Փա­րի­զէն ­Հիլ­տա ­Չո­պո­յեան կը տե­ղե­կաց­նէ, որ ո՛չ եւս է Ար­մէն ­Սա­մո­ւէ­լեան, ֆրան­սա­հայ կեան­քի ան­ցեա­լի ե­ռուն տա­րի­նե­րու վեր­ջին վկա­նե­րէն:

«Եօ­թա­նա­սու­նա­կան­նե­րէն ի վեր, Հ­րանդ ­Սա­մո­ւէ­լի որ­դին, իր քրոջ՝ Ա­լի­սի հետ կը վա­րէր հօր հիմ­նած եւ սփիւռ­քա­հա­յու­թեան հա­մար ա­ռաս­պե­լա­կան դար­ձած ­Փա­րի­զի ­Սա­մո­ւէ­լեան Ա­րե­ւե­լեան Գ­րա­տու­նը, իր բազ­մա­լե­զու եւ հա­զո­ւա­գիւտ գիր­քե­րու հա­ւա­քա­ծո­նե­րով: ­Հոն է, որ Ս­փիւռ­քի չորս ծա­գե­րէն տա­կա­ւին կա­րե­լի է հան­դի­պիլ հա­յու­թեան գի­տա­կից եւ գրա­սէր զա­ւակ­նե­րուն, ո­րոնց հան­րա­գի­տա­րա­նը դար­ձած էին քոյր եւ եղ­բայր ­Սա­մո­ւէ­լեան­նե­րը:

Եւ ո՛չ միայն: Ար­մէնն ու Ա­լի­սը ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի ­Փա­րիզ ա­պաս­տա­նած կամ ժա­մա­նա­կա­ւոր հանգ­րո­ւան հաս­տա­տած բո­լոր դե­րա­կա­տար­նե­րուն մա­սին պատ­մու­թիւն­նե­րու եւ դրո­ւագ­նե­րու շտե­մա­րան մըն էին եւ են: «­Հա­կա­ռակ մռայլ ար­տա­քի­նին, Ար­մէն ազ­նիւ, հե­տաքրք­րա­կան եւ ծա­ռա­յա­սէր անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն էր»,- կը յայտ­նէ ­Չո­պո­յեան: 80ա­կան­նե­րու ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն, իր հօր՝ Հ­րանդ ­Սա­մո­ւէ­լի ա­նու­նը տո­ւած էինք ­Տե­սի­նի ­Հայ Մ­շա­կոյ­թի ­Տան սրա­հին եւ այդ ա­ռի­թով մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցած էի ­Սա­մո­ւէ­լեան­նե­րուն: Ա­մէն ան­գամ յա­տուկ խան­դա­ղա­տան­քով զիս կ­՛ըն­դու­նէին գրա­տան պա­տե­րէն ներս:

Ար­փիկ ­Մի­սա­քեա­նի եւ ու­րիշ­նե­րու մա­հէն ետք, հայ մշա­կոյ­թի այս ան­խոնջ պա­հակ­նե­րը նա­խա­պա­տե­րազ­մեան ­Փա­րի­զի վեր­ջին մո­հի­կան­նե­րէն էին: ­Ցա­ւակ­ցու­թիւն­ներս սի­րե­լի Ա­լի­սին եւ ըն­տա­նե­կան պա­րա­գա­նե­րուն»,- կ­՛եզ­րա­կաց­նէ ­Հիլ­տա ­Չո­պո­յեան: