Ֆ­րան­սա­յի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Է­մա­նո­ւէլ ­Մաք­րո­նի կող­մէ Ապ­րիլ 24ը Ֆ­րան­սա­յի մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տակ­ման օր հռչա­կե­լու կա­պակ­ցու­թեամբ, Հ.Յ.Դ. ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բը շնոր­հա­կա­լա­կան նա­մակ մը յղած է ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Ֆ­րան­սա­յի դես­պան Ք­րիս­թոֆ ­Շան­տե­փի, յու­նա­հա­յու­թեան ա­նու­նով ող­ջու­նե­լով նա­խա­գահ ­Մաք­րո­նի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը։ Ան­ցեալ շա­բաթ, ­Փա­րի­զի մէջ կա­յա­ցած Ֆ­րան­սա­յի ­Հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը հա­մա­կար­գող խոր­հուր­դին տա­րե­կան ընթ­րի­քի ըն­թաց­քին, նա­խա­գահ Է­մա­նո­ւէլ ­Մաք­րոն Ապ­րիլ 24ը յայ­տա­րա­րեց ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տակ­ման ազ­գա­յին օր հռչա­կե­լու իր նպա­տա­կին մա­սին յար­գե­լով խոս­տու­մը որ տո­ւած էր քա­նի մը ա­միս ա­ռաջ, Ե­րե­ւա­նի մէջ Ֆ­րան­քո­ֆո­նիա­յի խորհր­դա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին։