Շա­հան ­Ֆա­րա­ճեան

­Մա­հո­ւան գոյ­ժը ան­գամ մը եւս իր մրայլ գոյ­նը թա­փեց մեր հո­գի­նե­րուն մէջ։ Ա­միս­նե­րու վրայ եր­կա­րող հի­ւան­դու­թիւ­նը կը մա­շեց­նէր ընկ. ­Շա­հան ­Ֆա­րա­ճեա­նի պար­թեւ մար­մի­նը, մինչ իր գա­ղա­փա­րա­կից ըն­կեր­ներն ու բա­րե­կամ­նե­րը միշտ հե­տաքրք­րո­ւած էին ա­նոր ա­ռող­ջու­թեամբ։ ­Չէ՞ որ ընկ. ­Շա­հա­նի ներ­կա­յու­թիւ­նը բո­լոր ժո­ղով­նե­րուն եւ հա­ւաք­նե­րուն ո­գեշն­չող էր, խոր մտա­ծում­նե­րու եւ տրա­մա­բա­նա­կան բա­նա­ձե­ւում­նե­րու զրոյց մը, որ շունչ ու մղում կու տար մեր աշ­խա­տանք­նե­րուն։
­Շա­հան ­Ֆա­րա­ճեան իր աչ­քե­րը բա­ցաւ հա­յադ­րոշմ ըն­տա­նի­քի մը մէջ՝ 1940-ին, ­Գո­քի­նիա։ Իր դաս­տիա­րակ մայ­րը՝ Ա­լիս ­Ֆա­րա­ճեա­նը փոք­րուց ­Շա­հա­նին մէջ դրոշ­մեց սէ­րը դէ­պի մայ­րե­նին ու ազ­նիւ հայ­կա­կա­նը, իսկ հայ­րը՝ հան­րա­ծա­նօթ լու­սան­կա­րիչ ­Փո­լը, սէր դէ­պի նրբա­ճա­շակ ա­րո­ւես­տը։
«­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ ըլ­լա­լէն ետք, ծնող­նե­րու մղու­մով ան իր երկ­րոր­դա­կան ու­սու­մը շա­րու­նա­կեց ­Վե­նե­տի­կի «­Մու­րատ ­Ռա­ֆա­յէ­լեան» վար­ժա­րա­նը՝ հա­յա­շուչ մի­ջա­վայր մը, ուր ան նրբա­ցուց իր հա­յե­րէ­նի հան­դէպ գի­տե­լիք­նե­րը Ա­լի­շա­նի ու այլ հա­յա­գէտ հայ­րե­րու ո­գիի ազ­դե­ցու­թեան տակ։ Ա­պա, Հ­ռո­մի հա­մալ­սա­րա­նէն ներս ­Շա­հան ու­սա­նե­ցաւ ճար­տա­րա­պե­տու­թիւն ու այդ մաս­նա­գի­տու­թեամբ իր աս­պա­րէ­զը զար­գա­ցուց ­Յու­նաս­տա­նի մէջ։
Իր ձեռք ձգած փոր­ձա­ռու­թեամբ, ե­ղաւ գլխա­ւոր ճար­տա­րա­պե­տը ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի եւ ­Ֆիք­սի ման­կա­պար­տէ­զի նոր շէն­քե­րու շի­նու­թեանց, տե­սակ մը իր սրտի պարտ­քը տա­լով դաս­տիա­րակ մօր, ո­րուն շուն­չը ընդ­միշտ ապ­րե­ցաւ ­Շա­հա­նին մէջ։
Ազ­գա­յին, կու­սակ­ցա­կան, միու­թե­նա­կան, ­Հայ դա­տի բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ ­Շա­հան իր հետ­քը թո­ղեց գի­տե­լիք­նե­րով, գոր­ծակ­ցու­թեան ո­գիով, նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով, կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քով։ Փնտ­ռո­ւած բա­նա­խօս մըն էր, նոյն­քան ալ կա­րո­ղա­ցաւ գրիչ շար­ժել «Ա­զատ Օր»-ի է­ջե­րուն մէջ։
­Շա­հան ­Ֆա­րա­ճեա­նի թաղ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ուր­բաթ, 22 ­Սեպ­տեմ­բե­րին, ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի «Ս. ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, նա­խա­գա­հու­թեամբ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր, ներ­կա­յու­թեամբ բազ­մա­թիւ բա­րե­կամ­նե­րու, գա­ղա­փա­րա­կից ըն­կեր­նե­րու եւ ծա­նօթ­նե­րու։
Սր­բա­զան հայ­րը իր քա­րո­զին մէջ թո­ւեց հան­գու­ցեալ ­Շա­հա­նի անձ­նա­ւո­րու­թեան եւ ծա­ռա­յու­թեան ար­ժա­նիք­նե­րը, իսկ գա­ղա­փա­րի ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ դամ­բա­նա­խօ­սեց ընկ. ­Միհ­րան ­Քիւր­տօղ­լեան, ո­րուն խօս­քը կու տանք ստո­րեւ։
­Հուսկ, մար­մի­նը ամ­փո­փո­ւե­ցաւ Ա­նօ ­Վու­լա­յի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը։  

* * *

Ընկ. ­Միհ­րան ­Քիւր­տօղ­լեա­նի դամ­բա­նա­կան խօս­քը

Ս­գա­կից­ներ,

­Շա՜տ, շա՜տ դժո­ւար է ին­ծի հա­մար եր­կար տա­րի­նե­րու գոր­ծա­կից ըն­կե­րոջս եւ սի­րե­լի բա­րե­կա­միս՝ ­Շա­հան ­Ֆա­րա­ճեա­նի  դա­գա­ղին վե­րեւ այս­պէս, դամ­բա­նա­կան խօս­քով իմ սե­փա­կան եւ հան­գու­ցեա­լը ճանչ­ցող ու ա­նոր հետ պար­զա­պէս ժո­ղո­վա­կան կեանք բաժ­նող մար­դոց զգա­ցում­նե­րը ար­տա­յայ­տե­լը, նոյն­պէս եւ դժո­ւար է քա­նի մը բա­ռե­րու մէջ խտաց­նե­լը գա­ղա­փա­րա­կան ու սկզբուն­քա­յին ան­ձը եւ բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րը ­Շա­հա­նին, որ շուրջ յի­սուն տա­րի­ներ, մին­չեւ իր ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թիւ­նը, իբ­րեւ հան­րա­յին կամ կու­սակ­ցա­կան գոր­ծիչ, յա­ճախ հա­մա­տեղ ու միշտ ա­նե­րեր, հա­մես­տու­թեամբ, այ­լեւ սկզբուն­քայ­նու­թեան մէջ միշտ խիստ ու պա­հանջ­կոտ եւ ան­զի­ջող՝ ծա­ռա­յեց ազ­գա­յին նպա­տակ­նե­րուն եւ յու­նա­հայ գա­ղու­թին:
Եօթ­նան­դամ ու աշ­խուժ եւ գոր­ծու­նեայ խմբակ մըն էինք, եր­կա­րա­մեայ գոր­ծա­կից­ներ, գրե­թէ բաց նիս­տով գոր­ծող մար­մի­նի մը մէջ: Մ­նա­ցինք չորս եւ դժբախտ վկա­նե­րը դար­ձանք ան­դարձ մեկ­նող­նե­րուն: Այ­սօր, այդ խմբա­կէն եր­րորդ մեկ­նողն է ան­վե­րա­դարձ, ­Շա­հա՛­նը: ­Կը հասկ­նաք մնա­ցող չոր­սին ապ­րում­նե­րը:
­Չէի ճանչ­նար զինք: ­Նոյ­նիսկ դէմ­քը չէի տե­սած: ­Տա­կա­ւին կու­սակ­ցա­կան չէր ե­ղած, բայց կու­սակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պած մէկ ձեռ­նար­կին հա­մար կեդ­րո­նա­կան խօ­սո­ղը պի­տի ըլ­լար «­Ռեքս» սրա­հին մէջ: ­Պար­տա­կա­նու­թիւն տրո­ւած էր ին­ծի կա­պո­ւե­լու ի­րեն եւ խնդրե­լու, որ իր խօս­քին մէջ նե­րառ­նէ պար­բե­րու­թիւն մը: ­Հե­ռա­խօ­սով կա­պո­ւե­ցայ եւ քա­ղա­քա­վա­րի յայտ­նե­ցի խնդրանքն ու պար­բե­րու­թիւ­նը: ­Հե­ռա­խօ­սէն ­Շա­հա­նին բամբ ձայ­նին պա­տաս­խա­նը. «Ե­թէ կ­՚ու­զէիք, որ ան­պայ­ման այդ մտա­ծու­մը փո­խան­ցո­ւի հան­դի­սա­կան­նե­րուն, ա­պա ու­րեմն ին­չու ձեզ­մէ մէ­կը չէք նշա­նա­կեր իբ­րեւ կեդ­րո­նա­կան խօ­սող…»: Այս ա­ռա­ջին խօ­սակ­ցու­թեան թո­ղած  ժխտա­կան տպա­ւո­րու­թեանս հետ միա­ժա­մա­նակ զգա­ցի, թէ ին­ծի ան­ծա­նօթ ­Շա­հան կո­չո­ւող խօ­սա­կիցս բա­ռե­րը չծամծ­մող, ան­կեղծ եւ սկզբուն­քի տէր մէկն է: ­Հե­տա­գայ տա­րի­նե­րուն, են­թադ­րու­թիւնս վե­րա­ծո­ւե­ցաւ հա­մո­զու­մի եւ գոր­ծակ­ցու­թեանս ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան չեմ յի­շեր դէպք կամ պա­տա­հար, ուր ան զի­ջեր իր սկզբունք­նե­րէն, ինչ­պէս կ­՚ը­սեն, «գի­նիին ջուր խառ­նէր», ինչ որ յա­ճախ պատ­ճառ կը դառ­նար մեր վէ­ճե­րուն ու տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րուն:
Ե­րի­տասրդ ­Շա­հա­նը՝ ներ­կա­յա­նա­լի ու յաղ­թա­կան տես­քով «­Ռեքս»-ի բե­մին վրայ իր տպա­ւո­րիչ ձայ­նով, խոր­քա­յին մտա­ծում­նե­րով եւ ճոխ հա­յե­րէ­նի խտա­ցեալ ո­ճով ա­ռինք­նեց հան­դի­սա­կան­նե­րը: Ով որ հոն էր, այդ ձեռ­նար­կին, պի­տի յի­շէ, թէ բո­լոր ներ­կա­նե­րու հպար­տու­թիւ­նը ե­ղաւ ան, որ գա­ղու­թը ու­նի խոս­տում­նա­լից ե­րի­տա­սարդ մը, ե­ռան­դուն ու շնոր­հա­լի: ­Հոն, հան­գու­ցեա­լը ինք­զինք դրոշ­մեց ար­դէն, որ պի­տի դառ­նայ յու­սա­լից ներ­կա­յու­թիւն մը ազ­գա­յին ու գա­ղու­թա­յին աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ: Ան­կէ ետք սկսաւ իր մեծ ար­շա­ւը հան­րա­յին կեան­քի բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ: Ե­ղաւ ազ­գա­յին վար­չու­թեան եւ ու­սում­նա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ, ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի նա­խա­ձեռ­նող ա­տե­նա­պետ,-յի­շենք ­Հայ դա­տի զօ­րակ­ցող յի­սուն մտա­ւո­րա­կան­նե­րէ, ա­կա­դե­մա­կան­նե­րէ, ա­րո­ւես­տի ու լրագ­րա­կան աս­պա­րէ­զի կար­կա­ռուն դէմ­քե­րէ, քա­ղա­քա­կան ծա­նօթ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րէ ստո­րա­հա­ւա­քը իր նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ -, մաս­նակ­ցե­ցաւ հե­ռա­տե­սի­լա­յին ու ռա­տիո­կա­յան­նե­րու հար­ցազ­րոյց­նե­րու՝ ունկն­դիր­նե­րը տպա­ւո­րե­լով իր յու­նա­գի­տու­թեամբ, որ, ի դէպ, ձեռք ձգած էր ինք­նաշ­խա­տու­թեամբ: Իսկ կու­սակ­ցա­կան կեան­քի մէջ եր­բեք չսա­կար­կեց աշ­խա­տան­քի տե­սա­կը ու պաշ­տօն­նե­րու մա­կար­դա­կը: ­Գոր­ծեց իբ­րեւ պարզ շար­քա­յին, ե­ղաւ կո­մի­տէի ան­դամ, նաեւ ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի, ո­րուն ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւնն ալ վա­րեց ո­րոշ շրջան մը: Ան­դա­մակ­ցե­ցաւ ­Հայ դա­տի կեդ­րո­նա­կան մար­մի­նին, մաս­նակ­ցե­ցաւ կու­սակ­ցա­կան ռա­յո­նա­կան ժո­ղով­նե­րու, խորհր­դակ­ցա­կան հա­ւաք­նե­րու եւ Հ.Յ.Դ.ի Ընդհ. ժո­ղո­վի մը: Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի կամ ­Կեդր. կո­մի­տէի կող­մէ գոր­ծու­ղո­ւե­ցաւ ­Շո­ւէտ, Ի­տա­լիա, ­Կիպ­րոս, ­Հա­յաս­տան եւ այ­լուր՝ տե­սակ­ցե­լու հա­մար վար­չա­պետ­նե­րու, նա­խա­րար­նե­րու եւ խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ­նե­րու հետ:
­Ծա­նօթ է նաեւ բո­լո­րիս, որ հան­գու­ցեա­լը կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քով, այ­սինքն անվ­ճար, ստանձ­նեց եւ ի­րա­գոր­ծեց ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» հա­մա­լիր կեդ­րո­նի եւ ­Ֆիք­սի «­Սո­ֆիա ­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նի ման­կա­պար­տէ­զի շի­նու­թեանց ճար­տա­րա­պե­տու­թիւ­նը, ո­րու շնոր­հիւ գա­ղու­թին խնա­յո­ւե­ցաւ շատ լուրջ ծախ­սի մը ծան­րա­բեռ­նո­ւա­ծու­թիւ­նը:
Այս բո­լոր ը­սո­ւած­նե­րը հա­զիւ թէ ու­րո­ւա­գի­ծը կը կազ­մեն ող­բա­ցեալ ընկ. ­Շա­հա­նի ծա­ռա­յու­թեանց մեծ ցու­ցա­կին:
­Սի­րե­լի ­Շա­հան, ան­դար­մա­նե­լի հի­ւան­դու­թեանդ ան­տե­ղեակ, հե­ռա­խօ­սե­ցի՝ ըստ մեր սո­վո­րու­թեան ժա­մադ­րո­ւե­լու սուր­ճի եւ զրոյ­ցի: Ը­սիր, թէ հան­գիստ չես զգար, բայց խոս­տա­ցար, որ քա­նի մը օ­րէն «յե­ղա­փո­խա­կան» որ­շում մը կ­՚առ­նենք ու կը հան­դի­պինք: ­Կը կռա­հեմ, թէ ին­չու «յե­ղա­փո­խա­կան» բա­ռը գոր­ծա­ծե­ցիր պարզ հան­դի­պու­մի մը հա­մար:
­Չե­ղաւ: ­Հի­ւան­դու­թիւնդ թոյլ չտո­ւաւ, որ քով-քո­վի գանք, խօ­սինք ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի ու մեր կու­սակ­ցու­թեան դի­մագ­րա­ւած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու մա­սին, ի­րա­րու յայտ­նենք մեր ցաւն ում­տա­տան­ջու­թիւն­նե­րը, քիչ մը պար­պո­ւինք, զի­րար մխի­թա­րենք: ­Դուն յա­ւի­տե­նա­պէս աչ­քերդ փա­կե­ցիր այն օ­րը, որ Ար­ցա­խը ան­փա­ռու­նակ պար­տու­թեամբ մը անձ­նա­տուր ե­ղաւ թշնա­միին: ­Չեմ գի­տեր, թէ Ար­ցա­խի անձ­նա­տո­ւու­թեան ող­բեր­գու­թիւ­նը ին­չեր ը­սել պի­տի տար ի­րա­րու: ­Բայց հի­մա, դա­գա­ղիդ վե­րեւ, տխուր ու հրա­ժեշ­տի այս վեր­ջին հան­դի­պու­մին, իմ ու ըն­կեր­նե­րուս կող­մէ ը­սեմ քե­զի, որ ժո­ղով­նե­րու­մէջ քու յայտ­նած մտա­ծում­ներդ ու ե­լոյթ­ներդ , ինչ­պէս ի­րենց օ­րին, նաեւ այ­սու­հե­տեւ պի­տի մնան կողմ­նա­ցոյց մը՝ սկզբուն­քայ­նու­թեան, ուղ­ղամ­տու­թեան, պար­կեշ­տու­թեան, ան­սա­կարկ նո­ւի­րու­մի:
­Գա­ղա­փա­րա­պաշտ ու ան­կեղծ ըն­կերս ­Շա­հան, կեան­քի պա­տե­րազ­մը պա­տո­ւով պա­տե­րազ­մե­ցար եւ այժմ նա­խախ­նա­մու­թեան կող­մէ քե­զի վի­ճա­կո­ւած է յա­ւի­տե­նա­կան հան­գիս­տը: ­Հո­գիդ աս­տո­ւա­ծա­յին լոյ­սե­րով ո­ղո­ղո­ւի: ­Վարձքդ կա­տար՝ կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քի աս­պետ:
­Յա­նուն ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան բո­լոր մար­մին­նե­րուն եւ ըն­կեր­նե­րուն խո­րազ­գաց ցա­ւակ­ցու­թիւն­ներ հան­գու­ցեա­լի ազ­նիւ տիկ­նոջ, զա­ւակ­նե­րուն եւ բո­լոր հա­րա­զատ­նե­րուն: ­Ձեր սու­գը մեր ալ սուգն է: