­Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տէն ետք, յու­նա­հայ գա­ղու­թի կազ­մու­թեան պատ­մու­թիւ­նը կը պար­փա­կէ կա­րե­ւոր է­ջեր, ո­րոնք կը յատ­կան­շեն իւ­րա­քան­չիւր քա­ղա­քի մէջ ա­պաս­տան գտած գաղ­թա­կան հո­սանք­նե­րը։ Ա­նոնց շար­քին, կա­րե­ւոր տեղ կը գրա­ւէ Ք­սան­թիի հայ գա­ղու­թը, որ իր 100-ա­մեայ պատ­մու­թեամբ եւ նշա­նա­կա­լից պատ­մա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րով կը լեց­նէ յու­նա­հայ մա­տեա­նը։
­Գա­ղու­թի 100-ա­մեա­կի պատ­մու­թիւ­նը վեր­ջերս նշո­ւե­ցաւ եր­կու հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյթ­նե­րով, ո­րոնք տպա­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծե­ցին հայ եւ յոյն հան­րու­թեան, եւ պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թիւն­նե­րուն մէ­ջէն լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռին Ք­սան­թիի հա­յու­թեան ներդ­րու­մը յու­նա­հայ կեան­քին եւ տե­ղա­կան ի­րա­կա­նու­թեան։
Ուր­բաթ, 24 ­Մարտ 2023-ին, յոյն հան­րա­ծա­նօթ ե­րա­ժիշտ ­Մա­նոս ­Խա­ծի­տա­քի­սի տուն-մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ պատ­մա­կան ար­խիւ­նե­րու եւ լու­սան­կար­նե­րու ցու­ցադ­րու­թեան բա­ցու­մը։ ­Ներ­կայ ե­ղան քա­ղա­քի մեծ թի­ւով պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ բազ­մու­թիւն։ ­Բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց Ք­րիս­տի­նէ Ա­ւե­տեան, ա­պա «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ ­Թագ­ւոր ­Գա­րաօղ­լա­նեան անդ­րա­դար­ձաւ ամ­բողջ ար­խի­ւի պատ­մա­կան կա­րե­ւո­րու­թեան, որ կա­րե­լի ե­ղաւ թո­ւայ­նաց­նել եւ պահ­պա­նել՝ շնոր­հիւ մաս­նա­գէտ դոկտ. ­Ղա­րու­ֆա­լիա ­Թէո­տո­րի­տո­ւի։
Ե­լեկտ­րո­նա­յին ձե­ւա­չա­փի վրայ պահ­պա­նո­ւած ար­խի­ւը պատ­մա­կան ժա­ռանգ մը պի­տի ըլ­լայ ա­պա­գայ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար, պահ­պա­նած ըլ­լա­լով 100-ա­մեայ պատ­մու­թեան մը ար­ժէ­քա­ւոր գան­ձա­րա­նը։ Ան նաեւ նշեց, թէ այս աշ­խա­տան­քը յի­շա­տա­կի տուրք մըն է բո­լոր ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք ար­մա­տա­խիլ ե­ղան Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան ի­րենց պա­պե­նա­կան տե­ղե­րէն, եւ հա­զա­րա­ւոր յոյ­նե­րու կող­քին, տեղ գտան հիւ­րըն­կալ Ք­սան­թիի մէջ։ Այդ սե­րունդ­ներն են, ո­րոնք ի­րենց կա­րե­ւոր նպաս­տը բե­րին քա­ղա­քի կեան­քին, միա­ժա­մա­նակ վառ պա­հե­ցին ան­մո­ռա­նա­լի հայ­րե­նի­քի ճրա­գը, պա­հե­լով լե­զու, պատ­մու­թիւն եւ մշա­կոյթ։
Ե­րե­կոն կը պա­րու­նա­կէր նաեւ հայ­կա­կան մե­ղե­դի­նե­րու յայ­տա­գիր մը, որ ե­րա­ժիշտ ­Յա­կոբ ­Ղա­զա­րեա­նի ճար­տար նո­ւա­գակ­ցու­թեամբ, պա­րու­րեց ներ­կա­նե­րու սիր­տե­րը եւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծեց։
Ե­րե­կո­յին ներ­կայ ե­ղան ­Գաղ­թա­կա­նա­կան քա­ղա­քա­նու­թեան պե­տա­կան բա­ժի­նի ընդհ. քար­տու­ղար ­Փաթ­րոք­լոս Եոր­ղիա­տիս, ե­րես­փո­խան Ս­փի­րոս ­Ցի­լի­կի­րիս, նախ­կին փոխ­նա­խա­րար Ս­թա­թիս Եա­նա­քի­տիս, Ք­սան­թիի փոխ­մարզ­պետ ­Քոնս­թան­տի­նոս ­Քուր­թի­տիս, քա­ղա­քա­պե­տի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Սո­ֆիա Փ­սո­մա եւ մեծ թի­ւով քա­ղա­քա­յին եւ մարզ­պե­տա­կան խորհր­դա­կան­ներ։
­Շա­բաթ, 25 ­Մար­տի ե­րե­կո­յեան, տե­ղի ու­նե­ցաւ Ք­սան­թիի հայ­կա­կան գա­ղու­թի ստեղծ­ման 100-ա­մեա­կի յո­բե­լի­նա­կան ե­լոյ­թը, քա­ղա­քա­պե­տա­կան ամ­փի­թատ­րո­նին մէջ, ստո­ւար թի­ւով հան­դի­սա­տես­նե­րու ներ­կա­յու­թեան։
Շր­ջա­նի հա­յու­թեան նոր սե­րուն­դին ա­նու­նով, ե­լոյ­թի բա­ցու­մը կա­տա­րեց Ար­թին ­Քիւրք­ճեան, որ յա­նուն հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան խոս­տում տո­ւաւ շա­րու­նա­կել հա­յու­թեան պայ­քա­րը եւ ա­մէն գնով պահ­պա­նել ի­րա­ւունք­նե­րը, պատ­մա­կան ա­ւան­դը, մշա­կոյթն ու բար­քե­րը յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րուն հա­մար։
Ե­լոյ­թի գլխա­ւոր մա­սը կը պա­րու­նա­կէր եր­կու դա­սա­խօ­սա­կան ներ­կա­յա­ցում­ներ։ Ա­ռա­ջին հեր­թին, բա­նա­սէր ընկ. ­Կիւ­լա ­Գա­սա­պեան հան­դէս ե­կաւ «­Հայ գաղ­թա­կան­նե­րու հաս­տա­տու­մը ­Յու­նաս­տա­նի մէջ՝ 1922-ին» նիւ­թով, ա­պա ազ­գագրա­կան գի­տու­թեան մաս­նա­գէտ դոկտ. ­Ղա­րու­ֆա­լիա ­Թէո­տո­րի­տու ներ­կա­յա­ցուց «Ք­սան­թի, այլ հայ­րե­նի­քը» նիւ­թը։ Եր­կու խօ­սող­ներն ալ, պատ­մա­կան տո­ւեալ­նե­րով եւ գի­տա­կան մօ­տե­ցու­մով տո­ւին հա­յու­թեան հաս­տատ­ման եւ հե­տա­գայ կեան­քի կա­րե­ւոր ծալ­քե­րը, ինչ­պէս նաեւ ընդգ­ծե­ցին Ք­սան­թիի մէջ գաղ­թա­կան­նե­րու նոր կեան­քի մեկ­նար­կը եւ հա­մար­կու­մը տար­բեր ի­րա­կա­նու­թեան մը մէջ։
Ե­րե­կո­յի գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բա­ժի­նը իր զգա­ցա­կան եւ խան­դա­վա­ռիչ բա­ժին­նե­րով կա­րե­ւոր բա­ժին մը գրա­ւեց բո­վան­դակ ե­լոյ­թի ներ­կա­յաց­ման մէջ։ ­Գո­մո­թի­նիի մշա­կու­թա­յին միու­թեան «­Նա­յի­րեան ­Մե­ղե­դի» երգ­չա­խում­բը հան­դէս ե­կաւ հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ո­գերգ­նե­րով, ա­պա մեկ­նա­բա­նեց հայ­կա­կան հայ­րե­նա­սի­րա­կան երգ մը ես։ Շր­ջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան տակ, երգ­չա­խում­բը յա­ջո­ղա­պէս մեկ­նա­բա­նեց իր յայ­տա­գի­րը եւ խլեց ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­ներ բո­լո­րին կող­մէ։ ­Խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծեց նաեւ «Ու­րար­տու» պա­րա­խում­բը, որ պա­րու­սու­ցու­թեամբ ­Ռու­զան­նա ­Զօհ­րա­պեա­նի ներ­կա­յա­ցուց հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան պար մը։
­Հայ­կա­կան մե­ղե­դի­նե­րու փունջ մը, ­Սա­յաթ նո­վա­յէն մին­չեւ մե­րօ­րեայ նո­ւագ­նե­րու գան­ձե­րը, ներ­կա­յա­ցուց երգ­չու­հի ­Յաս­միկ ­Բեկ­լա­րեա­նի ղե­կա­վա­րած նո­ւա­գա­խում­բը, մաս­նակ­ցու­թեամբ ա­րուես­տա­գէտ­ներ Հ­ռիփ­սի­մէ ­Դա­նիէ­լեա­նի, ­Յա­կոբ ­Ղա­զա­րեա­նի, ­Մի­խա­լիս ­Խա­ծո­փու­լո­սի, ­Թա­սոս Ավ­րա­մի­տի­սի եւ ­Ղաւ­րիիլ ­Քա­փան­տա­յի­սի։ ­Նո­ւա­գա­խում­բը կա­րո­ղա­ցաւ կամր­ջել հայ­կա­կան հին ու նոր ե­րաժշ­տա­կան աշ­խարհ­նե­րը, տա­լով յատ­կան­շա­կան նմուշ­ներ, ո­րոնք մե­ծա­պէս գնա­հա­տո­ւե­ցան ներ­կայ բազ­մու­թեան կող­մէ։
­Հայ հա­մայն­քի ա­նու­նով, ­Թագ­ւոր ­Գա­րաօղ­լա­նեան յի­շա­տա­կի նո­ւէր­ներ յանձ­նեց Ք­սան­թիի փոխ­մարզ­պե­տին եւ քա­ղա­քա­պե­տին՝ ի­րենց բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար յո­բե­լի­նա­կան ե­լոյթ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Ք­սան­թիի մետ­րո­պո­լի­տին եւ օ­րո­ւան բա­նա­խօս­նե­րուն։
Ն­շա­նա­կա­լից ե­րե­կոն ի­րեն ներ­կա­յու­թեամբ պա­տո­ւե­ցին ­Յու­նա­հա­յոց Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, որ հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով, Հ.Հ. դես­պա­նա­տան հիւ­պա­տոս ­Տիգ­րան ­Վար­դա­նեան,որ ան եւս ող­ջու­նեց ե­լոյթ­նե­րը Հ.Հ. դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նին կող­մէ, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան, Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ ընկ. ­Գաս­պար ­Կա­րա­պե­տեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ ընկ. ­Յա­րու­թիւն Ս­պար­թա­լեան, Հ.Կ.­Խա­չի Շրջ. վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Լի­զա Ա­ւա­գեան, Թ­րա­կիոյ միջ­թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ ­Պետ­րոս ­Մել­քո­նեան։
­Յու­նա­կան կող­մէն ներ­կայ ե­ղան շրջա­նի մեհտրո­պո­լիտ ­Փան­տե­լէի­մոն, որ իր ող­ջոյ­նի խօս­քը ուղ­ղեց ներ­կա­նե­րուն, նաեւ քա­ղա­քա­կան, քա­ղա­քա­պե­տա­կան եւ զի­նո­ւո­րա­կան կար­գե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ ­Հարկ է նշել, թէ քա­ղա­քի հա­յու­թեան կող­քին, մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ Ա­թէն­քէն, ­Թե­սա­ղո­նի­կէէն եւ Թ­րա­կիոյ հա­մայնք­նե­րէն ներ­կայ ե­ղան եւ քա­ջա­լե­րե­ցին 100-ա­մեա­կի ե­լոյթ­նե­րու շար­քը։
­Նոյն գի­շե­րը, տե­ղի ու­նե­ցաւ խրախ­ճանք մաս­նակ­ցու­թեամբ բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն եւ հայ հիւ­րե­րուն։ ­Գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բա­ժի­նը ստանձ­նած էր Յ. ­Ղա­զա­րեան, որ հայ­կա­կան նո­ւա­գի ճոխ յայ­տա­գի­րով ստեղ­ծեց խան­դա­վառ պա­հեր։ Խն­ճոյ­քի ըն­թաց­քին, Ա­նա­յիտ ­Գա­րաօղ­լա­նեա­նի կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած յու­շա­նո­ւէր­ներ տրո­ւե­ցան ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Սր­բա­զա­նին, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Թ. ­Յո­վա­կի­մեա­նին, Եւ­րո­պա­յի Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ ընկ. Գ. ­Կա­րա­պե­տեա­նին, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին ա­նու­նով ընկ. Յ. Ս­պար­թա­լեա­նին, «Ազատ Օր» թերթի եւ «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի ա­նու­նով ընկ. Մ. ­Չի­լին­կի­րեա­նին, իսկ Սր­բա­զան հայ­րը եւ Ազ­գա­յին վար­չու­թիւ­նը, ի­րենց կար­գին, պա­տո­ւե­ցին ընկ. Թ. ­Գա­րաօղ­լեա­նը իր ու­նե­ցած բազ­մա­մեայ ծա­ռա­յու­թեան հա­մար։
­Կի­րա­կի, 26 ­Մար­տի ա­ռա­ւօ­տուն, Ք­սան­թիի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­պիս­կո­պո­սա­կան հան­դի­սա­ւոր պա­տա­րագ, որ մա­տու­ցեց ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան։ Ե­ր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց ­Գո­մո­թի­նիի երկ­սեռ դպրաց դա­սը ղե­կա­վա­րու­թեամբ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեա­նի։