«­Միայն մէկ գիր, մես­րո­պեան գիր եւ
մենք դար­ձանք լոյ­սի եր­կիր»

Գէորգ Է­մին

Այ­սօր, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ մաս­նա­ւո­րա­բար եւ տա­րո­ւան այս ե­ղա­նա­կին աշ­խար­հի բո­լոր եր­կիր­նե­րուն մէջ ընդ­հան­րա­պէս, դպրոց­նե­րը եւ կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը ի­րենց դռնե­րը կը վե­րա­բա­նան ըն­դու­նե­լու համար ա­շա­կերտ­նե­րը կրթա­կան նոր տա­րեշր­ջա­նի հա­մար: Ան­կաս­կած, որ իւ­րա­քան­չիւր երկ­րի հա­մար յատ­կան­շա­կան ե­ղե­լու­թիւն է կրթա­կան վե­րա­մու­տը, երբ բազ­մա­հա­զար ա­շա­կերտ­նե­րու մտա­յին աճ­ման, զար­գաց­ման եւ դաս­տիա­րա­կու­թեան կեն­սա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը կը սկսին: Ի վեր­ջոյ պե­տու­թեան մը կրթա­կան հա­մա­կար­գի մա­կար­դա­կը եւ ո­րա­կը, կրթա­կան մշակ­նե­րուն եւ դաս­տիա­րակ­նե­րուն վա­յե­լած դիրքն ու յար­գան­քը շատ բան կ­՚ը­սեն այդ երկ­րի ժո­ղո­վուր­դին՝ ինչ աս­տի­ճա­նի քա­ղա­քակր­թո­ւած ըլ­լա­լու մա­սին:
Աշ­խար­հի բո­լոր ժո­ղո­վուրդ­նե­րու կար­գին հայ ժո­ղո­վուր­դը եւս, իբ­րեւ մշա­կու­թա­սէր ժո­ղո­վուրդ, մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծա­յած է կրթու­թեան եւ դաս­տիա­րա­կու­թեան. հե­տե­ւա­բար նաեւ՝ կրթա­կան վե­րա­մու­տին: ­Հայ ե­կե­ղե­ցին իր դա­րա­ւոր պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին իբ­րեւ օր­րա­նը, հո­վա­նա­ւո­րը եւ պա­հա­պա­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի մշա­կոյ­թին, իր տօ­նա­ցոյ­ցին մէջ վե­րա­մու­տի շրջա­նին զե­տե­ղած է Ս. ­Սա­հա­կի եւ Ս. ­Մես­րո­պի ու իր ա­շա­կերտ­նե­րուն՝ Սր­բոց ­Թարգ­ման­չաց տօ­նը, ո­րուն հա­մար ալ ­Հոկ­տեմ­բեր ա­մի­սը հռչա­կո­ւած է կրթու­թեան եւ մշա­կոյ­թի ա­միս:
­Հա­յոց պատ­մու­թեան հան­ճա­րե­ղա­գոյն ի­րա­գոր­ծու­մը՝ Ս. ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի երկ­նակ­նիք Այ­բու­բե­նի գիւ­տը, հայ ժո­ղո­վուր­դը դար­ձուց օ­տա­րի մշա­կոյ­թին վար­ձա­կա­լու­թե­նէն ինք­նո­րոյն մշա­կոյ­թի տա­նու­տէր: Ինչ­պէս որ ­Գէորգ է­մին բա­նաս­տեղ­ծը կ­՚ը­սէ, «­Միայն մէկ գիր, մես­րո­պեան գիր եւ մենք դար­ձանք լոյ­սի եր­կիր» Ս. ­Մես­րո­պի Այ­բու­բե­նին ամե­նա­յատ­կան­շա­կան մա­սը հայ դպրո­ցի հաս­տա­տումն ե­ղաւ, որ իր ա­շա­կերտ­նե­րով ան­յա­պա­ղօ­րէն ­Հա­յաս­տա­նի շրջան­նե­րուն մէջ հայ­կա­կան դպրոց­ներ բա­ցաւ:
Որ­քան որ հա­յոց պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին հայ դպրո­ցը իր յատ­կան­շա­կան դե­րը ու­նե­ցած է հայ­րե­նի­քէն ներս, շատ-շատ ա­ւե­լի կեն­սա­կան դեր վե­րա­պա­հո­ւած է ա­նոր, օ­տար տի­րա­պե­տու­թեան կամ օ­տա­րու­թեան մէջ ապ­րող հա­յու­թեան հա­մար: Ա­սոր ա­ռա­ջին օ­րի­նա­կը հա­յոց պատ­մու­թեան մէջ տուած է նոյ­նինքն Ս. ­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց, երբ 4րդ ­դա­րէն սկսեալ, ­Հա­յաս­տա­նի ա­րեւմ­տեան մա­սը կը գտնո­ւէր ­Բիւ­զան­դիո­նի տի­րա­պե­տու­թեան տակ, ան ար­տօ­նու­թիւն ստա­ցաւ ­Թէո­դո­սիոս Բ. կայս­րէն ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տա­նի մէջ հայ­կա­կան դպրոց­ներ բա­նա­լու:
­Հայ­կա­կան Այ­բու­բե­նը ե­թէ մե­զի մշա­կոյ­թին ինք­նո­րոյն նկա­րա­գիր տո­ւաւ, ա­պա այդ ինք­նո­րոյ­նու­թեան եւ ազ­գա­յին մշա­կու­թա­յին ժա­ռա­գու­թեան տէր կանգ­նե­լու գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցող նոր սե­րունդ­նե­րը հայ դպրո­ցով ե­րաշ­խա­ւո­րո­ւե­ցաւ: Ազ­գա­յին ժա­ռա­գու­թեան ի­րա­ւա­տի­րու­թեան յանձ­նա­ռու­թիւ­նը կը փո­խան­ցո­ւի հայ դպրո­ցի հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեամբ:
Երբ վե­րա­մուտ կ­՚ը­սենք, առ հա­սա­րակ նկա­տի կ­՚ու­նե­նանք ա­շա­կերտ­նե­րը, մինչ­դեռ վե­րա­մու­տը կը վե­րա­բե­րի ոչ միայն ա­շա­կերտ­նե­րուն, այ­լեւ բո­լոր ա­նոնց ո­րոնք առն­չո­ւած են ա­շա­կերտ­նե­րուն ու­սում­նա­կան զար­գաց­ման եւ մշակ­ման գոր­ծին: ­Հե­տե­ւա­բար, այ­սօր ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ միա­տեղ, վե­րա­մուտ է բո­լո­րին հա­մար:
­Վե­րա­մուտ է պե­տու­թեան կրթա­կան նա­խա­րա­րու­թեան, ա­չա­լուրջ կեր­պով հե­տե­ւե­լու եւ մշա­կե­լու կրթա­կան ար­դիւ­նա­ւէտ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն: Վե­րա­մուտ է հայ դպրո­ցի տնօ­րէն­նե­րուն, ո­րոնց պա­տաս­խա­նա­տու գոր­ծու­նէու­թե­նէն կա­խեալ է յու­նա­հա­յու­թեան ա­պա­գան:
­Վե­րա­մուտ է կրթա­կան մշակ­նե­րուն ու դաս­տիա­րակ­նե­րուն, ո­րոնց ա­ռա­քե­լու­թեան վսե­մու­թիւ­նը եւ յոյժ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ա­նա­ռար­կե­լի է եւ աչք ա­մե­նե­ցուն ի նո­ցա հա­յին:
­Վե­րա­մուտ է ծնող­նե­րուն, ո­րոնց ծնո­ղա­կան պար­տա­կա­նու­թեանց հիմ­նա­կան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րէն է՝ ֆի­զի­քա­կան խնամ­քին չափ եւ ա­ւե­լի, ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւն ա­պա­հո­վել:
­Վե­րա­մուտ է ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի Ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեան,
Ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րուն, ո­րոնք փո­խա­նոր­դար­բար ազ­գին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ըլ­լա­լով, ազ­գին նոր սե­րունդ­նե­րուն հա­յե­ցի կրթու­թեան հա­շո­ւեառ ըլ­լա­լու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ու­նին:
