Քսաներորդ դարու հայ գրականութեան ինքնատիպ տաղանդներէն է Շաւարշ Նարդունի, որուն ծննդեան 120ամեակը կը նշենք Փետրուար 13ի այս օրը։
Այս տարի կը լրանայ նաեւ մահուան 50րդ տարելիցը հայ մտքի ու գրականութեան բազմավաստակ այս տաղանդաւորին։
Արձակ բանաստեղծութիւնը եւ արեւմտահայերէնը գեղարուեստական բարձունք մը նուաճեցին Նարդունիի գրիչով։
Գրելու պարզ, խոհուն ու պատկերաւոր ոճը հայ գրականութեան մէջ իր լաւագոյն ներկայացուցչներէն մէկը ունեցաւ յանձին Նարդունիի։
Նոյնպէս եւ ճարտասանութիւնն ու հռետորութիւնը բազմաշնորհ այս մտաւորականին բարձրացուցին Հայկական Սփիւռքի ամէնէն սիրուած ու փնտռուած բանախօսներու պատուանդանին։
Իսկ հրապարակագրական, իմաստասիրական ու բժշկագիտական գրականութեան իր պատկառազդու վաստակով՝ Շաւարշ Նարդունի արժանաւորապէս մարմնաւորեց իրա՛ւ հայ մտաւորականի ինքնուրոյն յառաջապահ մը։
Սփիւռքահայ մեր սերունդները, ազգային ու հոգեմտաւոր իրենց կազմաւորման ու ինքնաճանաչումին համար, շատ բան կը պարտին Նարդունիի սրտաբուխ բանաստեղծութեանց։ Գրուած՝ արձակ, միաժամանակ յագեցած՝ առինքնող կշռոյթով ու հնչեղութեամբ, Նարդունիի բանաստեղծութիւնը լուսաւորեց ուղին Սփիւռքահայուն։
Նարդունի եղաւ առաջիններէն, որ Սփիւռքն ու Սփիւռքեան կեցութիւնը ընկալեց իբրեւ հայ մարդու մնայուն ԱՔՍՈՐն ու ԱՔՍՈՐԱՎԱՅՐը։ Ապրեցաւ այն կրկնակ գիտակցութեամբ, որ՝
— մէկ կողմէ խուսափում չունի, այլեւ ճակատագրուած է ապրելու Սփիւռքի մէջ, համարկուելու Սփիւռքեան միջավայրին հետ եւ Սփիւռքահա՛յ ըլլալու,
— իսկ միւս կողմէ՝ աշխարհի մեծ ու փոքր վայելքներուն, ձանձրոյթներուն, ցաւերուն ու հեշտանքներուն մէջ տեսնելու եւ միշտ փնտռելու հայրենին ու հայեցին՝ իբրեւ ծննդավայր, յիշողութիւն եւ, մանաւա՛նդ, ժառանգութի՜ւն։
Դեռ 1930ականներու սկզբնաւորութեան, Նարդունի ուղիղ ճակատէն դիմագրաւեց արդի մարդուն, նաեւ՝ հայուն վիճակուած որքան յառաջդիմութեան ու զարգացման, նոյնքան եւ ձանձրոյթի ու տառապանքի քաղաքակրթական սուր տագնապը։ Այդ զգայութեամբ կը բաբախէ «Ի խորոց սրտի…» խորագրով հռչակուած իր ծանօթ գործը, որմէ առնուած է հետագայ հատուածը.-
Կը ձանձրանամ եւ կը տառապիմ, որովհետեւ սիրեցի բարդութիւնները, զարգացուցի ճաշակս, սրեցի զգայարանքներս եւ գիտուն դարձայ։
Ընդհակառակն՝ յիմա՜ր տղայ, երջանիկ ըլլալու համար՝ պէտք էր մնալ պարզամիտ, անզգայ, անճաշակ եւ տգէտ։ Պէտք էր խփել զգայարանքներուն բերանը, պէտք էր չճանչնալ հաճոյքներուն աղբիւրները։ Այնքան համոզուած եմ այս ճշմարտութեան, որ կ’ուզեմ ետ դառնալ։ Բթացնել զգայարանքներս, եղծել ճաշակս եւ մոռնա՜լ, մոռնա՜լ, ամէ՜ն բան։ Երբեմն կը մտածեմ մեծ ոճիր մը գործել եւ բանտ երթալ։ Վասնզի բանտը հակառակն է դպրոցին։ Ինչ որ կը սորվինք դպրոցին մէջ, կը մոռնանք միայն բանտին մէջ։ Գողերու, աւազակներու, խմաններու, ոճրագործներու հետ, սղոցելով ծառերը, փորելով հանքերը, լուալով նաւերը, կռնակի վրայ կրելով ծանրկեկ քարերը, հեռո՜ւ քաղաքակրթութենէն, թերեւս մոռնամ որ ժամանակին մտաւորական մըն էի։
…Իմ այս ցաւս կը կոչուի «դարուս ցաւը», ուրիշ անունով մը՝ «քաղաքակրթութեան Ֆրանկախտ»ը։
Անհանդուրժելի այս ցաւին դարմանն է տգիտութիւնը։ Փա՜ռք տգիտութեան, որ պիտի խաղաղեցնէ փոթորիկը գանկիս մէջ։ Այդպէ՛ս միայն, դանդաղելով դանդաղելով՝ կանգ պիտի առնէր մտքիս մեքենան։
Նարդունի ծնած էր Արմաշ, 13 Փետրուար 1898ին, ինչպէս ինք կը գրէ՝ «Տէրնտաս»ի երեկոյ մը։ Աւազանի անունն էր՝ Այվազեան Ասքանազ։ Կենսագիրներու վկայութեամբ՝ ծնողքը առաջին իսկ օրէն Շաւարշ կանչեցին նորածինը։ Իսկ ի վերուստ գրելու բնատուր տաղանդով օժտուած Շաւարշը ինք, երբ պատանի տարիքէն մուտք գործեց հայ գրականութեան անդաստանէն ներս, իբրեւ գրչանուն ընտրեց Նարդունի մականունը՝ ծաղիկի անունէն ներշնչուած։
Ասքանազ Այվազեան այդպէ՛ս դարձաւ հայ ժողովուրդի միտքն ու հոգին ազնուացնող Շաւարշ Նարդունին։
Ծննդավայրի «Նարեկեան» վարժարանը աւարտելէ ետք, ան յաճախեց Ատափազարի «Կեդրոնական» վարժարանը։ 1918ին զինուորագրուեցաւ ու մտաւ Սպայից Վարժարան։ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտէն ետք ընդունուեցաւ Պոլսոյ Բժշկական Համալսարանը, բայց ազգային-քաղաքական իր համոզումներուն պատճառով վտարուեցաւ։
Քեմալական ճնշումներէն խոյս տալով՝ անցաւ Ֆրանսա եւ ընդունուեցաւ Փարիզի Բժշկական Համալսարանը։ Աւարտեց 1927ին եւ տարի մը, իբրեւ ներքին հիւանդութեանց բժիշկ, պաշտօնավարեց Ամիէնի Ֆրանսական յիմարանոցին մէջ։ Այնուհետեւ, բժիշկի իր գործին առընթեր, թափով նետուեցաւ գրական-գեղարուեստական ասպարէզ։
Սփիւռքեան ափերու վրայ եւ յատկապէս համայնակալ Փարիզի մէջ իր երիտասարդ տարիքը կենսագործող՝ յետ-եղեռնեան հայութեան առաջին սերունդին արժանաւոր ներկայացուցիչներէն եղաւ Նարդունի։
Իր Սերունդը համակած ազգային վիշտն ու հայրենի կարօտը, խոր մարդկայնութիւնն ու յորդ հայեցիութիւնը եւ, մանաւա՛նդ, սփիւռքահայու բարդ հոգեկերտուածքը իրենց վսեմ ՊԱՐԶՈՒԹԵԱՆ մէջ վերծանող ու յաւերժացնող շնորհալի գրողը եղաւ Նարդունի։
Ապրեցաւ մինչեւ 1968 եւ բնաւ հանգիստ չտուաւ իր գրիչին։ Տասնամեակներ ամբողջ եղաւ Շաւարշ Միսաքեանի փարիզեան «Յառաջ»ին կանոնաւոր աշխատակիցն ու ընթերցող լայն հասարակութեան կողմէ փնտռուած մնայուն իր սիւնակը ունեցող հեղինակութիւնը։
Մասնագիտական իր պատրաստութեամբ ու պաշարով՝ ձեռնարկեց եւ տասնամեակներ շարունակ հրատարակեց «Հայ Բոյժ» ամսագիրը։
Բազմութիւնները առինքնող հռետոր էր միաժամանակ եւ, իբրեւ այդպիսին, Սփիւռքի ողջ տարածքին իր գրաւիչ խօսքն ու շունչը բաշխած բանախօս։
