Անցեալ շաբթուան ընթացքին Ատտիկէի մէջ պատահած ահաւոր հրդեհներու եւ տասնեակ անմեղ քաղաքացիներու մահուան առիթով՝ յունահայոց առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ Ազգային Վարչութիւնը նամակ ղրկեցին Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ պրն. Բրոքոբիս Բավլոբուլոսի, կառավարութեան վարչապետ պրն. Ալէքսիս Ցիբրասի, Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոս Տ.Տ. Իէրոնիմոսին եւ Ատտիկէի մարզպետ տիկ. Ռենա Տուրույի՝ յայտնելով յունահայ համայնքի ցաւակցութիւնները զոհերուն համար, ինչպէս նաեւ համայնքի զօրակցութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը օգտակար ըլլալու մարդասիրական օգնութեան աշխատանքներուն։
Իրենց կարգին, Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ պրն. Բրոքոբիս Բավլոբուլոս եւ մարզպետ տիկ. Ռենա Տուրու նամակով, զոր կը հրատարակենք այտ էջով, իրենց շնորհակալութիւնները կը յայտնեն Սրբազան հօր եւ Ազգային Վարչութեան եւ յատուկ կերպով իրենց գովասանքները կը յայտնեն համայնքին համար՝ միաժամանակ ընդգծելով անոր կարեւոր ներկայութիւնը եւ դերը յունական իրականութեան մէջ։
Շնորհակալական նամակներ
Շնորհակալական նամակներ Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահէն եւ Ատտիկէի Մարզպետարանէն