21 եւ 22 Հոկ­տեմ­բեր 2017ը ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին թո­ւա­կան պի­տի մնան Հ.Յ.Դ. Շո­ւէ­տի ըն­տա­նի­քի կազ­մա­կեր­պա­կան կեան­քին մէջ:
Ար­դա­րեւ, յա­ջոր­դա­կան եր­կու օ­րե­րու վրայ տե­ղի ու­նե­ցան եր­կու ան­նա­խըն­թաց ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ: Շա­բաթ՝ 21 Հոկ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան, 35 ե­րի­տա­սարդ նո­րա­գիր­ներ միա­ցան Հ.Յ.Դ. շար­քե­րուն, տա­լով դաշ­նակ­ցա­կա­նի ի­րենց եր­դու­մը, կնքա­հայ­րու­թեամբ՝ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ըն­կեր Հ­րանդ Մար­գա­րեա­նի: Իսկ Կի­րա­կի՝ 22 Հոկ­տեմ­բե­րին կա­տա­րո­ւե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր բա­ցու­մը Սո­տեր­թե­լիոյ Սար­դա­րա­պատ ա­կում­բին, նա­խա­գա­հու­թեամբ՝ ըն­կեր Հ­րանդ Մար­գա­րեա­նի եւ ներ­կա­յու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան Ար­տակ Ա­պի­տո­նեա­նի եւ պաշ­տօ­նա­կան հիւ­րե­րու:

Երդ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն

35 ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­ներ, ամ­բող­ջաց­նե­լէ ետք ա­միս­նե­րու վրայ եր­կա­րած ի­րենց դաս­տիա­րակ­չա­կան ծրա­գի­րը, տո­ւին ի­րենց եր­դու­մը եւ միա­ցան կու­սակ­ցու­թեան շար­քե­րուն:
Նո­րա­գիր­նե­րուն ուղ­ղած իր պատ­գա­մին մէջ, ըն­կեր Հ­րանդ Մար­գա­րեան յատ­կա­պէս նշեց, որ Դաշ­նակ­ցու­թեան շար­քե­րուն չեն ան­դա­մագ­րուիր, ինչ­պէս է պա­րա­գան շատ մը կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու, այլ` կը զի­նո­ւո­րագ­րո­ւին, ո­րով­հե­տեւ խօս­քը կը վե­րա­բե­րի ազ­գի ծա­ռա­յու­թեան, եւ իւ­րա­քան­չիւր դաշ­նակ­ցա­կան ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ ազ­գին զի­նո­ւորն է, Հայ Դա­տի զի­նո­ւո­րագ­րեալ ծա­ռան է, բա­ռին ա­մէ­նէն լայն եւ բազ­մա­կող­մա­նի ա­ռու­մով:

Ա­կում­բի բաց­ման հան­դի­սու­թիւն

Ժո­ղո­վուր­դը խռնո­ւած էր Սար­դա­րա­պատ Ժո­ղովր­դա­յին Տան մուտ­քին, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ի փո­ղե­րա­խում­բը եւ սկաուտ­նե­րը կար­գա­պահ շար­քե­րով կը կա­տա­րէին դի­մա­ւո­րո­ղի ջերմ պար­տա­կա­նու­թիւն:
Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Շո­ւէ­տի Հ.Յ.Դ. ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սի­մոն Տէր-­Սա­հա­կեան, որ ը­սաւ, թէ այս ա­կում­բը, որ ա­ռա­ջինն է շուրջ քա­ռա­սուն տա­րո­ւան կեանք ու­նե­ցող հա­մայն­քին մէջ, տունն է իւ­րա­քան­չիւր հա­յու, հա­րա­զա­տօ­րէն բաց է բո­լո­րին հա­մար, ա­ռանց գա­ղա­փա­րա­կան թէ դա­ւա­նա­կան խտրու­թեան, նոյ­նիսկ ե­թէ ու­նի յստակ պատ­կա­նե­լիու­թիւն, ո­րուն յար­կին ներ­քեւ միաս­նա­բար պի­տի գոր­ծեն Հ.Յ.Դ.ն, Հ.Մ.Ը.Մ.ը, «­Հա­մազ­գա­յին»ը, Հայ Դա­տը, Շ.Ե.Մ.ը, պա­տա­նե­կա­նը եւ Հ.Օ.Մ.ը, ի սպաս այս հա­մայն­քի կա­րիք­նե­րուն եւ հա­մա­հայ­կա­կան մեր նպա­տակ­նե­րուն:
Ա­պա՝ իր սրտի խօս­քը փո­խան­ցեց դես­պան Ար­տակ Ա­պի­տո­նեան, որ շնոր­հա­ւո­րեց այս կեդ­րո­նը` զայն նկա­տե­լով յոյժ կեն­սա­կան հա­մայն­քի հա­յա­պահ­պան­ման հա­մար, ա­պա նաեւ` Հայ Դա­տի հե­տապնդ­ման ի խնդիր, նշե­լով դես­պա­նա­տան հետ ար­դէն իսկ ա­ռողջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խիստ անհ­րա­ժեշտ տո­ւեա­լը: Ա­պա, ի­րենց օրհ­նու­թիւ­նը տո­ւին ու առ Աս­տո­ւած ա­ղօթք հայ­ցե­ցին հայ ա­ռա­քե­լա­կան եւ հայ կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րը:
Օ­րո­ւան հան­դի­սա­վարն էր Գո­հար Յա­կո­բեան: Եզ­րա­փա­կիչ կուռ պատ­գա­մով հան­դէս ե­կաւ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հ­րանդ Մար­գա­րեան: Դի­պուկ էր, երբ ան զու­գա­հեռ­ներ գծեց Հա­լէ­պի եւ Ս­թոք­հոլ­մի մի­ջեւ, Քա­միշ­լիի եւ Սո­տեր­թե­լիոյ մի­ջեւ, հա­սա­րակ յայ­տա­րա­րը նկա­տե­լով սու­րիա­հա­յու­թիւ­նը, որ ծա­նօթ պատ­ճառ­նե­րով այն­տեղ կը խամ­րի, հա­կա­ռակ` տո­կա­լու ու գո­յա­տե­ւե­լու իր բա­ցա­ռիկ վճռա­կա­մու­թեան, իսկ այս­տեղ փաս­տօ­րէն կը վե­րա­ծաղ­կի:
Վեր­ջա­պէս, իր խօս­քը ուղ­ղե­լով սրա­հը իր ներ­կա­յու­թեամբ ակ­նե­րե­ւօ­րէն «գրա­ւած» ե­րի­տա­սար­դու­թեան, Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը ընդգ­ծեց, որ դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սար­դը ի տար­բե­րու­թիւն այ­լոց` կը յատ­կան­շո­ւի իր յանձ­նա­ռու­թեամբ, կար­գա­պա­հու­թեամբ եւ գա­ղա­փա­րա­կան աշ­խար­հա­հեաց­քով, «ուս­տի մեր սրբա­զան Դա­տին ի խնդիր շա­րու­նա­կե­ցէք մեր պայ­քա­րը եւ մնա­ցէք յանձ­նա­ռու, մին­չեւ հա­կա­ռա­կոր­դին դէմ վերջ­նա­կան հա­տու յաղ­թա­նա­կը»: