Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ իր շնորհքով եւ ողորմութեամբ
կարողացանք 2017 տարին բոլորել թէ՛ որպէս ազգ եւ թէ՛ որպէս Եկեղեցի:
Մեր աղօթքն ու մաղթանքն է, որ Աստուած մեր բոլորին հաւատքը
եւ յոյսը նորոգէ եւ Քրիստոսի խաղաղութեան եւ հաշտութեան լոյսը
անգամ մը եւս փայլի մեր այս աշխարհին վրայ, յատկապէս
մեր հայրենիքին եւ մեր սրտերուն մէջ:
Յունաստանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին
եւ ժողովուրդին անունով կը մաղթենք՝
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ,
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Ձեզի մեզի մեծ Աւետիս
Ձերդ Աղօթարար՝
Վեր. Վիգէն Չոլաքեան Հովուապետ