Նորա Քիւրտօղլեան-Գույումճեան
Ընթացքի մէջ է արդէն եւ աւարտի փուլին (30 Յունիս – 10 Յուլիս) «UNESCO»ի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի 2019ի համագումարը՝ Պագուի մէջ:
Հին յունական թատերգութեան մէջ «Ողբերգական հեգնանք» (τραγική ειρωνεία) սահմանում մը կայ, որ կը գործածուի, երբ թատերախաղին վերաբերող «գաղտնիք» մը կամ պատահար մը ծանօթ է, բացայայտուած է հանդիսատեսներուն, բայց անոր մասին կ՚անգիտանան նոյնինքն դերակատարները…: «Ողբերգական հեգնանք» մըն է «UNESCO»ի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի 2019ի համագումարը Պագուի մէջ կատարելու որոշումը:
Բացի կազմակերպիչներէն ու մասնակիցներէն, չգիտցող չկայ, թէ ինչու անբարոյական է մշակութային ժառանգութեան օրակարգով միջազգային համագումար կազմակերպելը երկրի մը մէջ, ուր մշակութային ժառանգութիւններ քարուքանդ կ՚ըլլան ի լուր եւ ի տես արար աշխարհին:
Սակայն խնդիրը «ողբերգական հեգնանքը» չէ այնքան, որքան հայկական կողմին կրաւորական ու պաղարիւն՝ լուռ դիտողի դերին մէջ գտնուիլն է:
Յայտնօրէն Ատրպէյճան մեծ գումարներ կը տրամադրէ ու դիւանագիտական ծաւալուն աշխատանք կը տանի, որպէսզի միջազգային բեմերու վրայ ինքզինք քաղաքակիրթ ու յառաջադէմ ցոյց տայ: Իսկ մե՞նք, դեռ յանկարծակիի՞ կու գանք, նոյնիսկ հակազդելու մէջ կը թերանանք…
Փոխանակ դիւանագիտական մեծ աղմուկ բարձցնելու, լուռ ենք ու չենք հակազդեր, երբ Ատրպէյճանի պետութիւնը հայ պատուիրակներուն համագումարին մասնակցութեան արգելք ըլլալու համար անոնց անվտանգութիւնը չ’երաշխաւորէր եւ «UNESCO»ն ալ կը համակերպի այդ կացութեան:
Բացի դիմատետրի վրայ բողոքի կարգ մը գրառումներէն, լուռ մնաց Հայաստանի կառավարութիւնը, լուռ մնացին կուսակցութիւնները, կրօնական պետերը եւ մեր մշակութային կազմակերպութիւնները: Իսկ մամուլը պէտք եղած լրջութեամբ խնդրին արձագանգը չտուաւ եւ ըստ սովորութեան ազգի պատասխանատուներէն պահանջատէր չեղաւ:
Բազմահարիւր հայկական վանքեր ու յուշարձաններ կը քանդուին ե՛ւ Թուրքիոյ ե՛ւ Ատրպէյճանի մէջ: Այս համագումարը առիթ չէ՞ր, որ յառաջագունէ անհրաժեշտ նախատեսութիւնները եւ միջամտութիւնները կատարելով ապահովուէր մեր պատուիրակներուն ներկայութիւնը համագումարին եւ հոն՝ ի պաշտպանութիւն մեր յուշարձաններուն եւ ի դատապարտութիւն քանդիչներուն ուժգին բարձրաձայնուէր:
Կ’ենթադրեմ, թէ… ուշ չէ տակաւին: Իբրեւ մէկ անդամը Մ.Ա.Կ.ին, կարելի է ա՛ռնուազն բողոքել իր մէկ մարմնին՝ «UNESCO»ի դէմ, որ չկրցաւ ապահովել հայ պատուիրակներու անվտանգութիւնը, բայց եւ այնպէս համագումարը Պագուի մէջ կայացնելու որոշումին վրայ մնաց, ինչ որ գայթակղեցուցիչ է:
Ի՞նչ կ’ըսեն արդեօք մեր պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուողները..: