­Փետ­րո­ւար 13ի այս օ­րը կը նշենք ծննդեան տա­րե­դար­ձը ար­դի հայ գրա­կա­նու­թեան ճա­ռա­գայ­թող դէմ­քե­րէն ­Շա­ւարշ ­Նար­դու­նիի, որ ոչ միայն ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը բարձ­րա­ցուց իր գե­ղեց­կա­գոյն մշակ­ման եւ յղկու­մի բար­ձուն­քին, այ­լեւ սփիւռ­քա­հա­յուն մէջ վա­ռեց ան­մար կրա­կը «­Հա­յաս­տան ա­մէն բա­նէ վեր» դա­ւա­նող գա­ղա­փա­րա­պաշ­տու­թեան։
«Ա­հա՛ իր կտա­կը.-
«Ո՞վ կայ վե­րը։
­«Սա եր­կին­քէն վեր, ան­հու­նէն վեր, մեր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վեր, ան­հաս ու ա­նեզր, ո՞վ կայ վե­րը։
«Ո՞վ կայ հզօր ու ա­մե­նա­զօր։
«Աս­տո­ւա՞ծ, Ե­հո­վա՞, ­Բէեղ­զե­բո՞ւզ, ­Սա­դա­յէ՞լ։
«Ով որ կայ, թող մտիկ ը­նէ.
«- Իմ սիրտս լե­ցո­ւած է. հի­մա ո՛չ ա­ղօթ­քի կու գամ, ոչ ալ ա­ղա­չան­քի։ ­Նե­տած եմ սկեպ­տիկ փի­լի­սո­փա­յի գօ­տիս, զգա­յա­պաշտ բա­նաս­տեղ­ծի գրիչս եւ միա­միտ քրիս­տո­նեա­յի հո­ղա­թափ­ներս։
Ե­կած եմ հարց­նե­լու.- Ե՞րբ պի­տի ու­նե­նանք մեր
«… Ա­մէն բա­նէ վե՜ր»ը։ ­Պի­տի ու­նե­նա՞նք։ Է՜հ, Աս­տո­ւա՞ծ ես թէ ոչ։ ­Չե՜մ ու­զեր հասկ­նալ, ո՛չ. ի՞նչ կ­’ու­զես ե­ղիր, Ե­հո­վա կամ ­Բէեղ­զե­բուզ։ ­Բայց լսէ՛…։ ­Յոգ­նած էի, եւ ար­հա­մար­հե­ցի քեզ. ձանձ­րա­ցած էի, եւ հայ­հո­յե­ցի քե­զի։ Ե­ղայ հպարտ եւ ե­սա­պաշտ, սան­ձե­ցի զգա­յու­թիւն­նե­րուս լի­ճը, սաս­տե­ցի դիւ­րազ­գած նո­ւա­գա­րանս։ Չ­յա­ջո­ղե­ցա՜յ։ ­Վեր­ջա­պէս մարդ եմ, ես ալ։ ­Կը տես­նե՞ս, դար­ձեա՜լ կա­կուղ­ցայ, եւ ա­ղօ­թող կնոջ մը պէս կը կլոր­նամ նո­րէն առ­ջեւդ։ Եւ ը­սե­լիքս ա­ղերս մը դար­ձաւ շրթնե­րուս վրայ։ ­Բայց լսէ՛։
Ե՜ս ալ կ­’ու­զեմ ազ­գի զա­ւակ ըլ­լալ, ե՜ս ալ կ­’ու­զեմ ազգ ու­նե­նալ, եր­կի՜ր ու­նե­նալ։ Որ­պէս­զի, ո՜վ իմ Աս­տո­ւա­ծիկս — մի՜ նե­ղա­նար իմ սրամ­տու­թեանս հա­մար, տան­ջո­ւած տղա՜յ եմ -, որ­պէս­յի ե՜ս ալ կշտա­նամ այն ու­րա­խու­թիւն­նե­րով, զորս օ­տար ազ­գեր ու­նին. ե՜ս ալ ո­գե­ւո­րո­ւիմ այն յոյ­սե­րով, զորս հա­րուստ ժո­ղո­վուրդ­նե­րը ու­նին։ Ես ալ կ­’ու­զեմ «…Ա­մէն բա­նէ վեր» մը, ո­րով­հե­տեւ կը զգամ պա­հան­ջը, ու­նիմ կա­րօ­տը, եւ ար­ժա­նի եմ։ ­Տո՜ւր ինձ «…Ա­մէն բա­նէ վեր» մը, որ­պէս­զի առ­տուն ա­ղօթքս ա­նով սկսիմ, օ­տար ազ­գե­րու ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն մէջ որ­բի պէս չըլ­լա՜մ, խորթ քայ­լերգ­ներ մրմնջե­լով սրտիկս չա­րիւ­նի՜։
«­Վեր­ջին ըմ­բոս­տու­թե­նէ մը ա­ռաջ, բո­լո՜ր սրբու­թիւն­նե­րը դեռ չա­նար­գած, սկիզ­բին ու վախ­ճա­նին տա­կա­ւին չհայ­հո­յած, ան­գա՜մ մըն ալ կու գամ քե­զի։ Լ­սէ՛ ա­ղա­չանքս, ա­ղօ՜թ­քը մեր կլո­րիկ աղ­ջիկ­նե­րուն եւ ըն­ձիւղ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն, մեր ա­նուշ­բե­րան մա­միկ­նե­րուն եւ հո­ղա­տէր պա­պիկ­նե­րուն, խունկ ծխո­ղին եւ արտ հեր­կո­ղին, լսէ՜. մե՜նք ալ կ­’ու­զենք եր­գել «…Ա­մէն բա­նէ վեր»։ Ամ­պած­րար այն լե­րան կա­տա­րէն, ամպ­րո­պին ու փո­թո­րի­կին մէ­ջէն, Ե­հո­վա՜, սկսէ՛ եւ տուն տուր, տող առ տող։ Եւ թող մեր ժո­ղո­վուր­դը հե­տե­ւի ձայ­նիդ, բո­ցի պէս ժայթ­քի եր­գը թո­քե­րէն ցնծու­թեամբ եւ ար­ցուն­քով, դղրդա­գին ու ա­հեղ, կիր­քե­րը դադ­րած, կար­գա­պա՜հ ու սի­րա­լիր. ե՜ր­գը, տէ՜ր, մեր եր­գը, տո՜ւր, որ եր­գենք մեր եր­գը.
ՀԱՅԱՍՏԱ՜Ն, ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵՐ…»
Այս­պէ՛ս, ար­ձակ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը գե­ղա­րո­ւես­տա­կան բար­ձունք մը նո­ւա­ճե­ցին ­Նար­դու­նիի գրի­չով։
Գ­րե­լու պարզ, խո­հուն ու պատ­կե­րա­ւոր ո­ճը իր լա­ւա­գոյն ներ­կա­յա­ցուցչ­նե­րէն մէ­կը ու­նե­ցաւ յան­ձին ­Նար­դու­նիի։
­Նոյն­պէս եւ ճար­տա­սա­նու­թիւնն ու հռե­տո­րու­թիւ­նը բազ­մաշ­նորհ այս մտա­ւո­րա­կա­նին բարձ­րա­ցու­ցին ­Հայ­կա­կան Ս­փիւռ­քի ա­մէ­նէն սի­րո­ւած ու փնտռուած բա­նա­խօս­նե­րու պա­տո­ւան­դա­նին։
Իսկ հրա­պա­րա­կագ­րա­կան, ի­մաս­տա­սի­րա­կան ու բժշկա­գի­տա­կան գրա­կա­նու­թեան իր պատ­կա­ռազ­դու վաս­տա­կով՝ ­Շա­ւարշ ­Նար­դու­նի ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս մարմ­նա­ւո­րեց ի­րա՛ւ հայ մտա­ւո­րա­կա­նի ինք­նու­րոյն, այ­լեւ յա­ռա­ջա­պահ դրօ­շա­կի­րի կեր­պա­րը։
Ս­փիւռ­քա­հայ մեր սե­րունդ­նե­րը, ազ­գա­յին ու հո­գեմ­տա­ւոր ի­րենց կազ­մա­ւոր­ման ու ինք­նա­ճա­նա­չու­մին հա­մար, շատ բան կը պար­տին ­Նար­դու­նիի սրտա­բուխ բա­նաս­տեղ­ծու­թեանց։ Գ­րո­ւած՝ ար­ձակ, միա­ժա­մա­նակ յա­գե­ցած՝ ա­ռինք­նող կշռոյ­թով ու հնչե­ղու­թեամբ, ­Նար­դու­նիի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը լու­սա­ւո­րեց ու­ղին Ս­փիւռ­քա­հա­յուն։
­Նար­դու­նի ե­ղաւ ա­ռա­ջին­նե­րէն, որ Ս­փիւռքն ու Ս­փիւռ­քեան կե­ցու­թիւ­նը ըն­կա­լեց իբ­րեւ հայ մար­դու մնա­յուն ԱՔՍՈՐն ու ԱՔՍՈՐԱՎԱՅ­Րը։ Ապ­րե­ցաւ այն կրկնակ գի­տակ­ցու­թեամբ, որ՝
— մէկ կող­մէ խու­սա­փում չու­նի, այ­լեւ ճա­կա­տագ­րո­ւած է ապ­րե­լու Ս­փիւռ­քի մէջ, հա­մար­կո­ւե­լու Ս­փիւռ­քեան մի­ջա­վայ­րին հետ եւ Ս­փիւռ­քա­հա՛յ ըլ­լա­լու,
— իսկ միւս կող­մէ՝ աշ­խար­հի մեծ ու փոքր վա­յելք­նե­րուն, ձանձ­րոյթ­նե­րուն, ցա­ւե­րուն ու հեշ­տանք­նե­րուն մէջ տես­նե­լու եւ միշտ փնտռե­լու հայ­րե­նին ու հա­յե­ցին՝ իբ­րեւ ծննդա­վայր, յի­շո­ղու­թիւն եւ, մա­նա­ւա՛նդ, ժա­ռան­գու­թի՜ւն։
­Դեռ 1930ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան, ­Նար­դու­նի ու­ղիղ ճա­կա­տէն դի­մագ­րա­ւեց ար­դի՛ մար­դուն, նաեւ՝ նո­րօ­րեայ հա­յո՛ւն վի­ճա­կո­ւած որ­քան յա­ռաջ­դի­մու­թեան ու զար­գաց­ման, նոյն­քան եւ ձանձ­րոյ­թի ու տա­ռա­պան­քի քա­ղա­քակր­թա­կան սուր տագ­նա­պը։ Այդ զգայ­նու­թեամբ կը բա­բա­խէ «Ի խո­րոց սրտի…» խո­րագ­րով հռչա­կո­ւած իր ծա­նօթ գոր­ծը, որ­մէ առ­նո­ւած է հե­տա­գայ խոս­տո­վա­նու­թիւ­նը.-
­«Կը ձանձ­րա­նամ եւ կը տա­ռա­պիմ, ո­րով­հե­տեւ սի­րե­ցի բար­դու­թիւն­նե­րը, զար­գա­ցու­ցի ճա­շակս, սրե­ցի զգա­յա­րանք­ներս եւ գի­տուն դար­ձայ։
«Ընդ­հա­կա­ռակն՝ յի­մա՜ր տղայ, եր­ջա­նիկ ըլ­լա­լու հա­մար՝ պէտք էր մնալ պար­զա­միտ, անզ­գայ, ան­ճա­շակ եւ տգէտ։ ­Պէտք էր խփել զգա­յա­րանք­նե­րուն բե­րա­նը, պէտք էր չճանչ­նալ հա­ճոյք­նե­րուն աղ­բիւր­նե­րը։ Այն­քան հա­մո­զո­ւած եմ այս ճշմար­տու­թեան, որ կ­’ու­զեմ ետ դառ­նալ։
Բ­թաց­նել զգա­յա­րանք­ներս, եղ­ծել ճա­շակս եւ մոռ­նա՜լ, մոռ­նա՜լ, ա­մէ՜ն բան։ Եր­բեմն կը մտա­ծեմ մեծ ո­ճիր մը գոր­ծել եւ բանտ եր­թալ։ ­Վասն­զի բան­տը հա­կա­ռակն է դպրո­ցին։ Ինչ որ կը սոր­վինք դպրո­ցին մէջ, կը մոռ­նանք միայն բան­տին մէջ։ ­Գո­ղե­րու, ա­ւա­զակ­նե­րու, խման­նե­րու, ոճ­րա­գործ­նե­րու հետ, սղո­ցե­լով ծա­ռե­րը, փո­րե­լով հան­քե­րը, լո­ւա­լով նա­ւե­րը, կռնա­կի վրայ կրե­լով ծանր­կեկ քա­րե­րը, հե­ռո՜ւ քա­ղա­քակր­թու­թե­նէն, թե­րեւս մոռ­նամ որ ժա­մա­նա­կին մտա­ւո­րա­կան մըն էի։
«…Իմ այս ցաւս կը կո­չո­ւի «դա­րուս ցա­ւը», ու­րիշ ա­նու­նով մը՝ «քա­ղա­քակր­թու­թեան Ֆ­րան­կախտ»ը։
«Ան­հան­դուր­ժե­լի այս ցա­ւին դար­մանն է տգի­տու­թիւ­նը։ ­Փա՜ռք տգի­տու­թեան, որ պի­տի խա­ղա­ղեց­նէ փո­թո­րի­կը գան­կիս մէջ։ Այդ­պէ՛ս միայն, դան­դա­ղե­լով դան­դա­ղե­լով՝ կանգ պի­տի առ­նէր մտքիս մե­քե­նան»։
­Շա­ւարշ ­Նար­դու­նի ծնած է Ար­մաշ, 13 ­Փետ­րո­ւար 1898ին — ինչ­պէս ինք կը գրէ՝ «­Տէրն­տաս»ի ե­րե­կոյ մը։ Ա­ւա­զա­նի ա­նունն է Այ­վա­զեան Աս­քա­նազ։ ­Կեն­սա­գիր­նե­րը կը վկա­յեն, որ ծնող­քը ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն ­Շա­ւարշ կան­չեց նո­րա­ծի­նը։ Իսկ ի վե­րուստ գրե­լու բնա­տուր տա­ղան­դով օժ­տո­ւած ­Շա­ւար­շը, երբ մուտք գոր­ծեց հայ գրա­կա­նու­թեան ան­դաս­տա­նէն ներս, իբ­րեւ գրչա­նուն ընտ­րեց ­Նար­դու­նի մա­կա­նու­նը՝ ծա­ղի­կի ա­նու­նէն ներշն­չո­ւած։
Այդ­պէ՛ս հայ ժո­ղո­վուր­դը ու­նե­ցաւ իր միտքն ու հո­գին ազ­նո­ւաց­նող ­Շա­ւարշ ­Նար­դու­նին։
Ծնն­դա­վայ­րի «­Նա­րե­կեան» վար­ժա­րա­նը ա­ւար­տե­լէ ետք, յա­ճա­խեց Ա­տա­փա­զա­րի «­Կեդ­րո­նա­կան» վար­ժա­րա­նը։ 1916ին զի­նո­ւո­րագ­րո­ւե­ցաւ եւ ըն­դու­նուե­ցաւ Ս­պա­յից ­Վար­ժա­րան։ Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տի ա­ւար­տէն ետք ըն­դու­նո­ւե­ցաւ ­Պոլ­սոյ Բժշ­կա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նը, բայց ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան իր հա­մո­զում­նե­րուն պատ­ճա­ռով վտա­րո­ւե­ցաւ։
­Քե­մա­լա­կան ճնշում­նե­րէն խոյս տա­լով՝ ան­ցաւ Ֆ­րան­սա եւ ըն­դու­նո­ւե­ցաւ ­Փա­րի­զի Բժշ­կա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նը։ Ա­ւար­տեց 1927ին եւ տա­րի մը, իբ­րեւ ներ­քին բժիշկ, պաշ­տօ­նա­վա­րեց Ա­միէ­նի Ֆ­րան­սա­կան յի­մա­րա­նո­ցին մէջ։ Այ­նու­հե­տեւ, բժիշ­կի իր գոր­ծին ա­ռըն­թեր, թա­փով նե­տո­ւե­ցաւ գրա­կան-գե­ղա­րուես­տա­կան աս­պա­րէզ։
Ապ­րե­ցաւ մին­չեւ 1968 եւ բնաւ հան­գիստ չտո­ւաւ իր գրի­չին։ ­Տաս­նա­մեակ­ներ ամ­բողջ ե­ղաւ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի փա­րի­զեան «­Յա­ռաջ»ին կա­նո­նա­ւոր աշ­խա­տա­կիցն ու ըն­թեր­ցող լայն հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ փնտռո­ւած մնա­յուն իր սիւ­նա­կը ու­նե­ցող հե­ղի­նա­կու­թիւ­նը։
­Մաս­նա­գի­տա­կան իր պատ­րաս­տու­թեամբ ու պա­շա­րով՝ ձեռ­նար­կեց եւ տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ հրա­տա­րա­կեց «­Հայ ­Բոյժ» ամ­սա­գի­րը։
­Բազ­մու­թիւն­նե­րը գրա­ւող հռե­տոր էր միա­ժա­մա­նակ եւ, իբ­րեւ այդ­պի­սին, Ս­փիւռ­քի ողջ տա­րած­քին իր ա­ռինք­նող խօսքն ու շուն­չը բաշ­խած բա­նա­խօս։
­Շա­ւարշ ­Նար­դու­նիի մե­ծու­թեան եւ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թեան գաղտ­նի­քը կը գտնո­ւի բուխ սիրտն ու գի­տա­կան միտ­քը հա­մա­տե­ղե­լու՝ միա­ձու­լե­լու իր ար­ժա­նի­քին մէջ։
— ­Բուխ սիրտ՝ որ միշտ յոր­դե­ցաւ հայ­րե­նի հո­ղի, հայ գեղ­ջու­կի ազ­նո­ւու­թեան, հայ լե­զո­ւի հարս­տու­թեան եւ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու վա­րար պաշ­տա­մուն­քով։
— ­Գի­տա­կան միտք՝ որ ­Լոյ­սի ­Քա­ղա­քէն բա­ցո­ւած էր ողջ աշ­խարհն ու մարդ­կու­թիւ­նը յու­զող մեծ ու ծանր բո­լոր խնդիր­նե­րուն վրայ՝ ­Հա­յաս­տա­նէն պո­կո­ւած հայ բե­կո­րի ան­խար­դախ զգա­յա­րանք­նե­րով։
­Հա­յե­րէն ար­ձա­կը միայն բա­ցա­ռիկ­նե­րու մօտ հա­սած է ­Նար­դու­նիի նո­ւա­ճած գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մաք­րու­թեան, բա­նաս­տեղ­ծա­կան շուն­չի, խո­հա­կան ներ­հա­յե­ցո­ղու­թեան եւ ան­կեղծ յու­զա­կա­նու­թեան այդ­քան բարձր աս­տի­ճա­նի։ ­Բայց մա­նա­ւանդ ՊԱՐԶՈՒԹԻՒ­Նը ե­ղաւ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ նո­ւա­ճու­մը ­Նար­դու­նիի ար­ձա­կին։
Ա­ռան­ձին հա­տո­րով լոյս տե­սած իր «­Մե­ղե­դի­նե՜ր, մե­ղե­դի­նե՜ր», «­Բա­նե՜ր, բա­նե՜ր… ի՜նչ բա­ներ», «Ե­րու­սա­ղէ՜մ… Ե­րու­սա­ղէ՜մ», «­Կա­նանչ բա­ժա­կով», «Ջրվէժ» եւ միւս գոր­ծե­րը ոչ միայն գրա­կան ըն­թեր­ցու­մի վա­յել­քը փո­խան­ցե­ցին, ճա­շա­կը մշա­կե­ցին եւ հո­գին ազ­նո­ւա­ցու­ցին տա­րագ­րու­թեան փշոտ ու վհա­տեց­նող ճա­նա­պար­հը հար­թող հայ բազ­մու­թիւն­նե­րուն, այ­լեւ՝ հու­նա­ւո­րե­ցին սփիւռ­քա­հայ ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րու մտա­ծե­լա­կերպն ու հո­գե­կեր­տո­ւած­քը։
­Հա­յու սրտէն բխած «­Բա­րի լոյս»ը, հա­յու հպար­տու­թիւ­նը պա­տո­ւան­դա­նի բարձ­րաց­նող «­Հա­յաս­տա­նը ա­մէն բա­նէ վե՜ր»ը, «Աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն խա­ղա­ղու­թեան եւ ա­րեւ­շա­տու­թեան Ան­դաս­տա­նի մաղ­թանք»ը, ­Նար­դու­նիի գրչին տակ, սոսկ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն չէին ու չե­ղան միայն գրա­կան ապ­րում, այ­լեւ վե­րա­ծո­ւե­ցան ազ­գա­յին-գա­ղա­փա­րա­կան հան­գա­նա­կի ու յանձ­նա­ռու­թեան։
­Պա­տա­հա­կան չէ, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի մե­ծու­թեան եւ հմայ­քին, ազ­գա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան ու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան հունձ­քին մա­սին վա­ւե­րա­կան վկա­յու­թիւն փնտռող ա­մէն ըն­թեր­ցող եւ յե­տա­դարձ ո­րե­ւէ հա­յեացք, ան­պայ­մա՛ն, կանգ պի­տի առ­նէ ­Շա­ւարշ ­Նար­դու­նիի վաս­տա­կին վրայ՝ հա­յօ­րէն ներշն­չու­մի ա­նոր ա­կունք­նե­րով վե­րա­նո­րո­գո­ւե­լու հա­մար։
­Սե­րունդ­ներ ամ­բողջ ­Նար­դու­նի­նե­րէն ստա­ցան ­Հա­յաս­տանն ու ­Հա­յը պաշ­տա­մուն­քի աս­տի­ճան սի­րե­լու կրա­կը։
­Ցե­ղաս­պա­նին մարմ­նա­ւո­րած քա­ղա­քակր­թա­կան պա­տու­հա­սը պատ­կե­րա­ցու­ցին ­Նար­դու­նիա­կան պարզ, բայց խո­րա­սոյզ ախ­տա­ճա­նա­չու­մով։
­Հա­յոց Ե­ռա­գոյ­նին եւ «­Մեր ­Հայ­րե­նիք»ին ու ա­նոնց խորհր­դան­շած հայ­կա­կա­նու­թեան փառքն ու ող­բեր­գու­թիւ­նը նոյն­պէս ողջ էու­թեամբ ըն­կա­լե­ցին ­Նար­դու­նիի յու­զաշ­խար­հով։
­Նար­դու­նիի յի­շա­տա­կին որ­քա՜ն տե­ղին է, ­Մեծն ­Վա­րու­ժա­նի հե­տե­ւո­ղու­թեամբ, խո­նար­հիլ ­Նո­րին Վ­սե­մու­թիւն ­Պար­զու­թեան առ­ջեւ։
Ճշ­մա­րիտն ու Ի­րա­ւը մեծ են ի­րենց ­Պար­զու­թեան մէջ։

 

­Կա­րօտ ­Հայ ­Լե­զո­ւին

ՇԱՒԱՐՇ ՆԱՐԴՈՒՆԻ

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ

Եր­կար ա­տե­նէ ի վեր հա­յե­րէն չեմ խօ­սած:
Ու, լքո­ւած նո­ւա­գա­րա­նի մը նման, հա­յե­րէնս ար­դէն կար­կա­մեր է միտ­քիս ան­կիւն­նե­րուն մէջ: ­Խա­շած ոս­կոր­նե­րու պէս, մի­սէ զուրկ ու ճեր­մակ, կա­ւիճ են դար­ձեր բա­ռերս: Ի­րա­րու կը զար­նեմ` գտնե­լու հա­մար հին ձայ­նե­րը: Ի զո՜ւր, ի զո՜ւր:
­Գի­շե­րը ե­րա­զիս մէջ իսկ հա­յե­րէն չեմ խօ­սիր: ­Վասն զի փո­խո­ւա՜ծ են մար­դի­կը, որ, ե­րազ­նե­րուս մէջ, շուրջս կը դառ­նան, եւ նոր ըն­կեր­ներս, որ, լուս-օ­րե­րուն, հետս կ­՛աշ­խա­տին:
– ­Պի­տի մոռ­նաս լե­զուդ,- կ­՛ը­սէ մեր յի­մա­րա­նո­ցին այ­րե­րու բաժ­նին ներ­քին բժիշ­կը, որ, ծա­գու­մով յոյն, ֆրան­սա­կան հի­ւան­դա­նոց­նե­րու մէջ ապ­րե­լով, ար­դէն փո­խեր է իր ազ­գը:
Տխ­րու­թիւն կը զգամ, շրթներս կը պրկո­ւին, կ­՛ու­զեմ լալ մա­նու­կի մը պէս, որ շուր­ջը կը նա­յի` փնտռե­լու հա­մար պաշտ­պան մը:
Ու կը դի­տեմ պար­տէ­զը` պա­տու­հանս ի վար:
Օ՜, հո­գիիս մէջ պար­տէ­զը, յան­կարծ, կը փո­խուի բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մը, հա­յե­րէ՜ն, հա­յե­րէ՜ն: ­Կը զգամ, որ կ­՛արթն­նան յի­շա­տակ­նե­րը ներսս, բա­ռե­րը կ­՛ողջն­նան, գոյ­նե­րը կը վա­ռին, ձայ­նե­րը կը թրթռան: ­Կը հասկ­նա՜մ, լե­զո՛ւս է, որ կը թա­գա­ւո­րէ դեռ հո­գիիս մէջ: Ա­լէ­լո­ւիա՜, ո՜վ իմ լե­զուս հա­յե­րէն, եր­կին­քի պէս մա­քուր, լոյ­սի պէս պաշ­տե­լի: Ո՛չ, եր­բեք պի­տի չմոռ­նամ քեզ, եր­բե՛ք:
– ­Պի­տի մոռ­նա՜ս լե­զուդ, ու վա­ղը պի­տի չու­զես իսկ լսել զայն… Կ­՛ա­տեմ պաշ­տօ­նա­կիցս, ո­րով­հե­տեւ շա­րու­նակ կը պնդէ եւ դող կը հա­նէ ներսս: Ե­թէ յա­նուն ա­նո­ղոք ճշմար­տու­թեան մը կը խօ­սի ան, դար­ձեալ կ­՛ա­տեմ: Ու կ­՛ա­տեմ ճշմար­տու­թիւնն ալ: ­Կը նա­խընտ­րեմ խաբ­կան­քը: ­Թո­ղէ՛ք, որ յանձ­նո­ւիմ սի­րած պատ­րանք­նե­րուս, եւ եր­ջան­կա­նամ` մտա­ծե­լով, որ հա­յե­րէնս պի­տի չմոռ­նամ ես, իբ­րեւ բա­ցա­ռու­թիւն:
­Պի­տի չմոռ­նամ, պի­տի չմոռ­նամ: Ա­մէն օր, հին նո­ւա­գա­րա­նի մը պէս, դուրս պի­տի հա­նեմ զայն միտ­քիս ան­կիւն­նե­րէն: ­Պի­տի նո­ւա­գեմ զայն մի­նակս, ա­նով պի­տի լամ ու ծի­ծա­ղիմ, պի­տի եր­գեմ ու կան­չեմ: Ո՜վ իմ քաղցր հա­յե­րէնս:
­Բայց… եր­կա՜ր, եր­կա՜ր ա­տե­նէ ի վեր հա­յե­րէն չեմ խօ­սած:

ՇԱԲԱԹ

Այս գի­շեր, ե­րա­զիս մէջ, հա­յե­րէն խօ­սե­ցայ:
