­Շա­բա­թա­վեր­ջին, տե­ղա­կան մա­մու­լը լայ­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձաւ ­Բիւ­զան­դա­կան քա­ղա­քակր­թու­թեան ան­կու­մին եւ ­Կոս­տանտ­նու­պոլ­սոյ գրաւ­ման ա­ռի­թով՝ ­Թուր­քիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած տգեղ ե­լոյթ­նե­րուն։ Այս ան­գամ, կի­զա­կէտն էր յոյ­նե­րուն հա­մար «սրբու­թիւն սրբոց» նկա­տո­ւող ­Սուրբ ­Սո­ֆիա­յի համ­բա­ւա­ւոր տա­ճա­րը, ո­րուն առ­ջեւ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ ­Պոլ­սոյ գրա­ւու­մը, բիւ­զան­դա­կան հա­զա­րա­մեայ քա­ղա­քակր­թու­թեան կոր­ծա­նու­մը, իսկ ա­ւե­լի կա­նուխ՝ թուրք կրօ­նա­ւո­րի մը կող­մէ «Գ­րաւ­ման ա­ղօթք­ներ» ար­տա­սա­նո­ւե­ցան տա­ճա­րին մէջ։
Այս բո­լո­րը տե­ղի ու­նե­ցան «հրա­մա­նաւ» թուրք նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նին, որ շա­րու­նա­կե­լով իր գրգռիչ կե­ցո­ւած­քը յոյ­նե­րուն հան­դէպ, այս ան­գամ՝ հի­ւան­դա­նո­ցի մը բաց­ման հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին, շնա­կա­նօ­րէն յայտ­նեց.- «­Սուրբ ­Սո­ֆիա տա­ճա­րը չքան­դո­ւե­ցաւ, այլ որ­պէս «գրաւ­ման նո­ւէր» տրուե­ցաւ մահ­մե­տա­կան­նե­րուն։ ­Մենք վնաս չհաս­ցու­ցինք այլ յու­շար­ձան­նե­րու, այ­լեւ ա­նոնք պա­հե­ցինք կա­րիք­ներ գո­հաց­նե­լու հա­մար։ ­Սա­կայն, մեր կրօ­նա­կան կո­թող­նե­րը ան­հե­տա­ցան այն բո­լոր վայ­րե­րուն մէջ, որ մենք ստի­պո­ւե­ցանք լքել։ ­Նա­յե­ցէ՛ք, այ­սօր Ա­թէն­քի մէջ մենք մզկիթ չու­նինք։ Ա­մէն ինչ հո­ղին հա­ւա­սար դար­ձաւ։ ­Մենք, ­Պոլ­սոյ մէջ ա­մէն ինչ պա­հե­ցինք։ Այս պատ­կե­րը ցոյց կու տայ մեր նախ­նիք­նե­րու մե­ծու­թիւ­նը»։
Ան­մի­ջա­կան ե­ղաւ ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան հա­կազ­դե­ցու­թիւ­նը, որ յի­շե­ցուց, թէ տա­ճա­րը UNESCOի կող­մէ հա­մաշ­խար­հա­յին ժա­ռան­գու­թեան կո­թող մըն է եւ ա­նոր շուրջ քա­ղա­քա­կան եւ կրօ­նա­կան խա­ղե­րը ա­նըն­դու­նե­լի են։ ­Յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը բա­ցա­յայտ յի­շե­ցում մըն էր UNESCOին, որ լռու­թեամբ դի­մագ­րա­ւեց ե­ղե­լու­թիւ­նը։
­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու մէջ գոր­ծող յու­նա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մադրող մար­մի­նը եւ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը եւս կոչ ուղ­ղե­ցին UNESCOին, ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն հա­կազ­դե­լու նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի յո­խոր­տում­նե­րուն եւ հա­մաշ­խար­հա­յին քա­ղա­քակր­թա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող տա­ճա­րը մզկի­թի վե­րա­ծե­լու իր քա­ղա­քա­կան խա­ղե­րուն։ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի վա­րիչ Ա­րամ ­Համ­բա­րեան նշեց, որ տա­ճա­րի հա­մաշ­խար­հա­յին ար­ժէ­քը պղծե­լու Էր­տո­ղա­նի քայ­լը, ու­րիշ բան չէ, ե­թէ ոչ՝ թրքա­կան ա­ւան­դա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան նո­րո­վի փորձ՝ բնաջն­ջե­լու եւ ան­հե­տաց­նե­լու հայ, յոյն եւ ա­սո­րի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կրօ­նա­կան ու մշա­կու­թա­յին հսկայ ժա­ռան­գու­թիւ­նը։
