22 ­Մար­տին, ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պետ Ք. ­Մի­ցո­թա­քիս, հե­ռա­տե­սի­լէն իր խօս­քը ուղ­ղե­լով երկ­րի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն, յայ­տա­րա­րեց շրջա­գա­յու­թեան ար­գի­լու­մը, որ ի զօ­րու կը դառ­նայ 23 ­Մար­տէն մին­չեւ 6 Ապ­րիլ։
Օ­րե­րէ ի վեր, լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րուն մէջ տա­րա­ծո­ւած էին զա­նա­զան լու­րեր, ո­րոնք կը նշէին շրջա­գա­յու­թեան ար­գիլ­ման պա­րա­գան, մինչ անց­նող շա­բա­թա­վեր­ջին, բնակ­չու­թեան մեծ թի­ւով զան­գո­ւածնե­րու տե­ղա­փո­խու­թիւ­նը դէ­պի գիւ­ղերն ու կղզի­նե­րը ե­րե­ւոյթ մըն էր, որ բուռն կեր­պով քննա­դա­տո­ւե­ցաւ կա­ռա­վա­րու­թեան եւ մա­մու­լին կող­մէ։ ­Միա­ժա­մա­նակ, դար­ձեալ շա­բա­թա­վեր­ջին՝ բա­ւա­կան քա­ղա­քա­ցի­ներ, ան­տե­սե­լով տուն մնա­լու շա­րու­նա­կա­կան յոր­դոր­նե­րը, եր­կար պտոյտ­ներ կա­տա­րե­ցին մեծ քա­ղաք­նե­րու ծո­վե­զե­րեայ կամ բա­ցօ­թեայ պտոյ­տի շրջան­նե­րը, վա­րա­կու­մի վտան­գը ա­ւե­լի սաս­տիկ դարձ­նե­լով։ Ան­դին, մէկ օ­րո­ւան մէջ կրկնա­պատ­կո­ւե­ցաւ «­Քո­րո­նա» ժահ­րէն վա­րա­կո­ւած­նե­րու թի­ւը, իսկ մա­հե­րու թի­ւը հա­սաւ 15ի։
­Նոր սեղ­մում­նե­րու լոյ­սին տակ, շրջա­գա­յու­թիւն­նե­րը պի­տի սահ­մա­նա­փա­կո­ւին միայն անհ­րա­ժեշտ պա­րա­գա­նե­րու հա­մար՝ աշ­խա­տան­քի եր­թե­ւե­կու­թիւն, դե­ղա­րա­նի կամ բժիշ­կի այ­ցե­լու­թիւն, սնուն­դի ա­պա­հո­վում, դրա­մատ­նա­յին հար­ցեր, ան­կա­րող ան­ձե­րու օգ­նու­թեան հաս­նե­լու հա­մար, թաղ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, բա­ցօ­թեայ վայ­րե­րու մէջ ան­հա­տա­կան մար­զանք։
­Վե­րեւ նշո­ւած պա­րա­գա­նե­րուն հա­մար, քա­ղա­քա­ցի­նե­րը պի­տի գոր­ծա­ծեն յա­տուկ փաս­տա­թուղ­թեր, նշե­լով շարժ­ման պա­րա­գան, կամ անձ­նա­կան հե­ռա­ձայ­նէն SMS ղրկե­լով 13033 թի­ւին, կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ ա­պա­հո­վել տու­նէն դուրս գա­լու ար­տօ­նու­թիւն՝ յստակ պատ­ճա­ռի հա­մար։