1992 թուականին մենք ժառանգեցինք աւերուած, ռմբակոծուած, յօշոտուած Շուշի, եւ պատերազմի ծանր փորձութիւններով անցած Արցախի առջեւ խնդիր դրուած էր վերականգնելու եւ նոր շունչ տալու բերդաքաղաքին: Այս մասին «Արցախփրես»ին ըսած է Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեան՝ նշելով, որ անցած 25 տարիներու ընթացքին այդ ուղղութեամբ մեծ աշխատանք կատարուած է:
Խօսելով քաղաքին մէջ հաստատուած բնակչութեան թիւին մասին` քաղաքապետը նշած է, որ այժմ Շուշիի մէջ կ՛ապրի աւելի քան 5000 մարդ. ուրախալին այն է, որ տարուէ տարի բնակչութեան թիւը կ՛աճի:
«Շատերը կը ցանկան հաստատուիլ Շուշի, սակայն 2008էն բնակարաններ չունինք: Անբնակ տուներ կան, որոնց տէրերը շատոնց է՝ քաղաքին մէջ չեն ապրիր եւ, հնարաւորութեան պարագային, կարելի է այդ տուները ձեռք բերել ու տրամադրել այն մարդոց, որոնք կ՛ապրին Շուշիի մէջ եւ բնակարաններու կարիք ունին»,- աւելցուցած է քաղաքապետը եւ ընդգծած, որ մեծ ուշադրութիւն կը դարձնեն առկայ բնակումը պահպանելու։
«Անցեալ 4 տարիներու ընթացքին Շուշիի բարձրայարկ շէնքերու տանիքները հիմնականօրէն վերանորոգուած են: Կը նախատեսուի նաեւ բազմաբնակարան շէնքերու, մուտքերու, բակերու բարեկարգում, երեխաներու համար նոր խաղահրապարակներու կառուցում: Նիկոլ Դուման փողոցէն մինչեւ յայտնի «Ջդրդուզ» կոչուող հատուածը, պետական տնտեսաւորմամբ կ՛իրականացուին կուպրապատման աշխատանքներ»,- մանրամասնած է քաղաքապետը եւ աւելցուցած, որ Շուշիի մէջ նոր շէնքեր կառուցելու ժամանակ կ՛օգտագործուին միմիայն տեղական շինանիւթերը` պահպանելով Շուշիի ճարտարապետական հին տեսքն ու գոյնը:
Կատարուած եւ կատարուող աշխատանքները, ըստ քաղաքապետին, ամբողջովին պիտի փոխեն Շուշիի դիմագիծը` դարձնելով զայն ե՛ւ աւանդական, ե՛ւ ժամանակակից:
Շուշիի բնակչութիւնը տարուէ տարի կ՚աւելնայ
Շուշիի բնակչութիւնը տարուէ տարի կ՚աւելնայ