Ար­դեօք UNESCOն ­պի­տի յի­շեց­նէ՞ թուրք նա­խա­գա­հին, թէ ուր են այ­լեւս քրիս­տո­նեայ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­զա­րա­մեայ կո­թող­նե­րը։ ­Հա­մաշ­խար­հա­յին քա­ղա­քակր­թու­թեան պա­հա­պան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը որ­քա­նո՞վ պատ­րաստ է ազ­դու պա­տաս­խան մը տա­լու եւ հա­շիւ պա­հան­ջե­լու թուրք նա­խա­գա­հէն՝ ան­հա­մար հնա­դա­րեայ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն, յու­շար­ձան­նե­րուն, քա­ղաք­նե­րուն, գիւ­ղե­րուն եւ հայ­կա­կան քա­ղա­քակր­թու­թեան կո­թող­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք հիմ­նա­յա­տակ դար­ձան ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան օ­րե­րէն մին­չեւ այ­սօր հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ շա­րու­նա­կո­ւող մշա­կու­թա­յին ցե­ղաս­պա­նու­թեան պատ­ճա­ռով։
­Կա­րե­լի՞ է ար­դեօք յի­շեց­նել նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նին, թէ ո՞ւր են այ­սօր նշա­նա­ւոր ­Վա­րա­գայ վան­քը, Մ­շոյ Ս. ­Կա­րա­պե­տը, ցոյց տալ Ա­նիի ա­ւե­րա­կեալ վի­ճա­կը եւ ա­նոր վրայ հայ­կա­կան հետ­քե­րու ոչն­չա­ցու­մը։
­Դեռ 2017ին, մեր թեր­թի է­ջե­րուն մէջ լոյս տե­սած լրա­տո­ւու­թեան հա­մա­ձայն, ա­ւե­լի քան 3.000 հայ­կա­կան ա­ւե­րո­ւած յու­շար­ձան­ներ վա­ւե­րագ­րո­ւած էին վեր­ջին տաս­նա­մեա­կին, պատ­մա­կան ­­Հա­յաս­տա­նիներ­կայ ­­Թուր­քիոյ տա­րած­քին: Ա­ւե­րում­նե­րը ու­նե­ցած են եր­կու նպա­տակ կրօ­նա­կան շի­նու­թիւն­նե­րու ոչն­չա­ցու­մով վերց­նել հայ­կա­կան հետ­քե­րը եւ ա­նոնց բե­կոր­նե­րը օգ­տա­գոր­ծել իբ­րեւ շի­նա­նիւթ։ Այ­սօր, ­պատ­մա­կան ­­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին պէտք է ու­նե­նա­յինք շուրջ 170.000 կամ ա­ւե­լի յու­շար­ձան­ներ: Ե­ղած են շի­նու­թիւն­ներ, ո­րոնք կրնա­յին հա­մա­րո­ւիլ յու­շար­ձան­ներ եւ նոյ­նիսկ չեն հա­շո­ւա­ռո­ւած։
Իսկ, տա­կա­ւին կը սպա­սենք, որ UNESCOն­ իր ազ­դու խօս­քը եւ հարկ ե­ղած մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը պի­տի գոր­ծադ­րէ Ատր­պէյ­ճա­նին վրայ՝ ­­Ջու­ղա­յի գե­րեզ­մա­նա­տան ոչն­չաց­ման հա­մար։ Ա­նոր փո­խա­րէն, ան­ցեալ տա­րի UNESCOի հա­մաշ­խար­հա­յին ժա­ռան­գու­թեան կո­մի­տէի 43րդ նս­տաշր­ջա­նի ժո­ղո­վը կա­յա­ցաւ ­­Պա­քո­ւի մէջ…։
­Հայ­րե­նի պե­տու­թիւ­նը եւ հայ ժո­ղո­վուր­դը պար­տին շա­րու­նա­կա­բար յի­շեց­նել մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին եւ նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նին, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դի ֆի­զի­քա­կան ոչն­չաց­ման կող­քին՝ հա­զա­րա­մեայ քա­ղա­քակր­թու­թեան ա­ւե­րու­մը իր նախ­նի­նե­րու եւ այժ­մու ­Թուր­քիոյ պե­տա­կան պա­տո­ւէ­րով շա­րու­նա­կո­ւող հա­յաս­պա­նու­թեան հսկայ եւ անն­կա­րագ­րե­լի ո­ճիրն է, ո­րուն հա­մար տա­կա­ւին հա­շիւ չէ տրո­ւած ցե­ղաս­պա­նին կող­մէ։
Ե­թէ այ­սօր, նա­խա­գահ Էր­տո­ղան հեգ­նան­քով եւ յո­խոր­տան­քով կը խօ­սի յոյն ժո­ղո­վուր­դի քա­ղա­քակր­թու­թեան մե­ծա­գոյն նմուշ­նե­րէն՝ Ս. ­Սո­ֆիա­յի տա­ճա­րին մա­սին, թող նա­խա­պէս մտա­ծէ ու մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին առ­ջեւ պատ­ճա­ռա­բա­նէ, թէ ինչ պա­տա­հե­ցաւ ­Թուր­քիոյ տա­րած­քին ապ­րած եւ ի­րենց քա­ղա­քակր­թու­թիւ­նը ստեղ­ծած ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն եւ ա­նոնց պատ­մա­կան հսկայ հարս­տու­թեան։
«­Ցոյց տո­ւէք պե­տու­թիւն մը, որ քա­ղա­քակր­թու­թիւն մը կը խոր­տա­կէ եւ այդ փա­ռա­ւո­րա­պէս կը տօ­նէ…» խօս­քը տա­րա­ծուե­ցաւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն մէջ՝ վեր­ջին օ­րե­րուն։
Չ­կայ ա­ւե­լի դի­պուկ խօսք, որ կը բնո­րո­շէ քա­ղա­քակր­թու­թիւն­նե­րու ա­ւե­րիչ, ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ցե­ղաս­պան՝ Էր­տո­ղան­նե­րու ի­րա­կան դի­մա­գի­ծը։