­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը ձեր­բա­կա­լած է ­Մա­յիս 16ին թրքա­կան դես­պա­նա­տան դի­մաց խա­ղաղ ցոյց կա­տա­րող­նե­րուն վրայ յար­ձա­կած եր­կու թուրք տղա­մար­դիկ, ո­րոնք ա­մե­րի­կա­յի բնա­կիչ­ներ են:
«­Տը ­Տէյ­լի ­Քո­լըր»ի վե­րոն­շեալ տե­ղե­կու­թիւ­նը փո­խան­ցող աղ­բիւ­րը ձեր­բա­կա­լեալ­նե­րուն ինք­նու­թիւ­նը չէ բա­ցա­յայ­տած:
­Մինչ այդ, Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ գրա­սե­նեակ ու­նե­ցող թրքա­կան «Ո­ւա­շինկ­թըն ­Հաթ­թի» լրա­տո­ւա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը կը յայտ­նէ, որ ձեր­բա­կա­լեալ­նե­րէն մէ­կը շի­նա­րա­րա­կան ըն­կե­րու­թեան մը սե­փա­նա­կան­տէրն է՝ Է­յուպ Եըլ­տի­րիմ, որ ­Յու­նիս 14ին կա­լա­նո­ւած էր ­Նիւ ­Ճըր­զիի մէջ:
­Ձեր­բա­կա­լո­ւած երկ­րորդ ան­ձը ­Վըր­ճի­նիա­յի բնա­կիչ ­Սի­նան ­Նա­րինն է:
Եըլ­տի­րիմ տե­սե­րի­զով նկա­րո­ւած է ­Լու­սի Ու­սո­յեա­նը ծե­ծե­լու ըն­թաց­քին: ­Ծա­գու­մով քիւրտ ­Լու­սին հի­ւան­դա­նոց փո­խադ­րո­ւած էր՝ գլու­խէն ստա­ցած հա­րո­ւած­նե­րուն պատ­ճա­ռով:
Ա­մե­րի­կա­յի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­րամ ­Համ­բա­րեան այս առ­թիւ յայտ­նեց.- «­Մենք ան­հան­գիստ ենք, ո­րով­հե­տեւ ա­հա մէկ ա­միս ան­ցած օ­տար կա­ռա­վա­րու­թեան գոր­ծա­կալ­նե­րու կող­մէ այս դա­տա­պար­տե­լի յար­ձա­կու­մէն եւ տա­կա­ւին Էր­տո­ղա­նի թիկ­նա­պահ­նե­րը ի­րենց յան­ցա­գոր­ծու­թեան հա­մար չեն մե­ղադ­րուած եւ նա­խա­գահ Թ­րամ­փի վար­չա­կար­գը չէ պա­հան­ջած Ան­գա­րա­յէն, որ այս յար­ձակ­ման մաս­նա­կից­նե­րը զրկէ ան­ձեռնմ­խե­լիու­թե­նէ»:
­Համ­բա­րեան շա­րու­նա­կեց՝ ը­սե­լով.- «Այս ձեր­բա­կա­լու­թիւն­նե­րը լաւ սկիզբ են: ­Սա­կայն այս դէպ­քը սոսկ յան­ցա­գործ­ներ պատ­ժե­լով կա­րե­լի չէ ա­ւար­տած նկա­տել:
Ա­մե­րի­կա­յի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պար­տա­ւոր է կե­ցո­ւածք ճշդե­լու, երբ օ­տար պե­տու­թեան մը գոր­ծա­կալ­նե­րը կը փոր­ձեն բիրտ մի­ջոց­նե­րով ճնշել ա­մե­րի­կա­ցի քա­ղա­քա­ցի­նե­րու բո­ղո­քը: Ս­պի­տակ տան եւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան ան­գոր­ծու­թիւ­նը չա­փա­զանց ան­հասկ­նա­լի է՝ բազ­մա­թիւ քոնկ­րէ­սա­կան­նե­րու կող­մէ ար­ձա­նագ­րո­ւած բո­ղո­քի լոյ­սին տակ»: