Ինչպէս արդէն ծանօթ է, Օգոստոսի ընթացքին Էվիայի մէջ բռնկած մեծ հրդեհներէն տուժածներուն օգնութեան հասնելու համար, Ազգային վարչութիւնը կազմակերպած էր մարդասիրական օգնութիւն, անհրաժեշտ իրեր տրամադրելով Կեդրոնական Յունաստանի մարզպետութեան։
Աշխատանքը օրին իրագործուեցաւ շնորհիւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու ջանքերուն, որոնք յանձն առած էին սոյն օգնութիւնը հաւաքելու եւ սեփական միջոցներով փոխադրելու Խալքիտա քաղաքը, յանձնելու համար պետական պատասխանատու մարմիններուն։
20 Օգոստոս 2021 թուակիր նամակով մը, Կեդրոնական Յունաստանի մարզպետ Ֆանիս Սփանոս շնորհակալական գիր ուղարկեց Յունահայոց Ազգային Առաջնորդարանին, որուն մէջ ան իր ջերմ շնորհակալութիւնները եւ երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Առաջնորդարանին, իր ընձեռած օգնութեան համար։
Մարզպետը կը նշէ թէ սոյն նախաձեռնութիւնը շրջանին համար պատիւ բերող քայլ մըն է, որ ցոյց կու տայ անշահախնդիր մատուցման արժէքը այս դժուար ժամանակներուն, յոյս յայտնելով թէ նման նախաձեռնութիւններ բարի օրինակ պիտի դառնան։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Շնորհակալական նամակ՝ Ազգային Առաջնորդարանի ընձեռած օգնութեան համար