Շաբաթ՝ 29 Յունիսի առաւօտուն ողբերգական դէպք մը պատահեցաւ Նիքէայի պետական հիւանդանոցին մէջ։ Հիւանդանոցի ապահովութեան սպասարկութիւնը փորձեց ձերբակալել հայկական ծագումով կին մը, որ հիւանդ անձ մը կը խնամէր։ Լրագրական տեղեկութիւններուն համաձայն, Գ.Գ. անունով կինը կ՚աշխատէր հիւանդանոցին մէջ՝ առանց օրինական արտօնութիւն ունենալու։ Ան, իմանալով թէ հիւանդանոցի ապահովութիւնը զինք կը փնտռէ, խուճապի մատնուեցաւ եւ առաջին յարկէն վար ցատկեց, ձերբակալութիւնը խուսափելու համար։
Դժբախտ հայուհին մարմնական ծանր վնասուածք ունեցաւ եւ աւելի ուշ մահացաւ։ Ան, երկար տարիներէ ի վեր Հայաստանէն Աթէնք հաստատուած էր եւ հիւանդներու ու տարեցներու խնամք տալով, կը ջանար հոգալ Երեւանի մէջ ապրող իր ընտանիքի կարիքները։
Ողբերգական պատահար՝ Նիքէայի հիւանդանոցին մէջ
Ողբերգական պատահար՝ Նիքէայի հիւանդանոցին մէջ