Շիրվանզադէ 1858-1935

Շիրվանզադէ (Ալեքսանդր Մովսիսեան, 1858-1935). Հայկական իրապաշտ վիպագրութեան մեծ վարպետը Ն.

0
1426

Ապ­րիլ 18ին կը նշենք ծննդեան տա­րե­դար­ձը մեր գրա­կա­նու­թեան դա­սա­կան մե­ծու­թիւն­նե­րէն Ա­լեք­սանդր ­Մով­սի­սեա­նի, որ ա­րե­ւե­լեան կողմն ­Հա­յաս­տա­նի՝ ­Շա­մա­խի (­Շիր­վան) մէջ ծնած ըլ­լա­լով, գրչա­նուն ընտ­րեց ­Շիր­վան­զա­դէն (­Շիր­վա­նի ­Զա­ւակ) եւ այդ ա­նու­նով իր լու­սա­ւոր տե­ղը նո­ւա­ճեց հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան երկ­նա­կա­մա­րին։
Ի­րա­պաշ­տու­թիւ­նը ե­ղաւ, ­Շիր­վան­զա­դէի հա­մար, ե՛ւ կեան­քի, ե՛ւ գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ա­ռաջ­նոր­դող սկզբունք.
— «­Մար­դու հա­մար ծննդից ու մա­հից ա­ւե­լի կա­րե­ւոր ո­չինչ կայ: Ծ­նո­ւե­լիս նա ո­չինչ գի­տէր, մեռ­նե­լիս նա ա­մէն ինչ գի­տի»։
— «Ոչ մի գա­զա­նու­թիւն այն­քան զազ­րե­լի չէ, որ­քան մտքի գա­զա­նու­թիւ­նը: Ոչ մի յան­ցանք այն­քան քստմնե­լի չէ, որ­քան հո­գե­կան յան­ցանք­նե­րը»:
­Հայ գրա­կա­նու­թեան ե­զա­կի ե­րե­ւոյթ­նե­րէն է ­Շիր­վան­զա­դէ։ Իր գրչէն կեանք ա­ռած վի­պակ­ներն ու վէ­պե­րը՝ «­Նա­մուս»ն­ ու «­Քաոս»ը, «­Պա­տո­ւի հա­մար»ն­ ու «Ար­սէն ­Դի­մաք­սեան»ը, «Օ­րիորդ ­Լի­զա»ն­ եւ «Իշ­խա­նու­հին», ինչ­պէս նաեւ «Ա­ւե­րակ­նե­րի վրայ» ու «Ար­մէ­նու­հի» թա­տե­րա­կան գոր­ծե­րը մին­չեւ այ­սօր խռով­քի ու խոր յու­զու­մի կը մատ­նեն ըն­թեր­ցո­ղը՝ հա­յու մեր ան­ցեա­լէն ե­կող եւ, այս կամ այն տար­բե­րա­կով, տա­կա­ւին շա­րու­նա­կո­ւող բար­քե­րու եւ ըն­կե­րա­յին ցա­ւե­րու ի­րենց գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ցո­լա­ցու­մով, ցնցիչ կեր­պա­ւո­րում­նե­րով եւ խստա­պա­հանջ քննա­դա­տու­թեամբ։ ­Շիր­վա­զան­դէ ի­րա­ւամբ կը հան­դի­սա­նայ 19րդ ­դա­րա­վեր­ջի ու 20րդ ­դա­րաս­կիզ­բի հա­յոց ըն­կե­րա­յին ցա­ւե­րուն՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի հա­սա­րա­կա­կան հիւ­սուած­քին եւ յու­զաշ­խար­հին յան­դուգն վի­պա­սա­նը եւ, իբ­րեւ այդ­պի­սին, ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս իր տե­ղը ու­նի հան­ճա­րեղ հայ գրող­նե­րու հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ։
­Կեան­քը դա­ժան գտնո­ւե­ցաւ իր գրա­կան շնորհ­նե­րուն ու ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան կան­խա­հաս գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցող Ա­լեք­սանդ­րի նկատ­մամբ։ Ծ­նած բա­րե­կե­ցիկ ըն­տա­նի­քի յար­կին տակ, ան իր նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ ­Շա­մա­խի՝ նախ պա­տո­ւե­լի ­Սար­գիս «վար­պետ»ի վար­ժա­տան, ա­պա ղա­րա­բաղ­ցի ­Տէր ­Յով­հան­նէ­սի դպրո­ցին մէջ։ ­Հայ­րը, ա­ռեւ­տու­րի մէջ յա­ջո­ղած նախ­կին դեր­ձակ, կ­’ու­զէր որ Ա­լեք­սանդր ռու­սա­կան ու­սում ստա­նայ եւ ա­ռեւտ­րա­կան կեան­քի պատ­րաս­տու­թիւն ձեռք բե­րէ. այդ նպա­տա­կով ալ գա­ւա­ռա­կան պե­տա­կան վար­ժա­րան ու­ղար­կեց տղուն։ ­Բայց 1872ին պա­տա­հե­ցաւ ­Շա­մա­խի երկ­րա­շար­ժը եւ ­Մով­սի­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քը իր կար­գին կորսն­ցուց ա­մէն ինչ. Ա­լեք­սանդ­րի հայ­րը սնան­կա­ցաւ եւ վե­րա­դար­ձաւ իր հին ար­հես­տին։ Իսկ Ա­լեք­սանդր, հա­զիւ 15 տա­րե­կան պա­տա­նի, պե­տա­կան վար­ժա­րա­նը ա­ւար­տե­լէ ան­մի­ջա­պէս ետք, մեկ­նե­ցաւ ­Պա­քու՝ «մի կտոր հաց շա­հե­լու», ինչ­պէս որ հե­տա­գա­յին ­Շիր­վան­զա­դէ պի­տի գրէր իր ինք­նա­կեն­սագ­րու­թեան մէջ։
Այդ­պէ՛ս սկիզբ ա­ռաւ եւ թափ հա­ւա­քեց ըն­կե­րա­յին ա­նար­դա­րու­թեանց դէմ ­Շիր­վա­զան­դէի խոր ու ան­սահ­ման ընդվ­զու­մը։
Ա­ռեւ­տու­րի մարդ չէր ­Շիր­վան­զա­դէ, ո­րուն ­Պա­քու բա­ժին հա­նեց գոր­ծի աս­պա­րէ­զի մէջ ան­յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու շարք մը, մին­չեւ որ ազ­գա­կան­նե­րուն միջ­նոր­դու­թեամբ ան քար­տու­ղա­րի պաշ­տօն ստա­ցաւ ­Նա­հան­գա­յին ­Վար­չու­թեան մէջ։ ­Թէեւ նիւ­թա­պէս գո­հա­ցու­ցիչ չէր այդ պաշ­տօ­նը, բայց գրա­դա­րա­նա­պետ նշա­նա­կո­ւե­լով «­Մար­դա­սի­րա­կան Ըն­կե­րու­թեան» մա­տե­նա­դա­րա­նին, ­Շիր­վան­զա­դէ լայն ժա­մա­նակ ու­նե­ցաւ ըն­թեր­ցու­մի։ Ուղ­ղա­կի լա­փեց ինչ որ ձեռ­քը ան­ցաւ, ժա­մա­նա­կի հայ մա­մու­լի հա­ւա­քա­ծո­նե­րէն մին­չեւ ռու­սա­կան եւ եւ­րո­պա­կան գրա­կա­նու­թեան ու ի­մաս­տա­սի­րու­թեան դա­սա­կան թէ ար­դի հարս­տու­թիւն­նե­րը։ Այդ ճամ­բով ոչ միայն կեն­դա­նի եւ ա­մէ­նօ­րեայ կապ հաս­տա­տեց հայ կեան­քի վե­րի­վայ­րում­նե­րուն հետ, այ­լեւ՝ զարկ տո­ւաւ գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան իր ըն­դու­նա­կու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ հա­սա­րա­կա­կան մտքի հո­սանք­նե­րուն մէջ իր խո­րա­ցու­մին։
Ա­ռա­ջին յար­մար պա­տե­հու­թեան, փո­խեց իր գոր­ծը եւ գրա­գի­րի պաշ­տօն ստանձ­նեց նաւ­թա­յին ըն­կե­րու­թեան մը գրա­սե­նեա­կին մէջ։ 1878էն սկսաւ աշ­խա­տակ­ցիլ հայ­կա­կան թէ ռու­սա­կան թեր­թե­րուն։ ­Թիֆ­լի­սը, ազ­գա­յին եւ գրա­կան իր ե­ռուն կեան­քով, իր կող­մը կը քա­շէր ­Շիր­վան­զա­դէին, որ 1883ին տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ ­Կով­կա­սի մայ­րա­քա­ղա­քը։ ­Կա­նո­նա­ւոր աշ­խա­տակ­ցու­թիւն սկսաւ «Մ­շակ»ին՝ ա­նոր է­ջե­րուն լոյս ըն­ծա­յե­լով ­Պա­քո­ւի աշ­խա­տա­ւո­րա­կան կեան­քին, դա­սա­կար­գա­յին ա­նար­դա­րու­թեանց եւ աշ­խա­տա­ւոր­նե­րու զրկան­քին ու դժո­ւա­րու­թեանց նո­ւի­րո­ւած պատ­մո­ւածք­ներ, ակ­նարկ­ներ։
­Մին­չեւ 1889ին ­Թիֆ­լի­սի ­Քա­ղա­քա­յին ­Վար­չու­թեան մէջ աշ­խա­տան­քի նշա­նա­կո­ւի­լը, ­Շիր­վան­զա­դէ աշ­խա­տակ­ցե­ցաւ «Մ­շակ»ին, ա­պա՝ «Ար­ձա­գանգ»ին, ո­րուն խմբագ­րու­թեան ալ մաս կազ­մեց, իբ­րեւ պա­տաս­խա­նա­տու քար­տու­ղար։ ­Նոյն շրջա­նին մօ­տե­ցաւ Հն­չա­կեան նո­րաս­տեղծ կու­սակ­ցու­թեան՝ ա­նոր ըն­կեր­վա­րա­կան աշ­խար­հա­յեացքն ու ­Հա­յաս­տա­նի Ա­զա­տագ­րու­թեան ա­ռա­ջադ­րան­քը հա­րա­զատ գտնե­լով իր հա­մո­զում­նե­րուն։
­Թիֆ­լի­սի ­Քա­ղա­քա­յին ­Վար­չու­թեան իր գոր­ծը հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ըն­ձե­ռեց, որ­պէս­զի ­Շիր­վան­զա­դէ ի­րա­րու ե­տե­ւէ լոյս ըն­ծա­յէ իր վի­պակ­ներն ու վէ­պե­րը, ո­րոնք ար­դէն ­Պա­քո­ւի աշ­խա­տա­ւո­րա­կան կեան­քի պատ­կե­րա­ցու­մէն ան­դին ան­ցած էին եւ իր ժա­մա­նա­կի հա­յոց ըն­կե­րա­յին բար­քե­րուն լայն ընդգր­կու­մով կը յատ­կան­շո­ւէին։ ­Շիր­վան­զա­դէ ձաղ­կեց այն ա­մէ­նը, որ խա­ւա­րամ­տու­թիւն կը տա­րա­ծէր, ար­դա­րու­թեան հաս­տա­տու­մը կ­’ար­գե­լա­կէր եւ հայ կեան­քի ընդ­հա­նուր բա­րեշրջ­ման ու զար­գաց­ման խո­չըն­դոտ էր։
