Հայ ազատագրական պայքարի նորանոր շղթայազերծումի անկիւնադարձային հանգրուաններէն մէկը նկատուող Լիզպոնի գործողութեան եւ հայութեան ներկայ իրավիճակին միջեւ անցած 40 տարիներու ժամանակամիջոցը խորհրդածութեան առիթ պէտք է դառնայ իւրաքանչիւր հայորդիի համար։
Մինչ պիտի սպասուէր, որ 70-ական թուականներէն ծաւալած սխրագործութիւններու շարքը պիտի շարունակէր շունչ տալ յատկապէս սփիւռքահայու աննկուն եւ մարտունակ ոգիին, իրականութիւնը մեզ դէմ յանդիման կը բերէ յուսալքութեան ու պարտուողական մթնոլորտի մը, որ տարածուած ըլլալով հայութեան զանգուածերուն վրայ, կը վտանգէ Հայաստանի ու Արցախի գոյութենական ապագան։
Արցախի ազատագրութեան առաջին հերոսապատումին, հողին վրայ ապրող ժողովուրդն էր ան, որ լիզպոնեան ոգիէն համակուած պայքարի ազդանշանը տուաւ, ընդմիշտ ձերբազատուելու համար ցեղասպանի սպառնացող վտանգէն ու ապրելու ազատ եւ ինքնիշխան՝ իր սեփական հողին վրայ։ Ի զուր չէր ուրեմն Լիզպոնի Հինգ տղոց զոհաբերութեան պատումը։ Շիրազի գրիչով երգուած ու ամէն մէկ հայ մարտիկի բերանէն արտասանուած Լիզպոնի ողջակիզման երգը իւրաքանչիւր մէկ հարուած եղաւ թշնամին հայու հողէն ետ շպրտելու հերոսութեան ընթացքին։
40 տարի ետք, մենք մեզի հարց տանք, թէ ինչու մսխեցինք Լիզպոնի ու անոնց նման հերոս մարտիկներու, ապա Արցախի հողը ոռոգած մեր հայորդիներու արեան սուղ գինը։
Արցախի այսօրուան իրավիճակը կը պահանջէ համազգային զարթնում, միահամուռ կամքով դիմագրաւելու համար ներքին եւ արտաքին կամայականութիւնները, որոնք կը փորձեն մեր արծուաբոյնը նուիրել հոն, ուր պատմականօրէն եւ իրաւականօրէն երբեք չէ պատկանած։ Պահ մը կ՚արժէ վերադառնալ Լիզպոնի սխրագործութեան ակունքներուն, լսել զոհաբերուած տղոց խօսքերն ու պատգամները, անոնց նահատակութեան վճռական կեցուածքը, ու սթափիլ համազգային մասշտաբով, ամբողջական ոգիով։
Մեր ժամանակները տարբեր Լիզպոններ կը պահանջեն։ Իւրաքանչիւր հերոսապատում իր ժամանակի ու պայմաններուն արժէքին մէջ պէտք է տեսնել։ Սակայն, ոգին կը մնայ նոյնը, պատգամը մէկ է, զօրաշարժը պէտք է ըլլայ համատարած։
Այսօր իսկ, Արցախէն հասած որեւէ կոչ անարձագանգ պէտք չէ մնայ։ Քաղաքական, դիւանագիտական, հրապարակային, ուժական, հայրենասիրական բոլոր միջոցներով ոտքի պէտք է կանգնիլ։
Հայ ժողովուրդը պարտի նոր Շիրազներու գրիչով երգել ու արարել՝ «Երէկ Լիզպոն, այսօր Արցախ»։