ՊԱՐԷՏ ՔՀՆՅ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Մեծ յուզումով եւ մտահոգութեամբ կը հետեւիմ Սուրիոյ տխուր դէպքերուն։ Ամէն օր լրատուական կայաններէն կը լսեմ ու կը տեսնեմ կացութիւնը եւ անհամբեր կը սպասեմ պատերազմին աւարտը։ Պատահածը ըստ ինծի պատերազմ չէ, այլ ահաւոր ոճիր՝ սուտ խորագիրներով ծածկուած։
Մէկ կողմէ աշխարհը կը զարգանայ, միւս կողմէ Սուրիոյ պատերազմը կը ներկայացնէ աշխարհի միւս երեսը։ Տգիտութեան եւ վայրագութեան պատկերը։ Պատերազմէն անկախ մարդակերութիւն։ Կը տեսնենք գլխատում, հրկիզում, քարկոծում եւ այլ ձեւերով մարդասպանութիւն։ Հարիւր հազարաւոր մարդիկ մահացան եւ տակաւին կը շարունակուի։ Հաւաքական թաղումներ կը կատարուին առանց հարազատի ու աղօթքի, իսկ շատերու մարմինները տակաւին կը մնան անյայտ։ Միլիոնաւոր մարդիկ իրենց հայրենի հողը թողեցին եւ գաղթեցին դէպի դրացի երկիրներ, Եւրոպա, Գանատա եւ Աւստրալիա։ Նոր լեզու, նոր մշակոյթ, նոր ապրելակերպ ու այլ նոր դժուարութիւններ անոնց համար։ Երկիրը հիմնովին կը կործանուի։
Սուրիահայ պատմական ու պատուական գաղութը այդ փոթորիկին մէջ կը գտնուի։ Քանդուեցան կամ վնասուեցան հայկական բազմաթիւ բնակարաններ, եկեղեցիներ, դպրոցներ ու կեդրոններ։ Առաւել եւս, նահատակուեցան Սուրիոյ բանակին մէջ ծառայող հայ զինուորներ ու անհատներ։ Եւ շատեր վերստին գաղթի ճամբան բռնեցին։ Պէտք է ըսել, որ վերստին բառը հոս նպատակաւոր գրեցի։
Հարիւր տարիներ առաջ, Մեծ Եղեռնի աղէտէն ճողոպրած հայութեան համար Սուրիան դարձաւ ապահով գետին։ Մեծ թիւով գաղթական հայեր հասան Սուրիա՝ Տէր Զօրի անապատէն անցնելով։ Հոն փոխադրուեցաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Աթոռը։ Սուրիան դարձաւ Միջին Արեւելքի հայութեան դուռը։ Ժամանակ մը ետք, շատեր այդտեղէն մեկնեցան Լիբանան, Յորդանան, Եգիպտոս եւ Իրաք։
Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ արաբ ու մեծ մասամբ իսլամ սուրիացի ժողովուրդը յարգանքով ու հոգատարութեամբ ընկալեց գաղթական հայերը։ Ապա՝ զանոնք կոչեց քաղաքացի։ Սուրիահայութիւնը կարճ ժամանակի ընթացքին իր վրայէն թօթափեց անապատի փոշին, գաղթական անունը եւ ինքզինք վերականգնեց։ Պահեց իր անունն ու մականունը, կրօնքը, լեզուն, մշակոյթն ու սովորութիւնները։ Գաղթակայանը բնակարանի վերածեց եւ հաւաքավայրը՝ եկեղեցիի, դպրոցի ու ակումբի։ Ունեցաւ պետական երեսփոխան եւ Տէր Զօրի մէջ կանգնեց Մեծ Եղեռնի յուշակոթողը։ Հայը ինքզինք գտաւ եւ գաղութի վերածուեցաւ շնորհիւ հայկական ոգիին։ Սուրիահայութիւնը տեղւոյն պետութեան եւ ժողովուրդին վստահութիւնը շահեցաւ իր ճակտի քրտինքով ու հայու արժանապատուութեամբ։ Իսկ արտաքին ճակատի վրայ, Լիբանանահայութեան կողքին ան դարձաւ սիւնը սփիւռքահայութեան։ Դաժան պատմութիւնը այսօր անգամ մը եւս իր էջը կը բանայ այդ գաղութին դիմաց, որուն մէջ դեր ունի նաեւ մեր պատմական թշնամին՝ թուրքը։
Լիբանանցի հայ եմ։ Գիտեմ ի՛նչ կ’ըսեմ ու կը գրեմ, որովհետեւ ապրած եմ պատերազմի անբաղձալի փորձառութիւնը։ Լիբանանի հայութիւնը եւս 1975 թուականէն սկսեալ դիմագրաւեց նոյնանման տագնապ։ Մօտ 17 երկար տարիներ ան ապրեցաւ պատերազմի շրջան, որու պատճառով կրեց շատ մեծ վնասներ։ Ի վերջոյ, գաղութը աւերակներէն յաղթական դուրս եկաւ՝ շնորհիւ իր հայկական ոգիին։ Բազմաթիւ դէպքերէն իմ մտքին մէջ միշտ թարմ կը մնան երկուքը, որոնց մասին կը փափաքիմ անդրադառնալ.-
— Փոքր տարիքէս մաս կը կազմէի Պուրճ Համուտի «Ս. Քառասնից Մանկանց» եկեղեցւոյ դպրաց դասին եւ, առանց բացակայութեան, կը մասնակցէի Շաբաթ օրերու Կիրակմուտքի ժամերգութեանց ու Կիրակի օրերու պատարագներուն։ Շաբաթ օր մը, ժամերգութեան ընթացքին, սկսաւ ռմբակոծումը։ Քահանայ հայրը, դպրապետն ու ժամկոչը մտահոգ իրարու նայեցան եւ աչքի նշաններով համաձայնեցան շարունակելու արարողութիւնը։ Մենք ու հաւատացեալները ուժ առինք անոնցմէ եւ հետեւեցանք աղօթքին։ Յաջորդ օրերուն, երկու ռումբեր հարուածեցին եկեղեցին եւ մեծ վնաս հասցուցին։ Հարկ է նշել, թէ մինչեւ եկեղեցւոյ նորոգութիւնը արարողութիւնները շարունակուեցան բնականոն ձեւով։
— Դպրոցական օր մըն էր, երբ դասապահի ընթացքին յանկարծ սկսաւ ռմբակոծումը։ Դպրոցին մէջ՝ վախ ու իրարանցում։ Շատերը կու լային, ուրիշները կը ճչային, միւսները իրենց մայրերը կ’ուզէին։ Տնօրէնն ու ուսուցչական կազմը ի՞նչ ընէին կամ որո՞ւ հասնէին։ Չափազանց մեծ պատասխանատուութիւն՝ իրենց ուսերուն վրայ։ Կրնա՞ք երեւակայել այդ պահուն մօտ հազար աշակերտներով դպրոցի մը ներքին վիճակը։ Արագօրէն մեզի ճաշասրահ հաւաքեցին ու ժամեր ետք, երբ կացութիւնը քիչ մը հանդարտեցաւ, տնօրէնութիւնը հազար ու մէկ վախով արձակեց մեզի։ Եւ նման այլ դէպքեր ու դէմքեր։
Հայկական գաղութներ շատ անգամներ քաղաքական խաղաղ պայ-մաններու մէջ կը տագնապին իրենց ինքնութիւնը պահելու համար։ Մինչ սուրիահայութիւնը այսօր կը քալէ դէպի նոր Գողգոթա։ Սուրիահայութիւնը այսօր մէկ պատերազմի դաշտին վրայ երեք տարբեր ճակատամարտներ կը մղէ։ Ապրելու, հողը պաշտպանելու եւ ինքնութիւնը պահելու պայքար։ Եւ հակառակ մեծ վնասներուն ու կորուստներուն, այդ գաղութը մինչեւ այսօր կը տոկայ։ Այդտեղի հայերը մինչեւ այսօր կը դիմանան, շնորհիւ իրենց հայկական ոգիին։ Լուսաւորչի հաւատքով, Մամիկոնեանի սուրով եւ Մաշտոցի այբուբենով զօրացած՝ անոնք կը մղեն իրենց լինելութեան ճակատագրական պայքարը։
Աւերակ քաղաքներուն, մահի սարսափին, վէրքին ու սուգին մէջ տակաւին կ’ապրի հերոս հայու ոգին։ Կը շնչէ ու իւրաքանչիւրին վերապրելու յոյսը կը նորոգէ։ Կը շնչէ ու կամքի տոկունութիւն կը շնորհէ։ Կը շնչէ ու հեռաւոր ապագայի փայլուն հորիզոնը ցոյց կու տայ։ Ու այս բոլորի փաստը վերաշինումի ու վերականգնումի խօսուն պատկերն է։ Հպարտութեամբ կը տեսնենք, թէ հակառակ շարունակուող պատերազմին, հայերը արդէն սկսած են վերանորոգել իրենց բնակարաններն ու խանութները։ Հաւաքական ու միասնական ուժերով կը վերաշինեն հայկական դպրոցները, սրահներն ու կեդրոնները։ Կը վերականգնեն եկեղեցիներու գմբէթներու խաչերը։ Այո՛, բնակարանը անհրաժեշտ է իւրաքանչիւր մարդու համար։ Բայց նոյնքան անհրաժեշտ են եկեղեցին ու դպրոցը հայուն համար։ Անոնք մեր նուիրական կառոյցներն են, ուր յաւերժ կ’ապրի հայկական ոգին եւ այնտեղէն կը տարածէ իր շունչը եւ կը սփռէ իր լոյսը։ Այսպիսով՝ Սուրիոյ հայկական գաղութի հոգեւոր ու ազգային կեանքը եւս սկսաւ աշխուժանալ։
Միւս կողմէ՝ աշխարհով մէկ տարածուած հայութիւնը ջանք չխնայեց ամէն ձեւով օգտակար դառնալու իր կարեւոր մէկ հատուածին։ Ա՛յս է հայկական ոգին, որ հրաշքներ կը գործէ։ Ա՛յս է Քրիստոսի Յարութեան գաղափարին հաւատացող հայ ժողովուրդը, որու ազգային ոգին հիմնաքարն է իր գոյութեան։ Ոգին լոկ երեւակայական պատկեր մը չէ կամ ճառախօսութեան պայթուցիկ բառեր։ Ան ներգործող ուժ մըն է, որ դէպի արտաքին աշխարհ կ’արտացոլացնէ իր աշխատանքն ու յաջողութիւնը։
Գաղութներու պատմութեան մէջ կը պատահին դժուարին ժամանակաշրջաններ, որոնք լինելու ու չլինելու հրամայականին առջեւ կը դնեն հայութիւնը։ Սուրիոյ հայկական գաղութը այսօր այդ հրամայականին դիմաց կը գտնուի եւ արդէն ընդհանուր զօրաշարժ յայտարարած է։ Ան պիտի յաղթէ եւ պէ՛տք է յաղթէ, որպէսզի մեծ օրինակ եւ մղիչ ուժ դառնայ բոլորին, ինչպէս նաեւ՝ վերստին ստանձնէ սփիւռքահայութեան մէջ իր կարեւոր դերը։
Այնտեղ, ուր հայու ոգին կ’ապրի՝ հայը բնա՛ւ չի մեռնիր։