­Շիր­վան­զա­դէ ար­դէն Հն­չա­կեան կու­սակ­ցու­թեան աշ­խոյժ գոր­ծիչ էր, երբ 1895-96ի հա­մի­տեան ա­ռա­ջին կո­տո­րած­նե­րը սկսան։ ­Մէկ կող­մէ գրա­կան իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց մէջ ­Շիր­վան­զա­դէ կեդ­րո­նա­ցաւ հայ քաղ­քե­նիու­թեան, յատ­կա­պէս ցու­ցա­մոլ հայ ու­նե­ւոր­նե­րու եւ ա­նոնց զա­ւակ­նե­րու ազ­գա­յին ան­տար­բե­րու­թեան խա­րա­զա­նու­մին վրայ, իսկ միւս կող­մէ՝ գործ­նա­պէս իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ ­Սահ­մա­նը Անց­նե­լու հա­մար ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նի գա­ւառ­նե­րէն ու ­Ռու­սաս­տա­նէն ­Թիֆ­լիս փու­թա­ցող հայ ու­սա­նող­նե­րուն եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն։
­Շու­տով ­Ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց հա­լա­ծան­քին են­թար­կո­ւե­ցաւ նաեւ ­Շիր­վան­զա­դէ ու 1898ին ­Մե­տե­խի բան­տը նե­տո­ւե­ցաւ, ա­պա՝ ­Ղա­զա­րոս Ա­ղա­յեա­նի եւ հնչա­կեան այլ գոր­ծիչ­նե­րու հետ աք­սո­րուե­ցաւ Օ­տե­սա, ուր մնաց մին­չեւ 1904-1905ի ռու­սա­կան ա­ռա­ջին յե­ղա­փո­խու­թիւնն ու հայ-թա­թա­րա­կան ընդ­հա­րում­նե­րը։
Աք­սո­րա­վայ­րէն ­Թիֆ­լիս վե­րա­դար­ձին, ­Շիր­վան­զա­դէ ան­ցաւ ­Փա­րիզ, ուր մնաց մին­չեւ 1911՝ ուս­ման հե­տե­ւե­լով եւ ստե­ղծա­գոր­ծե­լով։ Այդ տա­րի­նե­րուն գրեց հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան մեղ­կու­թիւ­նը եւ սնա­փա­ռու­թիւ­նը մեր­կաց­նող իր գոր­ծե­րը, նաեւ՝ փա­րե­ցաւ հայ կնոջ ա­զա­տագ­րու­թեան դա­տին։ 1911ին ­Թիֆ­լիս վե­րա­դառ­նա­լով՝ ­Շիր­վան­զա­դէ ի­րա­րու ե­տե­ւէ լոյս ըն­ծա­յեց հայ կնոջ ա­զա­տագ­րու­թեան նո­ւի­րո­ւած իր յան­դուգն գոր­ծե­րը, ո­րոնք նո­րո­վի հա­լա­ծան­քի պատ­ճառ դար­ձան իր դէմ՝ այս պա­րա­գա­յին ժա­մա­նա­կի հայ պահ­պա­նո­ղա­կան մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան կող­մէ, ո­րոնք հայ­կա­կան բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րու ան­կում տե­սան հայ կնոջ ա­զատ ապ­րե­լու եւ, իր մարդ­կա­յին ցան­կու­թիւն­նե­րուն, տղա­մար­դու պէս ա­զա­տօ­րէն բա­ւա­րա­րու­թիւն տա­լու ի­րա­ւուն­քը ջա­տա­գո­վող ­Շիր­վան­զա­դէի գրա­կա­նու­թեան մէջ։
­Բայց ­Շիր­վան­զա­դէ տա­ղանդ ու­նէր եւ յա­ջո­ղե­ցաւ ըն­կե­րա­յին գա­ղա­փար­նե­րով վի­ճա­յա­րոյց իր գոր­ծե­րը օժ­տել գե­ղա­րո­ւես­տա­կան այն­քա՜ն բարձր ար­ժէ­քով, որ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան իր բե­ղուն վաս­տա­կը ար­ժա­նա­ցաւ ըն­թեր­ցող լայն հա­սա­րա­կու­թեան մեծ գնա­հա­տան­քին։ Գ­րեց պար­զու­թեամբ, յու­զա­կա­նու­թեամբ եւ խո­րա­թա­փանց ըն­կա­լու­մով՝ շա­րու­նակ յոր­դո­րե­լով, որ՝
«Փ­քուն, գե­ղե­ցիկ բա­ռեր գոր­ծա­ծող հե­ղի­նակն ինձ յի­շեց­նում է գա­ւա­ռա­ցի ան­ճա­շակ հա­րուստ կին, որ գե­ղեց­կու­թեան հա­մար մի քա­նի շար ոս­կի ու մար­գա­րիտ է կա­խում վզին ու բո­լոր մատ­նե­րը զար­դա­րում մա­տա­նի­նե­րով։
«­Պէտք է գոր­ծա­ծել այն­քան բառ, որ­քան հար­կա­ւոր է ի­րը եւ այս կամ այն վի­ճա­կը տա­լու հա­մար։ Ա­ւե­լորդ բա­ռը մթագ­նում է պատ­կե­րը»։
­Շիր­վան­զա­դէ մին­չեւ 1919 ապ­րե­ցաւ ­Թիֆ­լիս, չխան­դա­վա­ռո­ւե­ցաւ պոլ­շե­ւի­կեան յե­ղա­փո­խու­թեամբ, բայց սրտանց ո­գե­ւո­րո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խա­ցու­մով։ 1919ին ան­ցաւ ­Փա­րիզ, ուր մնաց եւ ստեղ­ծա­գոր­ծեց մին­չեւ 1926 թո­ւին իր վերջ­նա­կան վե­րա­դար­ձը ­Հա­յաս­տան։
­Շիր­վան­զա­դէ մին­չեւ 7 Օ­գոս­տոս 1935ի իր մա­հը ա­ռա­ւե­լա­բար աշ­խա­տե­ցաւ իր գոր­ծե­րուն վե­րահրա­տա­րա­կու­թեան վրայ՝ յու­շագ­րու­թեան նո­ւի­րե­լով իր կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քը։
­Կար­ծէք յոգ­նած էր հա­յոց բար­քե­րուն ի­րա­պաշտ վեր­ծան­ման յան­դուգն վի­պա­սա­նը։
Իր հա­տու եւ սպա­ռիչ խօս­քը ար­դէն ը­սած էր հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դի ժա­մա­նակ­ներ մուտ­քի շրջա­նին վե­րա­բե­րեալ՝ հա­յու­թեան ըն­կե­րա­յին շա­ղա­խին եւ յու­զաշ­խար­հին ա­մէ­նէն ընդգր­կուն եւ ի­րա­պաշտ պատ­կե­րա­ցու­մը կտա­կե­լով մեր սե­րունդ­նե­րուն։
Ինչ­պէս ինք կը սի­րէր շեշ­տել՝
«Ի­րա­կա­նու­թիւ­նը չէ, որ պի­տի ըն­թա­նայ ե­րե­ւա­կա­յու­թեան ե­տե­ւից, այլ՝ ընդ­հա­կա­ռակն, ե­րե­ւա­կա­յու­թեա­նը պի­տի ղե­կա­վա­րի ի­րե­րի ճշգրիտ ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը»։
Եւ ա­ւե­լի՛ն.
«­Կեան­քը ըստ ին­քեան այն­քան գե­ղե­ցիկ է, որ կա­րիք չկայ նրան շպա­րե­լու։ ­Կեան­քը ե՛ւ պոե­զիա է, ե՛ւ պռո­զա, ե՛ւ եր­կինք ու եր­կիր…»։