Կ­րօ­նա­կան ժո­ղո­վին, որ ե­կե­ղե­ցա­կան եւ հո­գե­ւոր կեան­քի զար­գաց­ման առն­թեր՝ հա­ւա­տա­րիմ ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ազ­գա­յին ա­ռա­քե­լու­թեան, պա­տաս­խա­նա­տու է ա­չա­լուրջ հսկե­լու եւ հե­տե­ւե­լու է հայ դպրո­ցէն ներս հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան լրա­ցու­ցիչ տար­րին՝ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ դաս­տիա­րա­կու­թեան մա­տա­կա­րար­ման:
Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, որ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւնն է ազ­գին վար­չա­մե­քե­նա­յին բար­ւոք տնօ­րի­նու­մին մէջ հայ դպրո­ցը ըստ հնա­րա­ւո­րին լա­ւա­գոյն պայ­ման­նե­րով գոր­ծե­լու հե­տա­մուտ ըլ­լալ:
Ու­սում­նա­կան խոր­հուր­դին, ո­րուն պա­տաս­խա­տաո­ւու­թիւնն է հայ դպրո­ցէն ներս մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան եւ կրթու­թեան ընդ­հա­նուր տես­չու­թիւ­նը:
­Վե­րա­մուտ է ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չին՝ հայ ի­գա­կան սե­ռին պար­ծան­քը ե­ղող այս կնո­ջա­կան միու­թեան, որ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ իր գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն, մեր ժո­ղո­վուր­դին մա­տու­ցած խնա­մա­տա­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան մէջ, նաեւ կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգր­կած է հայ­կա­կան դպրո­ցի ճամ­բով նոր սե­րունդ­նե­րուն ազ­գա­յին դաս­տիա­րա­կու­թեան խնա­մա­տա­րու­թեան յանձ­նա­ռու­թիւ­նը:
­Վե­րա­մուտ է ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ ­Հայ Գ­թու­թեան ­Խա­չին, որ նոյն­պէս ազ­գա­յին բա­րե­սի­րա­կան խնա­մա­տա­րա­կան գոր­ծին ան­բա­ժա­նե­լի մա­սը դար­ձու­ցած է հիւ­սի­սա­յին հա­յաբ­նակ շրջան­նե­րուն մէջ, թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րու լիա­բուռն ա­ջակ­ցու­թեամբ, ո­գի ի բռին բաց պա­հե­լու հայ­կա­կան շա­բա­թօ­րեայ դպրոց­նե­րը:
­Վե­րա­մուտ է ազ­գա­յին միու­թեանց, կա­ռոյց­նե­րուն, մար­մին­նե­րուն, կազ­մա­կեր­պու­թեանց հա­մար, ո­րոնց գոր­ծու­նէու­թեան սե­ւե­ռա­կէ­տը հայ նոր սե­րունդ­նե­րուն մէջ հա­յու ո­գին եւ ինք­նու­թիւ­նը ար­ծարծ պա­հելն է:
­Վե­րա­մուտ է մա­մու­լին՝ «Ա­զատ Օր»ին, որ յու­նա­հա­յու­թեան կեն­սու­նա­կու­թեան բազ­կե­րակն է:
­Վե­րա­մուտ է մա­նա­ւանդ ամ­բողջ յու­նա­հա­յու­թեան հա­մար անխ­տիր, ո­րուն գո­յա­տե­ւու­մը հայ դպրո­ցին ըն­ծա­յած իր նիւ­թա­բա­րո­յա­կան ան­վե­րա­պահ քա­ջա­լե­րան­քով ե­րաշ­խա­ւո­րո­ւած է:
­Վե­րա­մու­տը հա­մա­գա­ղու­թա­յին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան յանձ­նա­ռու­թիւնն է:
Ե­րա­նի այն գա­ղու­թին, որ հայ դպրո­ցի կրթա­կան վե­րա­մու­տի եր­ջան­կու­թիւ­նը ապ­րե­լու վա­յել­քը ու­նի:
Շ­նոր­հա­ւոր եւ բա­րի վե­րա­մուտ բո­լո­րին:

ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ

Ա­թէնք, 11 ­Սեպ­տեմ­բեր 2019