­Հայ­կա­կան շար­ժա­պատ­կե­րի թան­գա­րա­նը պի­տի ըլ­լայ կեն­դա­նի թան­գա­րան, ուր այ­ցե­լու­նե­րը պի­տի դի­տեն ժա­պա­ւէն­ներ, պի­տի լսեն դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ պի­տի հան­դի­պին շար­ժա­պատ­կե­րի գոր­ծիչ­նե­րու հետ:
Ըստ «Ար­մէնփ­րես»ի՝ 14 ­Դեկ­տեմ­բե­րին տե­ղի ու­նե­ցաւ շար­ժա­պատ­կե­րի թան­գա­րա­նի ա­ռա­ջին խորհր­դան­շա­կան նմոյշ­նե­րու յանձն­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը:
«­Յու­զիչ է այն ե­րե­ւոյ­թը, որ մեր շար­ժա­պատ­կե­րի շատ կա­րե­ւոր մա­սունք­ներ պի­տի հա­ւա­քո­ւին մէկ յար­կի տակ: ­Շար­ժա­պատ­կե­րի թան­գա­րա­նը պի­տի չըլ­լայ մե­ռած, այլ՝ կեն­դա­նի, ուր ժա­պա­ւէն­ներ պի­տի վե­րա­նո­րո­գուին, դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ պի­տի տրո­ւին եւ ժա­պա­ւէն­նե­րու ցու­ցադ­րու­թեան հա­մար պի­տի յատ­կա­ցո­ւի փոք­րիկ դահ­լիճ: Ա­նոր շնոր­հիւ մենք պի­տի շա­րու­նա­կենք մեր ե­րա­զը՝ հայ­կա­կան շար­ժա­պատ­կե­րը մար­դոց հասց­նե­լու»,- ը­սաւ շար­ժա­պատ­կե­րի մաս­նա­գէտ­նե­րու միու­թեան նա­խա­գահ ­Յա­րու­թիւն ­Խա­չատ­րեան՝ ա­ւելց­նե­լով, որ աշ­խա­տանք­նե­րը պի­տի տե­ւեն մէկ-եր­կու տա­րի: Ըստ վեր­ջի­նիս՝ ­Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Ար­մէն Ա­մի­րեան եւս մեծ ո­գե­ւո­րու­թեամբ ըն­դու­նած է շար­ժա­պատ­կե­րի թան­գա­րան հիմ­նե­լու գա­ղա­փա­րը:
Ար­մէն Ա­մի­րեան շնոր­հա­ւո­րեց թան­գա­րան հիմ­նե­լու ա­ռա­ջին քայ­լե­րը եւ յայտ­նեց, որ ի­րենք ար­խիւ­նե­րուն մէջ ստու­գած են այն ի­րե­րը, ո­րոնք կրնան խօ­սիլ շար­ժա­պատ­կե­րի պատ­մու­թեան մա­սին, եւ գտած են մեծ թի­ւով ցու­ցան­մոյշ­ներ:
­Թան­գա­րա­նին մէջ պի­տի ցու­ցադ­րո­ւին շուրջ 100-120 կա­րե­ւոր նմոյշ­ներ, մնա­ցեա­լը՝ պի­տի ըլ­լան վե­րա­ցա­կան:
­Թան­գա­րա­նը պի­տի գոր­ծէ շար­ժա­պատ­կե­րի մաս­նա­գէտ­նե­րու միու­թեան շէն­քին մէջ: