Արդէն մօտեցած են օրերը, երբ համայն հայութիւնը ամբողջ աշխարհի վրայ, անգամ մը եւս, պիտի բարձրացնէ իր ձայնը՝ յիշեցնելու համար մարդկութեան եւ, մանաւա՛նդ, ցեղասպան Թուրքիոյ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան անհատոյց ոճիրը։
Պոռկթումը՝ միաբերան, կը լսուի ամէն մէկ հայու շրթներէն։
Պահանջատիրութեան ոգին կը համակէ իւրաքանչիւր հայորդիի էութիւնը, որ Ապրիլեան այս օրերուն, հաւատարիմ ցեղի ձայնին՝ կը յիշէ ու կը պահանջէ, որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն անդին, միջազգային ընտանիքէն ներս, հայու արդար ցասումը ի վերջոյ յանգի հայ ժողովուրդի բռնագրաւեալ՝ կորուսեալ հայրենիքի վերադարձին ու անոր վրայ ստեղծուած ազգի դարաւոր գանձերու հատուցման՝ ցեղասպան Թուրքիոյ կողմէ։
Յունահայութիւնը երբե՛ք անմասն չմնաց եւ, տասնեակներով տարիներէ ի վեր, իր ձայնը միացուցած է հայու պահանջատիրական պայքարի բոլոր արտայայտութիւններուն։
Իւրայատուկ է նաեւ մեր գաղութի պարագան, մանաւանդ երբ մեր ապրած երկրի նորագոյն պատմութիւնը կը շարունակէ կապուած մնալ Թուրքիոյ հետ իր դրացնութեան դառն իրականութեամբ, յատկապէս վերջինի ռազմաշունչ քաղաքականութեան եւ ռազմական զանազան արարքներու լկտիութեան մթնոլորտին մէջ։
Հայոց Ցեղասպանութեան 50ամեակի տարելիցէն ետք, յունահայութիւնը երկար ճամբայ կտրեց յունական քաղաքական միջավայրին մէջ, բարձրացնելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան քաղաքական եւ իրաւական ճշմարտութիւնը, որ յանգեցաւ հելլէն խորհրդարանին կողմէ անոր ճանաչման՝ 1996ին։
Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ճանաչման աքթը, իր պատմական նշանակութենէն անդին, ունի քաղաքական իմաստ, որովհետեւ թերեւս մեր գաղութը այն հազուագիւտ հայ համայքներէն է, ուր Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը, իր պաշտօնական բոլոր երեսներով, կը կազմակերպուի պետութեան հովանիին տակ՝ պետական օրէնքի իրաւական ուժի ոգիով ու, միաժամանա՛կ, հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն որպէս Յունաստանի պետական արդար զօրակցութիւն։
Ճանաչումը տուաւ նաեւ ազդանշանը, որպէսի այլեւս մեր գաղութը մէկ ձայնով եւ պահանջատիրական միասնական ոգիով ներկայանայ ու նշէ իր միլիոն ու կէս զոհերու յիշատակը, առաւել՝ անոնց անունով պահանջէ, որ ցեղասպանը դէմ յանդիման գայ պատմութեան ընթացքին իր գործած ոճրագործութիւններուն հետ՝ մեղանչելով ու հատուցանելով։
Վերջին գրեթէ քսան տարիներու ընթացքին, յունահայութեան միասնական կեցուածքները յատուկ նշանակութեամբ դիմաւորուեցան յունական պետական եւ քաղաքական ատեաններուն կողմէ։ Այս կեցուածքները առաւել վարկ աւելցուցին հայութեան հանդէպ յոյն ժողովուրդին ունեցած եղբայրական զգացումներուն, ինչպէս նաեւ՝ զօրացուցին մեր գաղութի բոլոր հատուածներուն մէջ միասնականութեան անփոխարինելի ուժը, որպէս մէկ եւ ազդու արտայայտութիւն՝ հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներուն պահանջատիրութեան համար։
Այսօր սակայն, միասնականութեան ոգին անբացատրելիօրէն խախտած է։
Մէկ ու ազդու ձայնի փոխարէն՝ բազմաձայնութիւն մըն է, որ կը փորձուի յառաջ բերել, որուն ձայները հեռու են միաբերան ու ներդաշնակ արտայայտութիւններէ։
Ինչպէ՞ս կարելի է՝ պետական օրէնքով հաստատուած եւ մինչեւ օրս ճամբայ կտրած Հայոց Ցեղասպանութեան նշումի պետական հովանաւորութիւնը եւ մասնակցութիւնը կրող ելոյթներուն դիմաց, դառնութեամբ ականատես ըլլալ նոր փորձարկումներու։
Ե՞րբ այլեւս պիտի սթափինք ու տեսնենք, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան նշումը մրցակցութեան ենթակայ չէ, ոչ ալ՝ մեր ժողովուրդը ու մեր ապրած քաղաքական ու ընկերային միջավայրը ապակողմնորոշելու միջոց։
Աւելի՛ն, անախորժ մրցակցութիւն ստեղծելու նման ապառողջ փորձերը կը ջլատեն միասնականութեան ոգիով ցարդ արձանագրուած բոլոր նուաճումները յունական քաղաքական միտքին մօտ, մանաւանդ երբ այս վերջինը հայ ժողովուրդի պահանջատիրական միասնութիւնը՝ մէկ բռունցք ցուցաբերելը հիացումով գովաբանած է եւ այդ մէ՛կ ըլլալու նուաճումը որպէս օրինակ կը շարունակէ ներկայացնել՝ իր սեփական ժողովուրդին Թուրքիոյ ձեռամբ կրած անիրաւութիւններու ճանաչման փորձերու ծաւալումին մէջ։
Այլամերժ ու վանողական մտքերուն դիմաց, ողջմիտ եւ տրամաբանական կեցուածքները վերստին պէտք է տիրապետեն՝ թօթափելով հնամաշ բարդոյթներն ու անիմաստ պատրանքները։ Անոնք տեղ չունին Հայ Դատի արդար պայքարի համազգային մեր ուխտին մէջ։
Յունահայութիւնը պիտի շարունակէ իր պահանջատիրական երթը։
Այդ երթը իր մէջ պէտք է պարփակէ ողջ յունահայութիւնը, երիտասարդութեան պայքարող ոգին, մեր զաւակներու ձեռք-ձեռքի բռնած միասնական բռունցքը։
Ժամանակը հասած է սթափելու։
Դէպի ողջմտութիւն դարձը կը պահանջէ քաջութիւն, զոր պէտք է վերագտնել, ի հարկին՝ վերստին սրսկել։
ԴԻՏՈՂ