­Յու­նո­ւար 26ի այս օ­րը կը լրա­նայ մա­հո­ւան 61րդ ­տա­րե­լի­ցը հայ մա­մու­լի մե­ծար­ժէք, այ­լեւ ան­մահ խմբագ­րա­պե­տին՝ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի։
­Հայ մա­մու­լի պատ­մու­թեան մէջ բարձ­րա­դիր գա­գաթ մը ե­ղաւ ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Ե­ղիա­զար, բայց ­Շա­ւարշ ա­նու­նով հա­յաշ­խար­հով մէկ հռչա­կո­ւած ­Մի­սա­քեան­նե­րու տոհ­մին այս ան­զու­գա­կան ծնուն­դը։
Գ­րա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան կա­տա­րե­լա­գոյն մշա­կու­մի հա­սած իր ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նով, կուռ ո­ճի եւ խո­հա­կա­նու­թեան իր տա­ղան­դով եւ, մա­նա­ւա՛նդ, դաշ­նակ­ցա­կա­նի ան­խախտ հա­ւատ­քով ու սկզբուն­քայ­նու­թեամբ՝ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան հրա­պա­րա­կագ­րա­կան իր ա­ռա­ջին քայ­լե­րէն իսկ գրա­ւեց ըն­թե­ցո­ղը, դար­ձաւ ա­նոր ու­ղին լու­սա­ւո­րող ան­մար փա­րո­սը։
«Շ.» ստո­րագ­րու­թեամբ հայ հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան մէջ իր բար­ձուն­քը նուա­ճած ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան հան­դի­սա­ցաւ հայ կեան­քի՝ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու եւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի ար­թուն պա­հա­կը, որ հան­րա­յին կար­ծիք ձե­ւա­ւո­րեց ու ա­ռաջ­նոր­դեց ամ­բողջ յի­սուն տա­րի՝ ե՛ւ երկ­րի մէջ, երբ թրքա­կան պե­տու­թեան հա­յաս­պա­նա­կան մեծ Ո­ճի­րը դեռ ի գործ դրո­ւած չէր, ե՛ւ ար­տերկ­րի տա­րած­քին, երբ աշ­խար­հաց­րիւ տա­րագ­րու­թեան դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դը։
­Յատ­կա­պէս իր մե­ծար­ժէք ձե­ռա­կերտն ու միա­ժա­մա­նակ փառ­քի դափ­նեպ­սա­կը մարմ­նա­ւո­րող փա­րի­զեան «­Յա­ռաջ» թեր­թով՝ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ստեղ­ծեց դաշ­նակ­ցա­կան իր ա­մէ­նօ­րեայ դպրո­ցը, որ ըն­թեր­ցող լայն հա­սա­րա­կու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան նկա­րա­գիր տո­ւաւ եւ շունչ ու հա­ւատք նե­րար­կեց հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­պա­գա­յին հան­դէպ։
­Նոյ­նիսկ իր մա­հէն ետք եւ մին­չեւ իսկ 1970ա­կան­նե­րէն սկսեալ, երբ դստեր՝ Ար­փիկ ­Մի­սա­քեա­նի խմբագ­րու­թեամբ շա­րու­նա­կո­ւած «­Յա­ռաջ»ը հա­կա­սու­թիւն­ներ ու հա­կադ­րու­թիւն­ներ ու­նե­ցաւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան հետ, նաեւ այդ պայ­ման­նե­րուն մէջ՝ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի խստա­պա­հան­ջու­թեան դրոշ­մը զգա­լի մնաց հայ մա­մու­լի այս ե­րախ­տա­ւո­րին վրայ։ Ան­տա­րա­կոյս այդ էր պատ­ճա­ռը, որ երբ շուրջ տա­սը տա­րի ա­ռաջ «­Յա­ռաջ»ի դադ­րեց­ման յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ, սփիւռ­քա­հա­յու­թիւ­նը միա­հա­մուռ ոտ­քի ե­լաւ՝ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի ժա­ռան­գու­թիւնն ու ա­ւան­դա­կի­րը՝ «­Յա­ռաջ»ը կան­գուն պա­հե­լու պա­հան­ջով…
­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան լոյս աշ­խարհ ե­կաւ 1884ի Օ­գոս­տո­սին, Ս. Աս­տո­ւա­ծած­նայ ­Կի­րա­կին, ­Սե­բաս­տիա նա­հան­գի ­Զի­մա­ռա գիւ­ղը։ 6 տա­րե­կա­նին ըն­տա­նի­քը փո­խադ­րո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս, ուր ­Շա­ւարշ յա­ճա­խեց, յա­ջոր­դա­բար, ­Գում ­Գա­փո­ւի ­Մայր ­Վար­ժա­րա­նը, ­Կա­լա­թա­յի ­Կեդ­րո­նա­կա­նը եւ ­Կէ­տիկ ­Փա­շա­յի «­Կար­կու­րեան» դպրո­ցը։ 16 տա­րե­կա­նին մուտք գոր­ծեց հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան աս­պա­րէզ՝ «­Սուր­հան­դակ» թեր­թի խմբագ­րու­թեամբ։
­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի հրա­պա­րա­կագ­րա­կան ինք­նա­հաս­տա­տու­մը սկսաւ 1908ին, երբ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի, ­Գե­ղամ ­Բար­սե­ղեա­նի եւ ­Վահ­րամ ­Թա­թու­լի հետ ձեռ­նար­կեց ­Պոլ­սոյ «Ազ­դակ» շա­բա­թա­թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան։ 1911-1912ին ստանձ­նեց ­Կար­նոյ հռչա­կա­ւոր «­Յա­ռաջ» թեր­թին խմբագ­րու­թիւ­նը։ 1913ին ­Պո­լիս վե­րա­դար­ձաւ՝ մաս կազ­մե­լու հա­մար Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Ա­զա­տա­մարտ»ի խմբագ­րու­թեան՝ ստանձ­նե­լով նաեւ խմբագ­րա­պե­տու­թիւ­նը «Ա­զա­տա­մարտ» շա­բա­թա­թեր­թին։
Իր ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան հա­յեացք­նե­րուն ու կե­ցո­ւածք­նե­րուն հա­մար ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան տե­ւա­կան հե­տապն­դու­մի են­թար­կո­ւե­ցաւ թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ եւ փախս­տա­կան՝ թաքստո­ցա­յին պայ­ման­նե­րու մէջ կը շա­րու­նա­կէր խմբագ­րա­կան իր աշ­խա­տան­քը 1915ին, երբ ցե­ղաս­պա­նը ի գործ դրաւ հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան զան­գո­ւա­ծա­յին ձեր­բա­կա­լու­թեան եւ աք­սո­րի ճամ­բուն վրայ սպա­նու­թեան ա­հա­ւոր ո­ճի­րը։ ­Մին­չեւ 1916ի ­Մար­տը, ­Շա­ւարշ կրցաւ խու­սա­փիլ իշ­խա­նու­թեանց հե­տապն­դում­նե­րէն, բայց ի վեր­ջոյ ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ՝ երբ կը փոր­ձէր ­Պո­լի­սէն հե­ռա­նալ ու ­Պուլ­կա­րիա անց­նիլ։
­Դա­տո­ւե­ցաւ եւ մա­հո­ւան դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ, բայց վճի­ռը ցկեանս բան­տար­կու­թեան վե­րա­ծո­ւե­ցաւ եւ ­Շա­ւարշ բանտ մնաց մին­չեւ 27 ­Նո­յեմ­բեր 1918, երբ ­Զի­նա­դա­դա­րէն ետք ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ։
Այ­նու­հե­տեւ սկսաւ Շ. ­Մի­սա­քեա­նի խմբագ­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան կա­րե­ւոր շրջան­նե­րէն մէ­կը, երբ զի­նո­ւո­րագ­րո­ւե­ցաւ գլխա­տո­ւած պոլ­սա­հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը վե­րաշ­խու­ժաց­նե­լու ան­խոնջ պայ­քա­րին՝ ստանձ­նե­լով «Ա­զատա­մարտ»ի շա­րու­նա­կու­թիւ­նը ե­ղող «­Ճա­կա­տա­մարտ»ի խմբագ­րա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ ­Շա­ւարշ յա­ջո­ղե­ցաւ նոր ու­ժեր յայտ­նա­բե­րել եւ թեր­թին կա­պել՝ ընդ­հան­րա­պէս կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը վե­րա­դարձ­նե­լով պոլ­սա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան։ Իր այդ հան­գա­ման­քով ալ մաս­նակ­ցե­ցաւ 1919ին Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին։
1922ին, ­Քե­մա­լա­կան­նե­րու իշ­խա­նու­թեան աս­տի­ճա­նա­կան ամ­րապնդ­ման հե­տե­ւած նոր հա­լա­ծանք­նե­րէն խոյս տա­լով՝ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան վերջ­նա­կա­նա­պէս հե­ռա­ցաւ ­Պո­լի­սէն, ան­ցաւ նախ ­Պուլ­կա­րիա, իսկ այ­նու­հե­տեւ՝ 1924ին, հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Փա­րիզ, ուր տա­րի մը ետք հիմ­նեց «­Յա­ռաջ» օ­րա­թեր­թը։
Ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն տա­րի, ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան ա­ռաջ­նոր­դող ներ­կա­յու­թիւն ե­ղաւ ոչ միայն Եւ­րո­պա­յի, այ­լեւ ողջ հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, «­Յա­ռաջ»ի կող­քին նաեւ «Դ­րօ­շակ»ի խմբագ­րու­թեան մաս կազ­մե­լով եւ կու­սակ­ցա­կան բարձ­րա­գոյն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեանց կո­չո­ւե­լով՝ իբ­րեւ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի կամ Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ան­դամ։
­Յատ­կա­պէս հայ հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան մէջ ան­զու­գա­կան ե­ղաւ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի ներդ­րու­մը։
­Ռու­բէն ­Զար­դա­րեա­նի կող­քին՝ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան մե­ծա­գոյն դեր կա­տա­րեց ա­րեւմ­տա­հայ ար­ձա­կը հրա­պա­րա­կագ­րա­կան լե­զո­ւի վե­րա­ծե­լու հիմ­նա­րար գոր­ծին մէջ։
Իր խմբագ­րա­կան­ներն ու տոմ­սե­րը ա­մէ­նօ­րեայ տաք հա­ցի պէս գա­ղա­փա­րա­կան սնուն­դը դար­ձան ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րու հա­մար՝ Ֆ­րան­սայի մէջ թէ սփիւռս հա­յաշ­խար­հի։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան, ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան եւ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման գա­ղա­փա­րա­կան ու բա­րո­յա­կան ա­ւանդ­նե­րուն եր­դո­ւեալ պաշտ­պա­նը հան­դի­սա­ցաւ «Շ.»։
Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի հան­գա­նա­կը՝ Ե­ռա­գոյ­նով, ­Զի­նան­շա­նով եւ «­Մեր ­Հայ­րե­նիք»ով, պաշ­տա­մուն­քի ա­ռար­կան դար­ձան ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի հրա­պա­րա­կագ­րա­կան հա­րուստ վաս­տա­կին։ Ազ­գա­յին ա­նա­ռար­կե­լի այդ ար­ժէք­նե­րուն ու­րաց­ման բո­լոր փոր­ձե­րուն եւ փոր­ձու­թիւն­նե­րուն դէմ յատ­կա­պէս բուռն ե­ղան «Շ.»ի հրա­պա­րա­կած խա­րա­զա­նու­մի է­ջե­րը։
­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան ստեղ­ծեց նաեւ գրա­կան եր­կեր, ո­րոնք ի­րենց ինք­նու­րոյն տե­ղը ու­նին ա­րեւմ­տա­հայ ար­ձա­կին մէջ։
