­Կի­րա­կի՝ 8 ­Հոկ­տեմ­բեր 2017ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն, 70է ա­ւե­լի մար­զիկ­ներ ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի կազ­մա­կեր­պած Historic Run վազ­քի մրցու­մին։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի վազ­քի եւ լո­ղոր­դա­կա­նի խում­բը, ­Ճէ­նա­զեան միջ­նա­կարգ վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը եւ շատ մար­զա­սէր­ներ ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ եւ մաս­նակ­ցու­թեամբ ցոյց տո­ւին, թէ եր­բեք հայ­րե­նիք մը կա­րե­լի չէ մո­ռա­ցու­թեան յանձ­նել։
­Կը շնոր­հա­ւո­րենք ­Գար­լօ ­Հել­վա­ճեա­նին, որ 1200 մար­զիկ­նե­րու մէ­ջէն 5րդ ­դիր­քը գրա­ւեց՝ 5000 մեթր վազ­քի մրցու­մին, 19։29 վայր­կեա­նի մէջ։