19 ­Փետ­րո­ւա­րին, իր աչ­քե­րը փա­կեց Հ.Կ.­Խա­չի «­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կարգ ազգ. վար­ժա­րա­նի նախ­կին տնօ­րէն եւ «Լ. Եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» ազգ. նա­խակր­թա­րա­նի տնօ­րէն ընկ. ­Բաբ­գէն ­Գա­սա­պեան, եր­կա­րամ­սեայ ծանր հի­ւան­դու­թե­նէ ետք։
­Ճա­կա­տա­գի­րի դառն դար­ձո­ւած­քի մը պա­հուն, դպրո­ցա­կան տա­րեշր­ջա­նի վե­րա­մու­տէն հա­զիւ մէկ քա­նի օր ա­ռաջ, ընկ. ­Բաբ­գէն ճամ­բուն մէջ քա­լած ժա­մա­նակ, ար­կած մը կ­՚ու­նե­նայ ու գե­տին իյ­նա­լով ծան­րօ­րէն կը վի­րա­ւո­րո­ւի գլու­խէն։ Այս պա­տա­հա­րին պատ­ճա­ռով, այ­լեւս կա­պը կորսն­ցու­ցած ըլ­լա­լով շրջա­պա­տին հետ, ան եր­կար ա­միս­ներ մնաց մա­հաթմ­բի­րի մէջ։ ­Բո­լո­րին յոյսն էր, թէ մեր սի­րե­լի ըն­կե­րը պի­տի վե­րագտ­նէր ինք­զինք, սա­կայն բժիշկ­նե­րուն կող­մէն իսկ ոչ յու­սա­լից նշան­նե­րը լա­ւա­տե­սու­թիւն չէին ներշն­չեր։
­Հան­գու­ցեա­լը բա­րե­կիրթ, հեզ ու խո­նարհ նկա­րա­գի­րի անձ մը ե­ղաւ ու սի­րո­ւե­ցաւ բո­լո­րին կող­մէ։ Եր­կար տա­րի­ներ պաշ­տօ­նա­վա­րեց որ­պէս ու­սու­ցիչ եւ տնօ­րէն մեր վար­ժա­րան­նե­րէն ներս, հասց­նե­լով սե­րունդ­ներ, ո­րոնք յար­գանք ու սէր տա­ծե­ցին ի­րենց դաս­տիա­րա­կին հան­դէպ։ ­Միա­ժա­մա­նակ, ան իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի գոր­ծու­նէու­թեան։
Իր ան­ժա­մա­նակ կո­րուս­տը խոր ցաւ ու վիշտ կը պատ­ճա­ռէ իր ձեռ­քէն ան­ցած բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րուն, գոր­ծա­կից ու­սու­ցիչ­նե­րուն, գա­ղու­թի ազ­գա­յին ու կու­սակ­ցա­կան կա­ռոյց­նե­րուն եւ գա­ղա­փա­րի ըն­կեր­նե­րուն։
Յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը պի­տի կա­տա­րո­ւի ­­Հինգ­շաբ­թի, 22 ­­Փետ­րո­ւար 2024-ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10:30-ին, ­­Նէոս ­­Գոզ­մո­սի ­­Սուրբ ­­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ եւ մար­մի­նը պի­տի ամ­փո­փո­ւի ­­Վի­րո­նա­յի գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ։
­­Հո­գե­սուրճ՝ ­­Վի­րո­նա­յի գե­րեզ­մա­նա­տունը։