Շաւարշ Նարդունիի մեծութեան եւ ժողովրդականութեան գաղտնիքը կը գտնուի բուխ սիրտն ու գիտական միտքը համատեղելու՝ միաձուլելու իր արժանիքին մէջ։
— Բուխ սիրտ՝ որ միշտ յորդեցաւ հայրենի հողի, հայ գեղջուկի ազնուութեան, հայ լեզուի հարստութեան եւ ազգային արժէքներու վարար պաշտամունքով։
— Գիտական միտք՝ որ Լոյսի Քաղաքէն բացուած էր ողջ աշխարհն ու մարդկութիւնը յուզող մեծ ու ծանր բոլոր խնդիրներուն վրայ՝ Հայաստանէն պոկուած հայ բեկորի անխարդախ զգայարանքներով։
Հայերէն արձակը միայն բացառիկներու մօտ հասած է Նարդունիի նուաճած գեղարուեստական մաքրութեան, բանաստեղծական շունչի, խոհական ներհայեցողութեան եւ անկեղծ յուզականութեան այդքան բարձր աստիճանի։ Բայց մանաւանդ ՊԱՐԶՈՒԹԻՒՆը եղաւ առանձնայատուկ նուաճումը Նարդունիի արձակին։
Առանձին հատորով լոյս տեսած իր «Մեղեդինե՜ր, մեղեդինե՜ր», «Բանե՜ր, բանե՜ր… ի՜նչ բաներ», «Երուսաղէ՜մ… Երուսաղէ՜մ», «Կանանչ բաժակով», «Ջրվէժ» եւ միւս գործերը ոչ միայն գրական ընթերցումի վայելքը փոխանցեցին՝ ճաշակը մշակեցին եւ հոգին ազնուացուցին տարագրութեան փշոտ ու վհատեցնող ճանապարհը հարթող հայ բազմութիւններուն, այլեւ՝ հունաւորեցին սփիւռքահայ իրերայաջորդ սերունդներու մտածելակերպն ու հոգեկերտուածքը։
Հայու սրտէն բխած «Բարի լոյս»ը, հայու հպարտութիւնը պատուանդանի բարձրացնող «Հայաստանը ամէն բանէ վե՜ր»ը, «Աշխարհի չորս ծագերուն խաղաղութեան եւ արեւշատութեան Անդաստանի մաղթանք»ը, Նարդունիի գրչին տակ, սոսկ բանաստեղծութիւն չէին ու չեղան միայն գրական ապրում, այլեւ վերածուեցան ազգային-գաղափարական հանգանակի ու յանձնառութեան։
Պատահական չէ, որ հայ ժողովուրդի մեծութեան եւ հմայքին, ազգային արժանաւորութեան ու ստեղծագործական հունձքին մասին վաւերական վկայութիւն փնտռող յետադարձ որեւէ հայեացք անպայման կանգ պիտի առնէ Շաւարշ Նարդունիի վաստակին վրայ՝ հայօրէն ներշնչումի իր ակունքներով վերանորոգուելու համար։
Սերունդներ ամբողջ Հայաստանն ու Հայը պաշտամունքի աստիճան սիրելու կրակը ստացան Նարդունիներէն։
Ցեղասպանին մարմնաւորած քաղաքակրթական պատուհասը պատկերացուցին Նարդունիական պարզ, բայց խորասոյզ ախտաճանաչումով։
Եռագոյնն ու անոր խորհրդանշած հայկականութեան փառքն ու ողբերգութիւնը նոյնպէս ողջ էութեամբ ընկալեցին Նարդունիի յուզաշխարհով։
Նարդունիի յիշատակին որքա՜ն տեղին է, Մեծն Վարուժանի հետեւողութեամբ, խոնարհիլ Նորին Վսեմութիւն Պարզութեան առջեւ։
Ճշմարիտն ու Իրաւը մեծ են իրենց Պարզութեան մէջ։
Նարդունիի ծննդեան 115ամեակը յիշեցնող մոմի պէս մեր այս օրը թող ջերմացնէ անոր «… Ամէն բանէ վե՜ր» բանաստեղծութենէն առնուած հատուածը.-
Ո՞վ կայ վերը։
Սա երկինքէն վեր, անհունէն վեր, մեր կարողութիւններէն վեր, անհաս ու անեզր, ո՞վ կայ վերը։
Ո՞վ կայ հզօր ու ամենազօր։
Աստուա՞ծ, Եհովա՞, Բէեղզեբո՞ւզ, Սադայէ՞լ։
Ով որ կայ, թող մտիկ ընէ.
