ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Ար­ժա­նա­ւոր հօր ար­ժա­նա­ւոր զա­ւա­կը, նոյն­քան ար­ժա­նա­ւոր դի­ւա­նա­գէտ՝ ­Հա­յաս­տա­նի ու ­Հայ դա­տի նո­ւի­րեալ ծա­ռա­յու­թեամբ: ­Յու­նաս­տա­նի մէջ վե­րան­կա­խա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­կարգ ու լիա­զօր ա­ռա­ջին դես­պան, ո­րու պաշ­տօ­նա­վա­րու­թիւ­նը զու­գա­դի­պե­ցաւ Հ.Հ. ա­ռա­ջին նա­խա­գա­հի մո­լոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն պատ­ճա­ռած թէժ ժա­մա­նակ­նե­րուն: Ան դի­ւա­նա­գի­տա­կան խո­հու­նու­թեամբ եւ իբ­րեւ ազ­նո­ւա­գոյն ու գլխա­գիր ­Մարդ, իր հրա­շա­լի նկա­րագ­րով ո՛չ միայն յա­ջո­ղե­ցաւ հա­ւա­սա­րակշ­ռել խառ­նաշ­փոթ կա­ցու­թիւ­նը, այ­լեւ յու­նա­հա­յու­թեան ան­վե­րա­պահ հա­մակ­րան­քը շա­հե­ցաւ՝ քաղցր յի­շա­տակ­ներ թո­ղե­լով զինք ճանչ­ցող մար­դոց մէջ։
­Հա­կա­ռակ ա­ռա­ջին նա­խա­գա­հին՝ Լ.Տ.Պ.ի Հ.Յ.Դ.ի դէմ շղթա­յա­զեր­ծած կրքոտ պայ­քա­րին եւ ի շահ ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ման ­Կի­րա­կո­սեան լռե­լեայն ըն­դա­ռա­ջեց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին կող­մէ ցու­ցա­բե­րո­ւած փոխ­հաս­կա­ցո­ղու­թեան ո­գիին, ո­րու շնոր­հիւ հնա­րա­ւոր դար­ձաւ, որ ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը վար­ժոց մը կազ­մա­կեր­պէ՝ այդ օ­րե­րուն դի­ւա­նա­գի­տա­կան աս­պա­րէ­զին մուտք գոր­ծե­լու պատ­րաս­տո­ւող եւ Հ.Հ.ի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ ներ­կա­յա­ցո­ւե­լիք թեկ­նա­ծու­նե­րուն՝ ա­նոնց ծա­նօ­թաց­նե­լու հա­մար մի­ջազ­գա­յին դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­րա­րո­ղա­կարգն (բրո­թո­քոլ) ու կեն­ցա­ղա­վա­րու­թիւ­նը:
­Փոխ­հաս­կա­ցո­ղու­թեան այդ կա­ռու­ցո­ղա­կան մթնո­լոր­տին մէջն էր նաեւ, որ կա­րե­լի դար­ձաւ ­Յու­նաս­տան-­Հա­յաս­տան միջ­պե­տա­կան հա­մա­ձայ­նագ­րի մը ստո­րագ­րու­թիւ­նը, ո­րու վրայ ա­մէն տա­րի ո­րոշ թիւ մը հայ բա­նա­կա­յին­նե­րու մին­չեւ այ­սօր կ­՚ու­սա­նի ­Յու­նաս­տա­նի սպա­յից վար­ժա­րա­նին մէջ:
Կ­՚ար­ժէ ա­ւելց­նել, թէ փո­խըմբռ­նու­մի ա­ղո­ւոր մթնո­լոր­տը չպղտո­րե­ցաւ նոյ­նիսկ այն հա­ւա­քէն ետք, որ ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.Դ. կա­ռոյ­ցը ամ­բողջ սփիւռ­քի մէջ միակն ըլ­լա­լով դես­պա­նա­տան դի­մաց բո­ղո­քի հա­ւաք մը կազ­մա­կեր­պեց՝ դա­տա­պար­տե­լով նա­խա­գա­հա­կան խար­դա­խո­ւած վե­րընտ­րու­թիւ­նը Լ.Տ.Պ.ի: ­Փո­խա­դարձ յար­գան­քի ու պատ­շա­ճու­թեանց վրայ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը շա­րու­նա­կո­ւե­ցան, իսկ անձ­նա­կան թէ ըն­տա­նե­կան մա­կար­դա­կի վրայ մտեր­մու­թիւն­նե­րը մնա­ցին ըստ ա­ռաջ­նոյն:
Ե­ղե­րա­բախտ դես­պա­նը իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ըն­թաց­քին, յու­նա­հա­յու­թեան հետ իր մշա­կած յա­րա­բե­րու­թեանց փոր­ձա­ռու­թեամբ, յա­ջո­ղած էր ճանչ­նալ հո­գե­բա­նու­թիւ­նը սփիւռ­քա­հա­յուն, ո­րուն հա­մար ­Հա­յաս­տա­նը ա­րիւ­նով սրբա­գոր­ծո­ւած հայ­րե­նիք է, ուր նե­րե­լի չեն ա­նար­դա­րու­թիւ­նը, խար­դա­խու­թիւ­նը, ի­րա­ւուն­քի ոտ­նա­կո­խու­մը ե­ւայլն…:
­Կը հասկ­նար, թէ հա­ւա­քը կազ­մա­կեր­պող կու­սակ­ցու­թիւնն ու ա­նոր հե­տե­ւորդ­նե­րը ի­րենց կուրծ­քե­րով կը պաշտ­պա­նէին դես­պա­նա­տու­նը ո­րե­ւէ վտան­գի պա­րա­գա­յին։
­Մենք զինք ճանչ­ցած ենք իբ­րեւ սե­փա­կան շա­հախնդ­րու­թիւն­նե­րէ զերծ, պար­կեշտ ու դես­պա­նա­կան պաշ­տօ­նի բարձր գի­տակ­ցու­թեամբ ա­ռաջ­նոր­դո­ւող ար­ժա­նա­ւոր եւ օ­րի­նա­կե­լի դի­ւա­նա­գէտ մը
Ափ­սո՜ս: Ան­ժա­մա­նակ մա­հը իս­կա­կան կո­րուստ մըն է ­Հա­յաս­տա­նին հա­մար: ­Կը ցա­ւակ­ցինք հա­րա­զատ­նե­րուն եւ Հ.Հ. դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու մեծ ըն­տա­նի­քին:
Յի­շա­տա­կը ան­մո­ռաց…:
­Հո­ղը թե­թեւ…: