Մայիսեան եռատօնին՝ Յաղթանակի, Լ.Ղ.Հ. պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման 25ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկներ տեղի ունեցան Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի եւ Մշակոյթի քաղաք Շուշիի մէջ:
Մայիս 9ի առաւօտեան, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, տեղի ունեցաւ պաշտպանութեան բանակի զինուորականներու հանդիսաւոր քայլերթը, ապա՝ պաշտօնական հիւրերը եւ ժողովուրդը ուղղուեցան դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր-պանթէոն, ուր Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու նախագաներ Սերժ Սարգսեան եւ Բակօ Սահակեան ծաղկեպսակներ խոնարհեցին Բ. Աշխարհամարտի «Մեծ Հայրենական»ին զոհուածներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ Արցախեան Ազատամարտի նահատակներու շիրիմներուն: Ներկայ էին նաեւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, Արցախի երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեան, Արցախի եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահներ Աշոտ Ղուլեան եւ Գալուստ Սահակեան, Արցախի վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան, Արցախի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, սփիւռքէն եւ արտերկրէն ժամանած հիւրեր:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ պաշտպանութեան բանակի պատուոյ պահակախումբի հանդիսաւոր քայլերթը:
Պետական անձնաւորութիւնները բարձրացան Շուշի, ուր նախ ծաղիկներ զետեղեցին Հրասայլ-յուշարձանի պատուանդանին եւ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի յուշարձանին:
Հայկական երկու հանրապետութիւններու ղեկավարները ներկայ գտնուեցան «Արուեստներու եւ արհեստներու քաղաք» ցուցահանդէս-տօնավաճառին եւ դիտեցին Շուշի քաղաքի Վազգէն Սարգսեանի հրապարակին վրայ կազմակերպուած տօնական համերգը:
Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին եւ անոր յարակից տարածքին վրայ, Մայիս 9ի առաւօտեան, կազմակերպուած էր զէնքերու ցուցադրութիւն: Արցախի պաշտպանութեան բանակին կողմէ հիմնականօրէն ցուցադրուած էին հրասայլեր, դիպուկահար հրացաններ, հակաօդային պաշտպանութեան զինատեսակներ եւ անօդաչու թռչող սարքեր:
Ժողովուրդը եւ յատկապէս երեխաներ մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւէին զինուորներուն եւ ցուցադրուած զինատեսակներուն: Անոնցմէ շատեր ցանկութիւն յայտնեցին զինուոր դառնալու եւ պաշտպանելու իրենց հայրենի հողը:
Կէսօրին, Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ յաղթական շուրջպար:
Շուշիի ազատագրման 25րդ տարեդարձ
Շուշիի ազատագրման 25րդ տարեդարձը մեծ շուքով տօնուեցաւ