Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի
Հայրական օրհնութեամբ եւ Քրիստոնէական
Յաղթանակի կանչով կ՛ողջունենք ձեզ եւ
յատկապէս կը շնորհաւորենք այս անունով
միւռոնուած ճակատները…
Հրաշափառ է Յարութիւնը Տիրոջ՝ դրօշը Քրիստոնէութեան։ Անկասկած եւ գրաւականն է Աւետարանի մեծութեան. կնիքը Աստուածորդիի Աստուածութեան. Աստուծոյ եւ մարդկութեան հաշտութիւնն է, զոր մարդկային բնութեան միախառն Տէրը բերաւ աշխարհին՝ փրկութիւնը, անգիտութեան եւ յիմարութեան մէջ մխրճուած մարդկութեան, պարգեւելով կրկին կեանքի յոյսը եւ զինեց ամէն քրիստոնեայ՝ կենդանարարին խրախուսիչ ներկայութեամբ։ Մի երկնչիք, զի ահա ես ընդ ձեզ եմ մինչեւ վախճանն աշխարհի։ Սուրբ է Զատիկը, ամենամեծն է տօներուն՝ զոր մարդկային բնութիւնը ճանչցած է երբեւէ պատմութեան ընթացքին։
Զատկուան խորհուրդը հրաւէր է վերանորոգութեան, ազգօրէն եւ որպէս մարդ լեցուելու հոգեղէն բնութեան պարգեւած խրախոյսով եւ յարուցեալ Քրիստոսի անձէն եւ սրբութենէն շնորհուած ցնծութեամբ։
Արդարեւ Յարեաւ Աստուած եւ ցրուեցան ամենայն թշնամիք նորա. Փախեան ատելիք նորա յերեսաց նորա։
ԳՈՎԵԱ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ԶՏԷՐ, ՅԱՐԵԱՒ ՔՐԻՍՏՈՍ
Թող յառնեն եւ իր հետ Ապրիլեան մեր նահատակները բոլոր՝ ու աշխարհին շեփորեն թէ Հայն Յաղթեց մահուան եւ չարին։
Ողջ լերուք ի Տէր Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց
ԿՈՄԻՏԱՍ ԱՐՔ. ՕՀԱՆԵԱՆ
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴ
ՅՈՒՆԱՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