Նս­տեր էի պա­տու­հա­նիս առ­ջեւ: Ա­րե­ւը ծա­ռե­րուն մէ­ջէն հո­սե­լով կը թրջէր գլուխս: Ու գու­նա­ւո­րո­ւեր էին գիր­քերս, ո­րոնց մէջ ծրա­րած կը պա­հեմ աշ­խար­հի բո­լոր հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը: ­Պար­տէ­զին պա­տին վրայ սեւ կա­տու մը իր ե­ղունգ­նե­րը կը սրէր ջղայ­նու­թեամբ: ­Յան­կարծ ճան­կը զար­կաւ թուղ­թի կտո­րի մը, որ գա­լա­րո­ւեր էր չոր­ցած տե­րե­ւի մը նման: ­Կա­տուն մօ­տե­ցուց միւս ճանկն ալ ու բա­ցաւ թղթի­կը: Աչ­քերս հա­յե­րէն գի­րե­րու հան­դի­պե­ցան: ­Սիրտս ա­մա­նի մը պէս շրջե­ցաւ կուրծ­քիս տակ եւ տաք բան մը վա­զեց մար­մի­նիս ա­մէն կող­մը: Ա­րագ, պար­տէզ ի­ջայ: Թղ­թի­կը ա­զա­տե­ցի կա­տո­ւին ճան­կէն եւ…
Եւ ես, որ մեծ մար­դոց յա­ւակ­նո­տու­թեամբ, սո­վո­րու­թիւ­նը ու­նէի կար­դա­լու միայն նշա­նա­ւոր գրող­նե­րու յօ­դո­ւած­նե­րը, բա­ցի թղթի­կը եւ կար­դա­ցի: Պզ­տիկ ազդ մըն էր, օ­րա­թեր­թէ մը փրցո­ւած,– ­հայ որբ տղեկ մը կը փնտռէր իր մայ­րը: ­Թուղ­թին միւս է­ջը, կար նաեւ հայ նպա­րա­վա­ճա­ռի մը ազ­դը, զոր նոյն­պէս կար­դա­ցի ամ­բող­ջու­թեամբ: ­Յե­տոյ նո­րէն կար­դա­ցի, ո­րով­հե­տեւ հա­ճոյք կը զգա­յի: ­Յե­տոյ գի­րե­րը քննե­ցի, եւ ան­գամ մըն ալ կար­դա­ցի:
Ու նե­ղա­ցայ կա­տո­ւին.
– Ին­չո՞ւ կը բզկտես այս թղթի­կը,–­ ը­սի հա­յե­րէն:
Ու կա­տուն պա­տաս­խա­նեց ին­ծի, նոյն­պէս հա­յե­րէն.
– Ո­րով­հե­տեւ մու­կի պէս պզտիկ էր եւ աղ­մուկ կը հա­նէր:
– ­Հայ տղեկ մը գրած է զայն,–­ ը­սի:
– Ին­չո՞ւ հոս ին­կեր է,– ­հար­ցուց:
– ­Մենք հի­մա ին­կած ենք ա­մէն կողմ:
­Յե­տոյ ա­նոր նկա­րագ­րե­ցի մեր պատ­մու­թիւ­նը, մեր ա­րո­ւես­տը, մեր պա­տե­րազմ­նե­րը, մեր դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը, մեր յա­ռա­ջա­պահ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րուն կա­ցու­թիւ­նը: ­Նոյ­նիսկ ը­սի, թէ բոլ­շե­ւիկ­նե՜ր ալ տո­ւած ենք աշ­խար­հին:
­Կա­տուն, փո­խա­նակ հիա­նա­լու, պա­տաս­խա­նեց:
– Եր­կա՜ր պատ­մու­թիւն:
– Ա­յո՛, եր­կար է: Ս­տի­պո­ւած ենք եր­կար խօ­սիլ, ո­րով­հե­տեւ ա­նար­դա­րու­թիւն պի­տի ըլ­լար, ե­թէ չսկսէինք աշ­խար­հի ստեղ­ծու­մէն, երբ ստեղ­ծո­ւած է նաեւ մեր ժո­ղո­վուր­դը:
– ­Խօս­քը ժա­մա­նա­կի կո­րուստ է,–­ ա­ռար­կեց կա­տուն, աչ­քե­րը բացխ­փե­լով:– Ե­թէ կ­՛ու­զէք յա­ջո­ղիլ, մե­զի պէս ը­րէք: Եր­բեք չխօ­սիլ: Եւ եր­բեք չխղճալ մու­կե­րուն: Եր­բեք ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում չու­նե­նալ, ա­պե­րախտ ըլ­լալ նոյ­նիսկ տի­րոջ հան­դէպ: Ե­րես դար­ձու­ցէք զգա­ցում­նե­րուն: Ե­թէ մա­նու­կի մը ձեռ­քը կա­րագ կայ, բա­րե­կա­մա­ցէք: ­Ձեր կռնա­կը քսե­ցէք ա­նոր մերկ ոտ­քե­րուն: ­Մա­նու­կը հա­ճոյք կը զգայ մուշ­տա­կէն եւ կը ձգէ ձեռ­քի կա­րա­գը: ­Յափշ­տա­կե­ցէք, կե­րէք, եւ գա­ցէք ե­րա­զել տաք օ­ճա­խին ան­կիւ­նը: Ե­թէ տան­տի­րու­հին գո­ռայ ու պո­ռայ իր տղո­ցը, դուք փա­կե­ցէք ձեր աչ­քե­րը, քնա­նալ ձե­ւա­ցու­ցէք: ­Սա­կայն միշտ ար­թո՜ւն ե­ղէք, պատ­րաս­տե­ցէք ճան­կե­րը` ե­թէ ծե­ծե­լու գան:
