Ո՛չ եւս է «Ազատ Օր»ի խմբագիր եւ յայտնի գործիչ՝ ընկ. Յովսէփ Պարազեան

Ո՛չ եւս է «Ազատ Օր»ի բազմավաստակ խմբագիր եւ յունահայ յայտնի գործիչ՝ ընկ. Յովսէփ Պարազեան

0
3840

­Մա­հո­ւան բօ­թը ցնցեց «Ա­զատ Օր»ի ըն­տա­նի­քը։ ­Հե­ռա­խօ­սի միւս ծայ­րէն ե­կող ընկ. ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեա­նի ան­դարձ մեկ­նու­մի մասին գոյ­ժը, թէեւ սպա­սե­լի էր վեր­ջին օ­րե­րուն, ան­հա­ւա­տա­լի թո­ւե­ցաւ եւ մեր հո­գի­նե­րը խամ­րեց։ ­Տա­կա­ւին ե­րէկ էր, երբ ան խմբագ­րա­տուն ե­կած էր, յանձ­նե­լու հա­մար իր վեր­ջին յօ­դո­ւա­ծը՝ «­Մա­յիս 28»ի առ­թիւ, որ, դժբախ­տա­բար՝ ան չհա­սաւ տպո­ւած տես­նելու։ Ա­մէն ան­գամ, որ ­ընկ. Յով­սէփ խմբագրա­տուն կ­՚այ­ցե­լէր, ու­րախ տրա­մադրու­թեամբ՝ կը զրու­ցէր պաշ­տօ­նէու­թեան հետ, իր ա­պա­գայ գրա­կան եւ հրատարակչական աշ­խա­տանք­նե­րը կը ծրագ­րէր, թեր­թին հա­մար թե­լադրանք­ներ կ­՚ը­նէր, կը շնչէր ա­նոր ա­ռօ­րեայ հեւ­քե­րով, այն­պէս ինչ­պէս՝ որ­պէս խմբա­գիր ապ­րե­ցաւ ու գոր­ծեց 40 տա­րի­ներ շա­րու­նակ, եւ վեր­ջին տաս­նա­մեա­կին՝ այ­լեւս աշ­խա­տա­կի­ցի հան­գա­ման­քով։
50 եր­կար տա­րի­ներ ան­ցան այն օ­րէն, երբ ե­րի­տա­սարդ ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեան մուտք գոր­ծեց «Ա­զատ Օր»ի ըն­տա­նի­քէն ներս, աշ­խա­տե­լով անն­ման մտա­ւո­րա­կան­ներու՝ ­Վազ­գէն Ե­սա­յեա­նի եւ Ա­հա­րոն Ս­տե­փա­նեա­նի շուն­չին տակ, շու­տով դառ­նա­լու հա­մար թեր­թիս խմբա­գի­րը։ Ա­մէնօրեայ խանդ եւ կեանք տո­ւաւ թեր­թին, ա­ռանց յոգ­նե­լու, ա­ռանց ժա­մե­րը հա­շո­ւե­լու, ա­ռանց գան­գա­տե­լու կամ յու­սալ­քո­ւե­լու։ «Ա­զատ Օր»ը ան իր հա­րա­զատ ըն­տա­նի­քը դար­ձուց։ ­Թեր­թի ան­խա­փան հրա­տա­րա­կու­թեան ու յա­րա­տեւ­ման հա­մար՝ ան օր ու գի­շեր մտա­ծեց եւ գոր­ծեց։ Ան­սահ­ման նո­ւի­րու­մի իր ո­գին եւ խմբագ­րա­կան փոր­ձա­ռու­թիւ­նը չզլա­ցաւ փո­խան­ցելու նաե՛ւ իր գոր­ծա­կից­նե­րուն եւ թեր­թիս աշ­խա­տա­կից­նե­րուն։ «Ա­զատ Օր» նոյ­նա­ցաւ ընկ. ­Յով­սէ­փին հետ, ինք նոյ­նա­ցաւ թեր­թին հետ։
Ընկ. ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեան ե­ղաւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ծո­ցին մէջ սնած նո­ւի­րեալ գոր­ծիչ մը, կու­սակ­ցա­կան եւ գա­ղու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թեան բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս։ ­Մաս­նակ­ցե­ցաւ կու­սակ­ցա­կան եւ միու­թե­նա­կան ան­հա­մար ժո­ղով­նե­րու, մամ­լոյ խոհր­դա­ժո­ղով­նե­րու, այ­ցե­լեց շրջան­ներ եւ բա­նա­խօ­սու­թիւն­ներ տո­ւաւ, լծո­ւե­ցաւ կազ­մա­կերպ­չա­կան ան­թուլ գոր­ծի։ Եր­կար տա­րի­ներ շա­րու­նակ, ան ստանձ­նեց ­«Հա­մազ­գա­յի­ն»ի Շրջ. ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­թիւ­նը եւ իր շուրջ հա­ւա­քեց ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հսկայ փա­ղանգ մը, ո­րոնց սէր եւ խան­դա­վա­ռու­թիւն փո­խան­ցեց, ինչ­պէս նաեւ՝ իր բո­վան­դակ կազ­մա­կեր­պա­կան հմտու­թիւնն ու փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ա­ռա­տօ­րէն բաժ­նեց իր գոր­ծա­կից­նե­րուն, կան­գուն պա­հե­լու հա­մար մշա­կու­թա­յին մեր ար­ժէք­նե­րու միու­թե­նա­կան կա­ռոյ­ցը։ Այս բո­լո­րը ը­րաւ, ա­ռանց ցու­ցա­մո­լու­թեան։ ­Գոր­ծեց անս­պառ հա­ւատ­քով եւ ներշն­չու­մով։
­Վեր­ջին շրջա­նին, ան հի­ւան­դա­նոց կը գտնո­ւէր՝ ու­ղե­ղի ա­րեան կա­թո­ւա­ծի հե­տե­ւան­քով։ «Ա­զատ Օր»ի խմբագ­րու­թիւ­նը ա­մէն օր տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը ստա­նար իր ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կին մա­սին, յու­սա­լով թէ ան՝ մօտ օ­րէն, ոտ­քի պի­տի ել­լէ ու դար­ձեալ պի­տի կանգ­նի իր ըն­տա­նի­քին եւ «Ա­զատ Օր»ի կող­քին։ ­Սա­կայն, իր վի­ճա­կը օ­րէ-օր ա­ւե­լի վատ­թա­րա­նա­լով, յոյ­սի վեր­ջին կա­թիլ­ներն իսկ ան տա­րաւ իր հետ, դէ­պի ան­խու­սա­փե­լին։
Ընկ. ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեա­նի մա­հով, յու­նա­հա­յու­թիւ­նը կը կորսն­ցնէ մտա­ւո­րա­կան սե­րուն­դի մը հա­րա­զատ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, դաշ­նակ­ցա­կան գա­ղա­փա­րի ու գոր­ծի ան­շեղ նուիրեալը, հայ մա­մու­լի վաս­տա­կա­ւոր սպա­սար­կուն, հա­մազ­գայ­նա­կան ըն­կե­րը եւ սի­րո­ւած հայ­րե­նա­կի­ցը։
Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան ­Յու­նաս­տա­նի կա­ռոյ­ցը, «Ա­զատ Օր»ի ըն­տա­նի­քը, ­«Հա­մազ­գա­յի­ն»ը, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը խո­րա­պէս կը սգան ըն­կե­րոջ ան­ժա­մա­նակ կո­րուս­տը։ Սր­տա­գին ցա­ւակ­ցու­թիւն­ներ՝ իր կո­ղակ­ցին՝ ­Մայ­տա­յին, զա­ւակ­նե­րուն՝ Ար­մի­կին եւ ­Լո­ռիին, հա­րա­զատ­նե­րուն եւ բո­լոր ըն­կեր­նե­րուն։
Ա­ռա­ջին այս հապ­ճեպ տո­ղե­րը, երբ տա­կա­ւին իր մա­հո­ւան գոյ­ժը կը շա­րու­նա­կէ ցնցել մեր սրտե­րը, երբ այ­լեւս խօսքն ու գի­րը կը ցամ­քին խոր ցա­ւէն, թող նո­ւա­զա­գոյ­ն տուր­քը ըլ­լան հան­գու­ցեալ ըն­կե­րոջ յի­շա­տա­կին։ Եր­թաս բա­րով՝ սի­րե­լի եւ ան­մո­ռա­նա­լի ընկ. ­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեան։

«Ա­զատ Օր»