— Իմ սիրտս լեցուած է. հիմա ո՛չ աղօթքի կու գամ, ո՛չ ալ աղաչանքի։ Նետած եմ սկեպտիկ փիլիսոփայի գօտիս, զգայապաշտ բանաստեղծի գրիչս եւ միամիտ քրիստոնեայի հողաթափներս։
Եկած եմ հարցնելու.- Ե՞րբ պիտի ունենանք մեր «… Ամէն բանէ վե՜ր»ը։ Պիտի ունենա՞նք։ Է՜հ, Աստուա՞ծ ես թէ ոչ։ Չե՜մ ուզեր հասկնալ, ո՛չ. ի՞նչ կ’ուզես եղիր, Եհովա կամ Բէեղզեբուզ։ Բայց լսէ՛…։ Յոգնած էի, եւ արհամարհեցի քեզ. ձանձրացած էի, եւ հայհոյեցի քեզի։ Եղայ հպարտ եւ եսապաշտ, սանձեցի զգայութիւններուս լիճը, սաստեցի դիւրազգած նուագարանս։ Չյաջողեցա՜յ։ Վերջապէս մարդ եմ, ես ալ։ Կը տեսնե՞ս, դարձեա՜լ կակուղցայ, եւ աղօթող կնոջ մը պէս կը կլորնամ նորէն առջեւդ։ Եւ ըսելիքս աղերս մը դարձաւ շրթներուս վրայ։ Բայց լսէ՛։
Ե՜ս ալ կ’ուզեմ ազգի զաւակ ըլլալ, ե՜ս ալ կ’ուզեմ ազգ ունենալ, երկի՜ր ունենալ։ Որպէսզի, ո՜վ իմ Աստուածիկս — մի՜ նեղանար իմ սրամտութեանս համար, տանջուած տղա՜յ եմ -, որպէսյի ե՜ս ալ կշտանամ այն ուրախութիւններով, զորս օտար ազգեր ունին. ե՜ս ալ ոգեւորուիմ այն յոյսերով, զորս հարուստ ժողովուրդները ունին։ Ես ալ կ’ուզեմ «…Ամէն բանէ վեր» մը, որովհետեւ կը զգամ պահանջը, ունիմ կարօտը, եւ արժանի եմ։ Տո՜ւր ինձ «…Ամէն բանէ վեր» մը, որպէսզի առտուն աղօթքս անով սկսիմ, օտար ազգերու երիտասարդներուն մէջ որբի պէս չըլլա՜մ, խորթ քայլերգներ մրմնջելով սրտիկս չարիւնի՜։
Վերջին ըմբոստութենէ մը առաջ, բոլո՜ր սրբութիւնները դեռ չանարգած, սկիզբին ու վախճանին տակաւին չհայհոյած, անգա՜մ մըն ալ կու գամ քեզի։ Լսէ՛ աղաչանքս, աղօ՜թքը մեր կլորիկ աղջիկներուն եւ ընձիւղ երիտասարդներուն, մեր անուշբերան մամիկներուն եւ հողատէր պապիկներուն, խունկ ծխողին եւ արտ հերկողին, լսէ՜. մե՜նք ալ կ’ուզենք երգել «…Ամէն բանէ վեր»։ Ամպածրար այն լերան կատարէն, ամպրոպին ու փոթորիկին մէջէն, Եհովա՜, սկսէ՛ եւ տուն տուր, տող առ տող,։ Եւ թող մեր ժողովուրդը հետեւի ձայնիդ, բոցի պէս ժայթքի երգը թոքերէն ցնծութեամբ եւ արցունքով, դղրդագին ու ահեղ, կիրքերը դադրած, կարգապա՜հ ու սիրալիր. ե՜րգը, տէ՜ր, մեր երգը, տո՜ւր, որ երգենք մեր երգը.
ՀԱՅԱՍՏԱ՜Ն, ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵՐ…։
Շաւարշ Նարդունի (Այվազեան Ասքանազ, 1898-1968)
Շաւարշ Նարդունի (Այվազեան Ասքանազ, 1898-1968). Սփիւռք կոչուած ԱՔՍՈՐին եւ Սփիւռքահայու ՏԱԳՆԱՊին սրտաբուխ «բանե՜ր»ն ու «մեղեդինե՜ր»ը Ն.