­Բայց ա­ռա­ւե­լա­բար իր հրա­պա­րա­կագ­րու­թեամբ եւ հայ կեան­քէն ներս իր ծա­ւա­լած հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծու­նէու­թեամբ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի ա­նու­նը յա­ւեր­ժու­թեան ար­ժա­նա­ցաւ՝ իբ­րեւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի եւ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու մշտար­թուն պա­հակ խմբագ­րա­պե­տը։
Ի­րա­ւամբ՝ հայ հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան դաշ­նակ­ցա­կան վար­պե­տը կը հան­դի­սա­նայ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան։
­Հայ Մտ­քի մշտար­թուն եւ ան­խոնջ պա­հա­կը, խմբագ­րա­կան գոր­ծի ա­մէ­նօ­րեայ սպա­ռիչ հեւ­քին մէջ, ֆրան­սա­հայ կեան­քի եւ ընդ­հան­րա­պէս սփիւռ­քա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան, բայց մա­նա­ւանդ խորհր­դա­յին եր­կա­թեայ վա­րա­գոյ­րի ե­տին տո­ւայ­տող ­Հա­յաս­տա­նի վե­րի­վայ­րում­նե­րուն՝ ըն­կր­կում­նե­րուն ու ոս­տում­նե­րուն հետ գա­ղա­փա­րա­կան ա­մէ­նօ­րեայ ու ան­մի­ջա­կան քայլ պա­հե­լով հան­դերձ, իր խո­հուն հա­յեաց­քը միշտ սե­ւե­ռեց գա­լի­քին եւ լու­սա­ւո­րեց ազ­գա­յին ինք­նա­հաս­տատ­ման մեր ու­ղին։
­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան ան­ցեա­լին մէջ չկծկո­ւե­ցաւ բնաւ, ան­ցեա­լի նո­ւա­ճում­նե­րուն դրա­մագ­լու­խը սպա­ռե­լով՝ չմա­շե­ցուց ներ­կան, այլ՝ ­Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­ցեա­լէն ժա­ռան­գո­ւած ան­կորն­չե­լի ար­ժէք­նե­րու վե­րա­նո­րոգ­ման եւ նոր ա­րա­րում­նե­րով հարս­տաց­ման ան­խոնջ ու ան­կա­շառ պատ­գա­մա­բե­րը դար­ձաւ։
Որ­քա՜ն դի­պուկ է իր մա­հէն օր մը ա­ռաջ, 25 ­Յու­նո­ւար 1957ին, «­Յա­ռաջ»ի ա­ռա­ջին է­ջով լոյս տե­սած Շ.ի ա­ռաջ­նոր­դող ակ­նար­կը՝ «Լ­ռու­թիւ­նը ոս­կի չէ» խո­րագ­րին տակ։ Ի­րա­ւամբ գա­ղա­փա­րա­կան կտա­կի ար­ժէք ու­նե­ցող այդ ակ­նար­կին գլխա­ւոր մտքե­րու հա­ղոր­դու­թեամբ կ­’ար­ժէ շնչա­ւո­րել հայ­կա­կան հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան դաշ­նակ­ցա­կան վար­պե­տին ո­գե­կոչ­ման նո­ւի­րո­ւած այս սիւ­նա­կը.
«­Տա­րե­կան տե­սու­թեան մը ա­ռի­թով ու­զե­ցինք ի­մա­նալ, թէ ի՛նչ գոր­ծեր կա­տա­րած են մեր գա­ղու­թին ազ­գա­յին մար­մին­նե­րը եւ ի՛նչ ա­ռա­ջադ­րու­թիւն­ներ ու­նին յա­ռա­ջի­կա­յին հա­մար։
«Ա­հա կը լրա­նայ նոր տա­րո­ւան ա­ռա­ջին ա­մի­սը, բայց ոչ մէկ ձայն։
«Ոչ իսկ սո­վո­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն մը, այս կամ այն շրջա­նէն։
«Լ­ռու­թիւ­նը ոս­կի է»,- կ­’ը­սէին, երբ դպրոց կ­’եր­թա­յինք։
«­Փոր­ձա­ռու­թիւ­նը հաս­տա­տեց, թէ միշտ ոս­կի չէ։ Եր­բեմն ար­ծաթ է, իսկ յա­ճախ ալ թի­թեղ։
«Այս ե­րե­քէն ո­րո՞ւն կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ հա­մա­տա­րած լռու­թիւ­նը։
«…
«Ե­թէ հարց­նէք, թէ ի՛նչ գոր­ծեր կա­տա­րե­ցին 1956ին եւ ի՛նչ ա­ռա­ջադ­րու­թիւն­ներ ու­նին 1957ի հա­մար, պար­զա­պէս տհա­ճու­թիւն պատ­ճա­ռած կ­’ըլ­լաք։
«­Նոյ­նիսկ վի­ճա­կագ­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը պակ­սին,- մար­դա­հա­մար, տնտե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին կա­ցու­թիւն, նոր սե­րուն­դի փրկու­թիւն, ե­ւայլն։
«Ոչ մէկ փո­փո­խու­թիւն՝ գոր­ծե­լու ե­ղա­նա­կին մէջ։ ­Նոյն մար­դի­կը։ ­Նո՛յն մե­թոտ­նե­րը։ ­Նո՛յն սո­վո­րա­մո­լու­թիւ­նը, որ ի վեր­ջոյ կը յան­գի ան­շար­ժու­թեան։
«Իսկ շրջա­նէ շրջան կապն ալ ա­րա­րո­ղա­կան է,- հան­դէս կամ պա­տա­րագ։
«­Մինչ­դեռ, գո­նէ ­Փա­րիզն ու ­Մար­սէյ­լը կրնա­յին օ­րի­նակ հան­դի­սա­նալ, ծրագ­րեալ գոր­ծու­նէու­թեամբ։
«­Պատ­կե­րը շատ ա­ւե­լի տժգոյն է հա­րե­ւան գա­ղութ­նե­րուն մէջ, սկսե­լով Անգ­լիա­յէն եւ ­Պել­ճի­քա­յէն։
«Ի՛նչ դի­տո­ղու­թիւն կամ հար­ցում ալ ուղ­ղէք, պա­տաս­խա­նը լռու­թիւն է։
«Եր­բեմն թղթակ­ցու­թիւն­ներ կ­’ե­րե­ւան թեր­թե­րու մէջ, ա­ռանց սա­կայն ամ­բող­ջա­կան գա­ղա­փար մը տա­լու բո՛ւն ի­րա­կա­նու­թեան մա­սին։
«­Հա­մա­տա­րած լռու­թիւ­նը կ­’ա­պա­ցու­ցա­նէ, թէ մար­դիկ ոչ միայն յոգ­նած են, այ­լեւ հա­ւատք չու­նին ի­րենց կա­տա­րած գոր­ծին վրայ։
«Ան­շուշտ ե­րի­տա­սար­դու­թիւնն ալ կ­’օգ­տո­ւի այս հո­գե­բա­նու­թե­նէն, խու­սա­փե­լու հա­մար ո­րե­ւէ պար­տա­կա­նու­թե­նէ։
«Եւ օ­րե­րը օ­րե­րուն կը յա­ջոր­դեն յօ­րան­ջե­լով, հա­ռա­չե­լով, կամ պրիճ խա­ղա­լով…»։
Ա­հա՛ փոքր յա­պա­ւու­մով վեր­ջին ա­ռաջ­նոր­դո­ղը Շ.ի, որ, ի դէպ, իր կա­րա­պի այս եր­գէն քա­նի մը օր ա­ռաջ, ա­ռանձ­նա­բար ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դին ան­տար­բե­րու­թեան վրայ կեդ­րո­նա­ցու­ցած էր իր խա­րա­զա­նող քննա­դա­տու­թիւ­նը՝ յոր­դո­րե­լով հա­յոց գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն.-։
«Ե­րի­տա­սար­դու­թիւն ­Հա­յոց, աչ­քերդ ուղ­ղէ դէ­պի հայ­րե­նի ­Տուն։
Ո՛չ թէ ա­նոր չորս պա­տե­րուն մէջ կծկո­ւե­լու, այլ նոր հո­րի­զոն փնտռե­լու եւ պար­պո­ւած դիր­քե­րը գրա­ւե­լու հա­մար։
«Եա­թա­ղան»ը ա­րեան գե­տեր հո­սե­ցուց, բայց ­Հայ­կա­զանց ո­գին մնաց ա­նեղծ՝ սա­ւառ­նե­լով հո­րի­զո­նէ հո­րի­զոն։
­Թոյլ մի՛ տաք, տղա՜ք, որ օ­տա­րու­թեան գո­լոր­շի­նե­րը ծծեն այդ ո­գին՝ ձեր ե­տին ձգե­լով միայն դա­րա­ւոր պատ­մու­թեան մը կմախ­քը։
­Նոր ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ոչ թէ վա­ղո­ւան յոյս կամ լոյս, այլ դաշ­տի բոյս ան­գամ չի կրնար դառ­նալ, ա­ռանց սեր­տօ­րէն կա­պո­ւե­լու իր ժո­ղո­վուր­դին մշա­կոյ­թին հետ։
­Տա­րա­գիր բազ­մու­թիւն­նե­րը պէտք չու­նին ոչ սա­լո­նա­կան, ոչ ալ աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­ցի ե­րի­տա­սար­դու­թեան մը։
Օ­րո­ւան պա­հանջն է սե­րունդ մը, որ մի­ջա­վայ­րէն ստա­ցած ուս­ման վրայ բար­դէ, ա­նոր հետ ներ­դաշ­նա­կէ իր հայ­րե­նի պատ­մու­թիւնն ու մշա­կոյ­թը, որ­պէս­զի կա­րե­նայ պա­հել եւ զար­գաց­նել ժա­ռան­գու­թիւ­նը։
Ա­ռանց այս հիմ­նա­կան պայ­մա­նին, ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը կը դառ­նայ ան­գոյն բազ­մու­թիւն մը, իսկ հայ­րե­նի մշա­կոյթն ալ՝ ան­շարժ կա­լո­ւած կամ հին ազ­գաց պատ­մու­թիւն։
Ե­րի­տա­սար­դու­թեան կո­չումն է ջա­հեր վա­ռել, եւ ոչ թէ կե­րոն բռնել։
— «ԿԱՐԳԸ ՁԵ՜ՐՆ Է, ՏՂԱՔ»։