Ես, հայ տղայ, քրիս­տո­նէա­կան զգա­ցում­նե­րով մեծ­ցած տղայ, մտիկ չը­րի կա­տո­ւին: ­Բայց շատ գոհ էի, ո­րով­հե­տեւ հա­յե­րէն կը խօ­սէի եւ հա­յե­րէն կը լսէի:
– Զ­գա­ցում­նե­րը կը մո­լո­րեց­նեն ձեզ,– ­շա­րու­նա­կեց կա­տուն:– ­Լաւ է, օ­րի­նա­կի հա­մար, սի­րոյ յատ­կաց­նել միայն ­Մարտ ա­մի­սը: ­Միւս տասն­մէկ ամ­սո­ւան ըն­թաց­քին փի­լի­սո­փայ ե­ղէք: Օ՛ն, քիչ մը չա­րու­թիւն ը­րէք մար­դոց, քիչ մը չա­րու­թի՜ւն…
­Յե­տոյ ե­րազս պղտո­րե­ցաւ, կա­տուն մարդ դար­ձաւ, ծա­ռե­րը վար­դա­պետ ե­ղան, տու­նե­րը սկսան ծփալ օ­դին մէջ, եւ ես արթն­ցայ:
Արթն­ցայ ու­րախ սիր­տով:
Ու­րախ էի, ո­րով­հե­տեւ հա­յե­րէն էի խօ­սեր: ­Հոգ չէ թէ կեն­դա­նիի մը հետ:

ԿԻՐԱԿԻ

Այս ա­ռա­ւօտ, սա­կայն, ա­ւե­լի քան եր­բեք կա­րօտն ու­նիմ հա­յե­րէն խօ­սե­լու: Կ­՛ու­զեմ հա­յե­րէն խօ­սիլ բաց աչ­քով: ­Հա՜յ մը, հայ մարդ մը կը փնտռեմ, խօ­սե­լու հա­մար հե­տը: ­Մու­րաց­կա՜ն մը թող ըլ­լայ, աղ­տոտ սրի­կայ մը թող ըլ­լայ, վեր­ջա­պէս բե­րա՜ն մը, ո­րուն հա­յե­րէն խօ­սէի եւ ան­կէ հա­յե­րէն պա­տաս­խան մը առ­նէի: Ո՜վ որ կը հասկնայ նոր ու տա­րօ­րի­նակ այս զգա­ցու­մը, այս տա­ռա­պեց­նող զգա­ցու­մը, կա­րօ՜­տը լե­զո­ւին, թող օգ­նէ ին­ծի: Կ­՛ու­զեմ, որ հայ գաղ­թա­կան մը, հոգ չէ թէ լե­զուն մոռ­ցած ըլ­լայ, բայց գիտ­նայ միայն մէկ բառ, իյ­նա՜յ ճամ­բուս վրայ, եւ ես կա­րե­նամ ը­սել.
– ­Հա՞յ ես:
Ա­նի­կա գլխով «ա­յո՛» ը­սէր ին­ծի: Եւ ես ան­մի­ջա­պէս, հօրս-մօրս սոր­վե­ցու­ցած լե­զո­ւո­վը գո­չէի, ամ­բողջ յու­զումս ու հո­գիս թա­փէի իր ա­կան­ջին մէջ սա մէկ բա­ռով.
– ­Բա­րի-լոյս…
Ու ան ին­ծի պա­տաս­խա­նէր.
– ­Բա­րի-լոյս…
­Տիե­զե՛րք վկայ, աս­կէ ա­ւե­լի քաղցր եւ աս­կէ ա­ւե­լի տխուր բան չկայ: Այդ բա­ռին մէջ մեր ժո­ղո­վուր­դը ին­չե՜ր է պա­հած: Այդ բա­ռին մէջ մեր հա­յե­րէ­նը ին­չե՜ր է դրած:
Ո՜վ իմ մեծ հա­յե­րէնս, ես քե­զի կը հա­ւա­տամ այս բա­ռիդ մէջ, ես քեզ կա­րօտ­ցած եմ այս բա­ռիդ խո­րունկ նշա­նա­կու­թեան ըղ­ձան­քո­վը:
Ո՜վ իմ ըղ­ձա­լի հա­յե­րէնս, ա­ռա­ւօ­տեան պէս թարմ եւ գի­շե­րո­ւան պէս խո­րունկ, մա­նու­կի մը պէս զո­ւար­թուն եւ տա­րե­ցի մը պէս ի­մաս­տուն, սի­րոյ պէս հա­ճե­լի եւ գար­նան պէս գե­ղե­ցիկ:
Ո՜վ իմ ա­նուշ հա­յե­րէնս, գիւ­ղա­ցիի ու քաղք­ցիի լե­զու, բա­նո­ւո­րին ու թա­գա­ւո­րին բեր­նին յար­մար, ե­րի­տա­սարդ եւ հուժ­կու, ապ­րա՜ծ մնաս դուն:
Ո՜վ իմ բրդոտ հա­յե­րէնս, ա­ղօթ­քի մը պէս մխի­թա­րիչ, դե­ղի մը պէս օգ­տա­կար, ե­թէ մոռ­ցայ մէկ վանկդ, թող ա՛լ չդառ­նայ լե­զուս մե­ղա­ւոր բեր­նիս մէջ:
Ես քեզ այն­քա՜ն կը սի­րեմ, որ այ­սօր կը փնտռեմ նոյ­նիսկ ման­կա­պար­տէ­զի հին «օ­րիորդ»ս` խնդրե­լու հա­մար կրկնել հա­յե­րէ­նի ա­ռա­ջին դասս: ­Քե­րա­կանս դնէի ծուն­կե­րուն վրայ, տա­ռա­պան­քէն մար­մինս փայ­տա­ցած, յու­զու­մէն բե­րանս ծռած, ար­ցուն­քը աչ­քե­րուս մէջ կարմ­րած, լե­զուս վախ­ցած, ոտ­քերս երկ­րա­շար­ժի բռնո­ւած, մե­ղա­ւոր ձայ­նով մը ը­սէի.
– Օ­րիո՜րդ, ան­գա՜մ մըն ալ կար­դա՛ դասս, ինչ­պէս հին օ­րե­րուն, քու ե­ղա­նա­կա­ւոր ձայ­նովդ,- զ, ա, զա,- տ, ի, կ, տիկ,- զա­տիկ:
Ա՜խ, մեծ Աս­տո­ւած, քե­զի բնաւ չեմ հա­ւա­տար, բայց ցա­ւը զիս մա­նուկ է դար­ձու­ցեր, եւ նո­րէն, ա­հա նո­րէ՜ն ամ­պե­րուդ կը բարձ­րաց­նեմ ճա­կատս: Երկն­քի Աս­տո­ւած, հա­յե­րէն լե­զո­ւիս ա­մէ­նէն գե­ղե­ցիկ բա­ռե­րը կու տամ, քե­զի, միայն, թէ հրա­ման ը­րէ, որ իմ լե­զուս գտնէ իր եր­ջան­կու­թիւ­նը:
Ի՞նչ ը­նեմ, ի՞նչ ը­սեմ: Այս պա­հուս շա՜տ յու­սա­հատ եմ: ­Հո­գիէս իսկ կը վախ­նամ, ո­րով­հե­տեւ ե­րի­տա­սար­դի հո­գի է, կը խա­բո­ւի՜ օ­տա­րին շքե­ղու­թիւն­նե­րէն, կ­՛ել­լէ կը մոռ­նայ լե­զուս: Ուս­տի ա­պա­ւէ՜ն մը կ­՛ու­զեմ, պաշտ­պա­նե­լու հա­մար լե­զուս:

***
Ա­ճե­ցա՜ւ, ա­ճե­ցա՜ւ ցաւս: ­Հա­սաւ մին­չեւ զա­ռան­ցանք:
Ե­լեր եմ դաշտն եմ ին­կեր, որ­պէս­զի չըլ­լա՜յ թէ մարդ մը լսէ զա­ռան­ցանքս եւ խենթ կար­ծէ զիս: Ե­կեր եմ, այս­տեղ, ա­զատ բնու­թեան մէջ, բարձ­րա­ձայն հա­յե­րէն խօ­սե­լու: ­Պի­տի ը­սեմ այն բո­լոր ա­ղօթք­ներն ու եր­գե­րը, զորս մայրս սոր­վե­ցու­ցած էր ին­ծի, պզտի­կուցս: ­Պի­տի խօ­սիմ ծա­ղիկ­նե­րուն ու քա­րե­րուն հետ, ո­րոնք, ինչ­պէս իմ գիւ­ղիս ող­ջու­թեա­նը, լե­զու կը բա­նան ու կը կան­չեն ա­նու­նովս: Ի՜նչ լաւ է այս­պէս, խօ­սիլ հին բա­րե­կամ­նե­րու հետ մեր լե­զո­ւո­վը:
­Թի­թեռ­նիկ­նե՜ր, նախ­շո՜ւն թի­թեռ­նիկ­ներ, որ կը նմա­նիք իմ գիւ­ղիս թի­թեռ­նիկ­նե­րուն, ե­կէ՜ք, ե­կէ՜ք հա­յե­րէն խօ­սինք: ­Ձո­րեր ու ան­տառ­ներ, հա­յե­րէն եր­գե­ցէք, մտիկ ը­նեմ ձե­զի: ­Հո՜ղ, հո՜ղ, յա­ւի­տե­նա­կան հո՜ղ, պղպջա՛ այն հին վան­կե­րը, զորս իմ նախ­նիքս ցա­նած են երկ­րի վրայ: Ջ­րի՜կ, որ ար­ծաթ տե­րեւ­նե­րու նման թա­փեր ես մար­ման­դին վրայ, թրջէ՛ լե­զուս, որ­պէս­զի միշտ հին յի­շա­տակ­ներ խօ­սի:
Ա­հա կը ծռիմ, մա­նի­շա­կի մը հա­մես­տու­թեամբ կա­նանչ խո­տե­րուն կը հա­ւա­սա­րիմ, ծուն­կի կու գամ, ծա­ղի­կի պէս` շրթներ կը բա­նամ ու կ­՛ար­տա­սո­ւեմ.
­«Հայր մեր որ յեր­կինս ես…»
Թռ­չուն մը կ­՛անց­նի գլխուս վրա­յէն. կը ցատ­կեմ, կը վա­զեմ եւ յան­կարծ, հոգ­ւոյս մէջ կը լսեմ բազ­մու­թեան մը քայ­լե­րը, եր­կա­թի նման, եւ երգ մը գե­տի նման: ­Ձայնս կը բա­նամ ու կը հե­տե­ւիմ եր­գին, մե­նա­ւոր եւ ճեր­մակ ճամ­բէն կը քա­լեմ ա­րագ-ա­րագ, ոտ­քերս զի­նո­ւո­րա­կան կշռոյթ կը ստա­նան, շրթներս այ­ծի ձայ­նի պէս կը կտրտեն երգս, աչ­քերս կը պտղո­րին, մե­նու­թիւ­նը կը վախցնէ զիս, յու­զու­մը կը խեղ­դէ կո­կորդս, բայց կը դի­մադ­րեմ սար­սուռ­նե­րուս եւ զա­ռան­ցան­քին դէմ, շրթնե­րուս վրայ պա­հե­լու յա­մա­ռու­թեամբ տխո՜ւր երգն հա­յոց.­-
«Մեր հայ­րե­նիք թշո­ւառ, ան­տէր,
­«Մեր թշնա­մեաց ոտ­նա­կոխ…»