2016ի Ապ­րի­լին, Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի վրայ ծա­ւա­լած քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մէն ետք, միա­նա­լով Ար­ցա­խի օ­ժան­դա­կու­թեան հա­մա­հայ­կա­կան ար­շա­ւին, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէն յա­ռա­ջա­ցուց Ար­ցա­խի Օ­ժան­դա­կու­թեան ­Ֆոն­տի ­Յանձ­նա­խումբ՝ յու­նա­հայ գա­ղու­թի գոր­ծօն­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ, ո­րուն կող­մէ ­Յու­նաս­տա­նի ամ­բողջ տա­րած­քին կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ ­Ֆո­նե­թոն-դրա­մա­հա­ւաք 22 ­Մա­յիս 2016ին: Օ­րին, մա­մու­լով մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը տե­ղեակ պա­հուած էին որ գո­յա­ցած 60.185 եւ­րո­յի գու­մա­րը փո­խան­ցո­ւած էր սոյն նպա­տա­կին։ ­Ֆո­նե­թո­նէն գո­յա­ցած գու­մա­րը լա­ւա­գոյնս օգ­տա­գոր­ծե­լու եւ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի անվ­տան­գու­թիւնն ու պաշտ­պա­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու նպա­տա­կով՝ ե­ղան անհ­րա­ժեշտ խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ ան­մի­ջա­կան կապ հաս­տա­տե­լով Ար­ցա­խի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ, ո­րոնց ցուց­մուն­քով եւ թե­լադ­րան­քով՝ հան­գա­նա­կո­ւած գու­մա­րը փո­խան­ցո­ւե­ցաւ «­Հա­յաս­տան» ­Ռազ­մա­հայ­րե­նա­սի­րա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մին եւ Ար­ցա­խի ­Բա­նա­կին՝ բա­նա­կա­շի­նու­թեան զար­գաց­ման հե­տա­գայ ծրա­գիր­նե­րուն հա­մար։ Ս­տո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք եր­կու շնոր­հա­կա­լա­գիր նա­մակ­նե­րու պատ­ճէն­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի պաշ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­ներ ­Վի­գէն ­Սարգսեա­նի եւ ­Լե­ւոն Մ­նա­ցա­կա­նեա­նի կող­մէ, ո­րոնք ղրկո­ւե­ցան Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէին, ի­րենց հա­մա­պա­տաս­խան ստա­ցա­գիր­նե­րով։ Եր­կու նա­մակ­նե­րուն մէջ ալ յար­գե­լի նա­խա­րար­նե­րը ի­րենց շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը եւ գնա­հա­տան­քը կը յայտ­նեն յու­նա­հա­յու­թեան, ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի անվ­տան­գու­թեան եւ ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան հա­մար սա­տա­րող մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու ազ­գա­նո­ւէր եւ սրտա­բուխ օ­ժան­դա­կու­թեան մա­սին։

­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան
­Կո­մի­տէի ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ
պա­րոն ­Քե­րոբ Է­քի­զեա­նին

18-05-2017 թ.

­Յար­գե­լի պա­րոն Է­քի­զեան

Սր­տանց շնոր­հա­կա­լու­թիւն եմ յայտ­նում ձեզ «­Հայ­րե­նիք» ռազ­մա­հայ­րե­նա­սի­րա­կան հիմ­նադ­րա­մին նո­ւի­րա­տո­ւու­թեան եւ ընդ­հան­րա­պէս ձեր հայ­րե­նա­նո­ւէր կե­ցո­ւած­քի հա­մար։
Ն­մա­նօ­րի­նակ ձեռ­նար­կում­նե­րը մեզ պար­տա­ւո­րեց­նում են ա­ռա­ւել նո­ւի­րո­ւած, ար­դիւ­նա­ւէտ աշ­խա­տել եւ մենք, իս­կա­պէս, ու­նենք փո­խա­դարձ օ­ժան­դա­կու­թեան, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րիք, քան­զի հա­մազ­գա­յին բա­նա­կի գա­ղա­փա­րով ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լով միայն հնա­րա­ւոր կը լի­նի լու­ծել մեր առ­ջեւ ծա­ռա­ցած խնդիր­նե­րը։
Վս­տահ եմ՝ կի­սում էք իմ հա­մոզ­մուն­քը, որ պատ­մա­կան այս փու­լում ոչ միայն ­պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան, այ­լեւ ամ­բողջ հա­յու­թեան ա­ռաջ­նա­յին խնդի­րը պէտք է լի­նի ա­ռա­ւել ու­ժեղ, պաշտ­պա­նո­ւած ­Հա­յաս­տան եւ Ար­ցախ ու­նե­նա­լը։
Եւ միայն այս գա­ղա­փա­րով ա­ռաջ­նոր­դո­ւե­լով՝ կա­րող ենք հաս­նել մեր հա­մազ­գա­յին նո­ւի­րա­կան իղ­ձե­րի ու ե­րա­զանք­նե­րի ի­րա­կա­նաց­մա­նը։

­Յար­գան­քով՝
ՎԻԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Շ­նոր­հա­կա­լա­գիր

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի
Կ. Կ. ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Քե­րոբ Է­քի­զեա­նին

­Բա­նա­կի հա­մար ա­րո­ւող իւ­րա­քան­չիւր բա­րե­րա­րու­թիւն ար­ժա­նի է գնա­հա­տան­քի, քան­զի նաեւ ի շնոր­հիւ դրա մեր ­Զի­նո­ւած ու­ժե­րը ստա­նում են զար­գաց­ման նոր ա­լիք եւ ո­րակ։ ­Միւս կող­մից՝ ­Բա­նա­կին ցու­ցա­բե­րած օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը, սրտա­ցաւ վե­րա­բեր­մուն­քի իւ­րա­քան­չիւր դրսե­ւո­րում նպաս­տում են ­Զի­նո­ւած ու­ժե­րի եւ հա­սա­րա­կու­թեան կա­պի հե­տա­գայ ամ­րապնդ­մա­նը՝ ա­պա­ցու­ցե­լով, որ ­Հա­յոց ­Բա­նա­կը մեր ժո­ղովր­դի ան­կեղծ զա­ւակն է, ին­չը կրկին ան­գամ հա­ւաս­տում է մեր ո­գու ամ­րու­թիւ­նը եւ միաս­նա­կան կամ­քը՝ ազ­գա­յին նպա­տակ­ներն ի­րա­գոր­ծե­լու գոր­ծում։
­Բազ­մա­թիւ այն հա­յե­րի շար­քում, ով­քեր բա­նա­կին ու­ժե­րի նե­րա­ծին չա­փով օգ­նե­լը հա­մա­րում են խղճի ու հայ­րե­նա­սի­րու­թեան պարտ­քը, ա­ռանձ­նա­նում էք նաեւ դուք եւ ձեր կող­մից Պ.Բ.ին յատ­կա­ցուած 30.000 տո­լա­րը, որն իր անգ­նա­հա­տե­լի ազ­դե­ցու­թիւ­նը կ­’ու­նե­նայ բա­նա­կա­շի­նու­թեան զար­գաց­ման հե­տա­գայ գոր­ծըն­թա­ցում։
Պ.Բ. բո­լոր զի­նո­ւոր­նե­րի, սպա­նե­րի, բա­նա­կի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան եւ ան­ձամբ իմ ա­նու­նից մեր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւնն ենք յայտ­նում ձեզ հայ­րե­նա­նո­ւէր ա­րար­քի հա­մար եւ վստահ եմ, որ նման ձեռ­նար­կում­նե­րի շնոր­հիւ բա­նակ-ժո­ղո­վուրդ կա­պը էլ ա­ւե­լի կ­’ամ­րապն­դո­ւի՝ ի շահ հայ­րե­նի­քի բար­գա­ւաճ­ման։

18-05-2017 թ.

­Յար­գան­քով՝ Ա.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար — Պ.Բ. հրա­մա­նա­տար
գե­նե­րալ-լէյ­տե­նանտ Լ. ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