26 ­Յու­նո­ւա­րի օ­րը հայ մար­դը, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն, կ­՚ո­գե­կո­չէ յի­շա­տա­կը հայ մա­մու­լի ան­մահ յա­ռա­ջա­մար­տի­կին՝ մեծն ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի եւ կը հա­ղոր­դո­ւի ա­նոր հո­գեմ­տա­ւոր հա­րուստ ժա­ռան­գու­թեան կեն­սա­յորդ մա­սուն­քով։
­Յու­նո­ւար 26ի այս օ­րը, 62 տա­րի ա­ռաջ, ­Փա­րի­զի մէջ, 73 տա­րե­կա­նին վախ­ճա­նե­ցաւ հայ մտքի եւ գրա­կա­նու­թեան մե­ծար­ժէք վար­պետ­նե­րէն ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան, որ ի­րա­ւամբ կը հան­դի­սա­նայ հայ մտքի եւ լե­զո­ւի ինք­նա­մաքր­ման՝ ա­զա­տագ­րու­թեա՛ն դաշ­նակ­ցա­կան խմբա­գի­րը։
­Հայ մա­մու­լի պատ­մու­թեան մէջ բարձ­րա­դիր գա­գաթ մը կը հան­դի­սա­նայ ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Ե­ղիա­զար, իսկ ­Շա­ւարշ գրչա­նու­նով հա­յաշ­խար­հով մէկ մեծ հռչա­կի տի­րա­ցած ­Մի­սա­քեան­նե­րու տոհ­մին այս ար­ժա­նա­ւոր ծնուն­դը։
Գ­րա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան կա­տա­րե­լա­գոյն մշա­կու­մի հա­սած իր ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով, կուռ ո­ճի եւ խո­հա­կա­նու­թեան իր տա­ղան­դով եւ, մա­նա­ւա՛նդ, դաշ­նակ­ցա­կա­նի ան­խախտ հա­ւատ­քով ու սկզբուն­քայ­նու­թեամբ՝ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան հրա­պա­րա­կագ­րա­կան իր ա­ռա­ջին քայ­լե­րէն իսկ գրա­ւեց ըն­թե­ցո­ղը, դար­ձաւ ա­նոր ու­ղին լու­սա­ւո­րող ան­մար փա­րո­սը։ ­Հան­դի­սա­ցաւ հայ կեան­քի ար­թուն պա­հա­կը, որ հան­րա­յին կար­ծիք ձե­ւա­ւո­րեց ու ա­ռաջ­նոր­դեց ամ­բողջ յի­սուն տա­րի՝ ե՛ւ երկ­րի մէջ, երբ թրքա­կան պե­տու­թեան հա­յաս­պա­նա­կան մեծ Ո­ճի­րը դեռ ի գործ դրո­ւած չէր, ե՛ւ ար­տերկ­րի տա­րած­քին, երբ բռնօ­րէն աշ­խար­հաց­րիւ տա­րագ­րու­թեան դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դը։
­Յատ­կա­պէս իր մե­ծար­ժէք ձե­ռա­կերտն ու միա­ժա­մա­նակ փառ­քի դափ­նեպ­սա­կը մարմ­նա­ւո­րած փա­րի­զեան «­Յա­ռաջ» թեր­թով՝ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան սփիւռ­քա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ստեղ­ծեց ա­զատ մտքի եւ ա­զատ խօս­քի դաշ­նակ­ցա­կան ա­մէ­նօ­րեայ, ու­րո՛յն դպրոց մը, որ ըն­թեր­ցող լայն հա­սա­րա­կու­թեան ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան նկա­րա­գիր տո­ւաւ եւ շունչ ու հա­ւատք նե­րար­կեց հայ ժո­ղո­վուր­դի ու ­Հա­յաս­տա­նի ա­պա­գա­յին հան­դէպ։
Խմ­բագ­րա­կան գոր­ծի ա­մէ­նօ­րեայ սպա­ռիչ հեւ­քին մէջ, ֆրան­սա­հայ կեան­քի եւ ընդ­հան­րա­պէս սփիւռ­քա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան, բայց մա­նա­ւանդ խորհր­դա­յին եր­կա­թեայ վա­րա­գոյ­րի ե­տին տո­ւայ­տող ­Հա­յաս­տա­նի ու հայ­րե­նի հա­յու­թեան վե­րի­վայ­րում­նե­րուն՝ ըն­կեր­կում­նե­րուն ու ոս­տում­նե­րուն հետ ան­մի­ջա­կան քայլ պա­հե­լով հան­դերձ, իր խո­հուն հա­յեաց­քը միշտ սե­ւե­ռեց գա­լի­քին եւ լու­սա­ւո­րեց ազ­գա­յին ինք­նա­հաս­տատ­ման մեր ու­ղին։
Ան­ցեա­լին մէջ չկծկո­ւե­ցաւ, ան­ցեա­լի նո­ւա­ճում­նե­րու դրա­մագ­լու­խը սպա­ռե­լով չմա­շե­ցուց ներ­կան, այլ՝ ­Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­ցեա­լէն ժա­ռան­գո­ւած ան­կորն­չե­լի ար­ժէք­նե­րու վե­րա­նո­րոգ­ման եւ նոր ա­րա­րում­նե­րով հարս­տաց­ման ան­խոնջ ու ան­կա­շառ պատ­գա­մա­բե­րը դար­ձաւ՝ ան­դուլ յոր­դո­րե­լով մեր սե­րունդ­նե­րուն.-
«Ե­րի­տա­սար­դու­թիւն ­Հա­յոց, աչ­քերդ ուղ­ղէ դէ­պի հայ­րե­նի ­Տուն։
Ո՛չ թէ ա­նոր չորս պա­տե­րուն մէջ կծկուե­լու, այլ նոր հո­րի­զոն փնտռե­լու եւ պար­պո­ւած դիր­քե­րը գրա­ւե­լու հա­մար։ «Եա­թա­ղան»ը ա­րեան գե­տեր հո­սե­ցուց, բայց ­Հայ­կա­զանց ո­գին մնաց ա­նեղծ՝ սա­ւառ­նե­լով հո­րի­զո­նէ հո­րի­զոն։
­Թոյլ մի՛ տաք, տղա՜ք, որ օ­տա­րու­թեան գո­լոր­շի­նե­րը ծծեն այդ ո­գին՝ ձեր ե­տին ձգե­լով միայն դա­րա­ւոր պատ­մու­թեան մը կմախ­քը»։
­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան լոյս աշ­խարհ ե­կաւ 1884ի Օ­գոս­տո­սին, Ս. Աս­տուա­ծած­նայ ­Կի­րա­կին, ­Սե­բաս­տիա նա­հան­գի ­Զի­մա­ռա գիւ­ղը։ 6 տա­րե­կա­նին ըն­տա­նի­քը փո­խադ­րո­ւե­ցաւ ­Պո­լիս, ուր ­Շա­ւարշ յա­ճա­խեց, յա­ջոր­դա­բար, ­Գում ­Գա­փո­ւի «­Մայր ­Վար­ժա­րան»ը, ­Կա­լա­թա­յի «­Կեդ­րո­նա­կան»ը եւ ­Կէ­տիկ ­Փա­շա­յի «­Կար­կու­րեան» դպրո­ցը։ 16 տա­րե­կա­նին մուտք գոր­ծեց հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան աս­պա­րէզ՝ «­Սուր­հան­դակ» թեր­թի խմբագ­րու­թեամբ։
­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի հրա­պա­րա­կագ­րա­կան ինք­նա­հաս­տա­տու­մը սկսաւ 1908ին, երբ ­Զա­պէլ Ե­սա­յեա­նի, ­Գե­ղամ ­Բար­սե­ղեա­նի եւ ­Վահ­րամ ­Թա­թու­լի հետ ձեռ­նար­կեց ­Պոլ­սոյ «Ազ­դակ» շա­բա­թա­թեր­թի հրա­տա­րա­կու­թեան։ 1911-1912ին ստանձ­նեց ­Կար­նոյ հռչա­կա­ւոր «­Յա­ռաջ» թեր­թին խմբագ­րու­թիւ­նը։ 1913ին ­Պո­լիս վե­րա­դար­ձաւ՝ մաս կազ­մե­լու հա­մար Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Ա­զա­տա­մարտ»ի խմբագ­րու­թեան, ստանձ­նե­լով նաեւ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը «Ա­զա­տա­մարտ» շա­բա­թա­թեր­թին։
Իր ազ­գա­յին-քա­ղա­քա­կան հա­յեացք­նե­րուն ու կե­ցո­ւածք­նե­րուն հա­մար ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան տե­ւա­կան հե­տապն­դու­մի են­թար­կո­ւե­ցաւ թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ։ Ան ցմրուր ճա­շա­կեց փախս­տա­կա­նի՝ թաքս­տո­ցա­յին պայ­ման­նե­րու մէջ խմբագ­րա­կան իր աշ­խա­տան­քը շա­րու­նա­կո­ղի դառ­նա­գոյն բա­ժա­կը 1915ին, երբ ցե­ղաս­պան թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը ի գործ դրաւ հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան զան­գո­ւա­ծա­յին ձեր­բա­կա­լու­թեան եւ աք­սո­րի ճամ­բուն վրայ յօ­շոտ­ման ա­հա­ւոր ո­ճի­րը։ ­Մին­չեւ 1916ի ­Մար­տը, ­Շա­ւարշ կրցաւ խու­սա­փիլ թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց հե­տապն­դում­նե­րէն, բայց ի վեր­ջոյ ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ՝ երբ կը փոր­ձէր ­Պո­լի­սէն հե­ռա­նալ ու ­Պուլ­կա­րիա անց­նիլ։ ­Դա­տո­ւե­ցաւ եւ մա­հուան դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ, բայց վճի­ռը ցկեանս բան­տար­կու­թեան վե­րա­ծո­ւե­ցաւ եւ ­Շա­ւարշ բանտ մնաց մին­չեւ 27 ­Նո­յեմ­բեր 1918, երբ ­Զի­նա­դա­դա­րէն ետք ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ։
Այ­նու­հե­տեւ սկսաւ Շ. ­Մի­սա­քեա­նի խմբագ­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան կա­րե­ւոր շրջան­նե­րէն մէ­կը, երբ ան զի­նո­ւո­րագ­րո­ւե­ցաւ գլխա­տո­ւած պոլ­սա­հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը վե­րաշ­խու­ժաց­նե­լու ան­խոնջ պայ­քա­րին՝ ստանձ­նե­լով «Ա­զա­տա­մարտ»ի շա­րու­նա­կու­թիւ­նը ե­ղող «­Ճա­կա­տա­մարտ»ի խմբագ­րա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը։ ­Շա­ւարշ յա­ջո­ղե­ցաւ նոր ու­ժեր յայտ­նա­բե­րել եւ թեր­թին կա­պել՝ ընդ­հան­րա­պէս կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը վե­րա­դարձ­նե­լով պոլ­սա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան։ Իր այդ հան­գա­ման­քով ալ մաս­նակ­ցե­ցաւ 1919ին Ե­րե­ւա­նի մէջ գու­մա­րո­ւած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդ­հա­նուր ­Ժո­ղո­վին։
1922ին, ­Քե­մա­լա­կան­նե­րու իշ­խա­նու­թեան աս­տի­ճա­նա­կան ամ­րապնդ­ման հե­տե­ւանք նոր հա­լա­ծանք­նե­րէ խոյս տա­լով, ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան վերջ­նա­կա­նա­պէս հե­ռա­ցաւ ­Պո­լի­սէն, ան­ցաւ նախ ­Պուլ­կա­րիա, իսկ այ­նու­հե­տեւ՝ 1924ին, հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Փա­րիզ, ուր տա­րի մը ետք հիմ­նեց «­Յա­ռաջ» օ­րա­թեր­թը։
Ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն տա­րի, ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան ա­ռաջ­նոր­դող ներ­կա­յու­թիւն ե­ղաւ ոչ միայն Եւ­րո­պա­յի, այ­լեւ՝ ողջ հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, «­Յա­ռաջ»ի կող­քին նաեւ Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ի խմբագ­րու­թեան մաս կազ­մե­լով եւ կու­սակ­ցա­կան բարձ­րա­գոյն պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեանց կո­չո­ւե­լով՝ իբ­րեւ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի կամ Հ.Յ.Դ. Եւ­րո­պա­յի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ան­դամ։
­Յատ­կա­պէս հայ հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան մէջ ան­զու­գա­կան ե­ղաւ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի ներդ­րու­մը։ ­Ռու­բէն ­Զար­դա­րեա­նի կող­քին՝ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան մե­ծա­գոյն դեր կա­տա­րեց ա­րեւմ­տա­հայ ար­ձա­կը հրա­պա­րա­կագ­րա­կան ա­ռոյգ լե­զո­ւի վե­րա­ծե­լու կե­նա­րար գոր­ծին մէջ։ Իր խմբագ­րա­կան­ներն ու տոմ­սե­րը ա­մէ­նօ­րեայ տաք հա­ցի պէս գա­ղա­փա­րա­կան սնունդ հաս­ցու­ցին ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րու՝ Ֆ­րան­սա­յի մէջ թէ սփիւռս հա­յաշ­խար­հի։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան, ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան եւ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման գա­ղա­փա­րա­կան ու բա­րո­յա­կան ա­ւանդ­նե­րուն եր­դո­ւեալ պաշտ­պա­նը հան­դի­սա­ցաւ։ Ա­զատ, Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի հան­գա­նա­կը՝ Ե­ռա­գոյ­նով, ­Զի­նան­շա­նով եւ «­Մեր ­Հայ­րե­նիք»ով, կի­զա­կէ­տը դար­ձուց ամ­բողջ սե­րունդ­նե­րու ան­խառն պաշ­տա­մուն­քին։ Ազ­գա­յին ա­նա­ռար­կե­լի այդ ար­ժէք­նե­րուն ու­րաց­ման բո­լոր փոր­ձե­րուն եւ փոր­ձու­թիւն­նե­րուն դէմ յատ­կա­պէս բուռն ե­ղան Շ. ստո­րագ­րու­թեամբ իր ակ­նարկ­նե­րը, գա­ղա­փա­րա­կան խա­րա­զա­նու­մի իր է­ջե­րը։
Ի­րա­ւամբ ա­զա­տա­խոհ հայ հրա­պա­րա­կագ­րու­թեան դաշ­նակ­ցա­կան վար­պե­տը կը հան­դի­սա­նայ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեան, ո­րու դէմ­քին ու վաս­տա­կին ո­գե­կոչ­ման նո­ւի­րո­ւած ­Յու­շա­տետ­րի այ­սօ­րո­ւան է­ջը կ­’ար­ժէ կեդ­րո­նաց­նել յատ­կա­պէս ­Մայ­րե­նիի ա­զա­տագ­րու­թեան ի խնդիր, տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ, Շ.ի մղած հե­տե­ւո­ղա­կան պայ­քա­րին վրայ։
­Հայ ­Լե­զուն օ­տա­րա­մու­ծու­թիւն­նե­րէ մաք­րազ­տե­լու, ա­նա­ղարտ պահ­պա­նե­լու եւ, ժա­մա­նա­կին հա­մըն­թաց, ան­խու­սա­փե­լի պա­տո­ւաս­տում­նե­րով հարս­տաց­նե­լու ազ­նո­ւա­գոյն կիրք մը մղիչ ու­ժը դար­ձաւ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի յիս­նա­մեայ հրա­պա­րա­կագ­րա­կան վաս­տա­կին։ ­Հա­ւա­սա­րա­պէս թէ՛ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի, թէ՛ ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նի բիւ­րե­ղաց­ման պայ­քա­րին՝ հա­յոց ­Մայ­րե­նիի ա­զա­տագ­րու­թեան ու ան­կա­խու­թեան գա­ղա­փա­րա­կան հան­գա­նա­կին զի­նո­ւո­րագ­րո­ւե­ցաւ եւ մին­չեւ վեր­ջին շունչ ար­թուն հսկեց յա­ռա­ջա­մար­տի­կի դիր­քե­րուն վրայ։
Եւ­րո­պա­կան լե­զու­նե­րէն ու ռու­սե­րէ­նէն ներ­մու­ծո­ւած օ­տա­րա­բա­նու­թեանց դէմ իր մղած ան­խոնջ պայ­քա­րին կող­քին, Շ. կա­տա­ղի կռիւ մղեց յատ­կա­պէս թուր­քեւ­թա­թար ո­ճա­բա­նու­թեամբ լե­զո­ւա­կան ստրկամ­տու­թեան եւ աղ­ճա­տում­նե­րուն դէմ։ «­Յա­նուն լե­զո­ւի ան­կա­խու­թեան» խո­րագ­րով յօ­դո­ւա­ծա­շարք մը կտա­կեց մեր ժո­ղո­վուր­դին, որ­պէս­զի հե­տա­գայ մեր սե­րունդ­նե­րը չկրկնեն ա­նար­դա­րա­նա­լի սխա­լը մեր հայ­րե­րուն։
Ա­հա՛ դի­պուկ հա­տո­ւած­ներ «­Յա­նուն լե­զո­ւի ան­կա­խու­թեան» շար­քէն՝ ամ­բող­ջաց­նե­լու հա­մար ­Մայ­րե­նիի ա­զա­տագ­րու­մին նո­ւի­րո­ւած ե­րաշ­տա­շատ յա­ռա­ջա­մար­տի­կին՝ ­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի հետ հա­ղոր­դու­թեան այս պա­հը.-
Ար­տա­սա­նու­թեան կտոր մը կը ճանկռտէ միտքս, ա­մէն ան­գամ, որ կ’ո­րո­ճամ այս նիւ­թին վրայ.
«­Հա­զար տա­րի­ներ եւ մին­չեւ այ­սօր ­Թա­թարն է թա­ռել մեր կրծքի վրայ»։
Ա­մէն մէ­կուն հա­մար տե­սա­նե­լի, շօ­շա­փե­լի են ե­ղած քա­ղա­քա­կան գե­րու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րը,- յա­րա­տեւ զար­հու­րանք։ ­Յոր­դա­հո­սան ա­րիւն եւ հա­մա­տա­րած ա­ւեր։ Բռ­նա­գաղթ եւ ար­տա­գաղթ։ Իս­լա­մա­ցում եւ կազ­մա­լու­ծում։ ­Քայ­քա­յում համ­րան­քի եւ միու­թեան։ Մղ­ձա­ւանջ դա­րէ դար։ «­Հա­զար տա­րի­ներ եւ մին­չեւ այ­սօր»։
Իսկ հո­գե­կան ա­ւե՞­րը։ Եւ այն լե­զո­ւա­կան խառ­նա­ծին խնա­մու­թի՞ւ­նը, որ կը