Շահան Շահնուր (1903-1974)

­Շա­հան ­Շահ­նուր (1903-1974). ­Հա­յու «Ա­ռանց եր­գի ­Նա­հան­ջին» մե­ծա­տա­ղանդ եր­գի­չը Ն.

0
2267

«­Կը նա­հան­ջեն ծնողք, որ­դի, քե­ռի, փե­սայ. կը նա­հան­ջեն բարք, ըմբռ­նում, բա­րո­յա­կան, սէր։ ­Կը նա­հան­ջէ լե­զուն, կը նա­հան­ջէ լե­զուն, կը նա­հան­ջէ լե­զուն։ Եւ մենք դեռ կը նա­հան­ջենք բա­նիւ ու գոր­ծով, կա­մայ եւ ա­կա­մայ, գի­տու­թեամբ եւ ան­գի­տու­թեամբ. մե­ղա՜յ, մե­ղա՜յ Ա­րա­րա­տին։
«… Ե­ղան հա­յեր, ո­րոնք ի­րենց մոր­թը փրկե­լու հա­մար վճա­րե­ցին ոս­կի. ե­ղան ու­րիշ­ներ, ո­րոնք տո­ւին հա­ւատք, կու­սու­թիւն. ե­ղան ա­նոնք, ո­րոնք լքե­ցին տուն, տեղ, եր­կինք. ե­ղան դեռ վա­տեր, որ ու­րա­ցան ազգ ու լե­զու. եւ հե­րոս­ներ, որ տո­ւին ա­րիւն, կեանք, օր ու ա­րեւ։ Իսկ մե՞նք, կը վճա­րենք իբ­րեւ վեր­ջին փրկա­գին այն, որ պի­տի գայ։ Իբ­րեւ վեր­ջին փրկա­գին՝ մա­նուկ­ներ, ո­րոնք կրնա­յին մեծ­նալ. ա­պա­գա­յի սե­րունդ­ներ, ո­րոնք մեզ­մէ վերջ պի­տի գա­յին։ Ո­րով­հե­տեւ այն, որ պի­տի գայ, պի­տի ըլ­լայ օ­տար, բա­նիւ եւ գոր­ծով, կա­մայ եւ ա­կա­մայ, գի­տու­թեամբ եւ ան­գի­տու­թեամբ, մե­ղա՜յ, մե­ղա՜յ Ա­րա­րա­տին»…
Թր­քա­կան պե­տու­թեան կող­մէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կո­ւած, հայ­րե­նա­հան ու տա­րա­գիր դար­ձած եւ, իբ­րեւ նա­հա­տա­կո­ւած ազ­գի աշ­խար­հաս­փիւռ վե­րապ­րող­նե­րու, ա­մէն քայ­լա­փո­խի այ­լա­սեր­ման եւ ու­ծաց­ման, ինք­նալ­քու­մի եւ մե­ծա­գոյն նա­հան­ջի մատ­նո­ւած սփիւռ­քի հա­յու­թեան ող­բեր­գա­կան այս ան­մահ եր­գի հե­ղի­նա­կին՝ ­Շա­հան ­Շահ­նու­րի ծննդեան տա­րե­դար­ձը կը նշենք 3 Օ­գոս­տո­սի այս օ­րը։
88 տա­րի ա­ռաջ հրա­տա­րա­կո­ւած իր գլուխ-գոր­ծոց «­Նա­հան­ջը ա­ռանց եր­գի, կամ պատ­կե­րա­զարդ պատ­մու­թիւն հա­յոց» վէ­պով՝ ­Շա­հան ­Շահ­նուր ոչ միայն դա­րաշր­ջան բա­ցաւ հայ գրա­կա­նու­թեան մէջ, այ­լեւ՝ ա­մէ­նէն բուռն եւ դա­սա­կան հնչե­ղու­թեամբ ա­հա­զան­գը հնչե­ցուց հա­յոց ազ­գա­յին ճա­կա­տա­գի­րը տագ­նա­պեց­նող գլխա­դիր վտան­գին դէմ, այ­լա­սեր­ման ու ա­պա­հա­յաց­ման, օ­տա­րաց­ման եւ ի վեր­ջոյ ձուլ­ման եւ գա­լիք սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին ան­հե­տաց­ման ծան­րա­գոյն ա­ղէ­տին դէմ։
Որ­քան իր սե­փա­կան տո­ւայ­տան­քին, նոյն­քան եւ ա­ւե­լիով սփիւռ­քա­հայ ամ­բողջ սե­րունդ­նե­րու ող­բեր­գու­թեան բան­բե­րը ե­ղաւ ­Շահ­նուր։
Թր­քա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած ­Հա­յուն ող­բեր­գու­թիւ­նը իւ­րո­վի եւ շատ խոր մղձա­ւան­ջով ապ­րե­ցաւ ­Շահ­նուր՝ անձ­նա­պէ՛ս։
Եւ որ­քան իր մարմ­նին ու սրտին, մտքին ու հո­գիին յե­տին բջիջ­նե­րուն մէջ զգաց ա­հա­ւո­րու­թիւ­նը դա­տա­պար­տեալ հա­յու իր ճա­կա­տագ­րին, այն­քան ան­զուսպ եւ կա­տա­ղի դար­ձաւ ­Շահ­նու­րի ընդվ­զու­մը հա­յու­թե­նէ եւ հայ­կա­կա­նու­թե­նէ նա­հան­ջին… ան­խու­սա­փե­լիու­թեան դէմ։
­Շահ­նու­րեան այս ա­հա­զան­գը սթա­փե­ցուց ամ­բողջ սե­րունդ­ներ եւ ա­նոնց մէջ վա­ռեց հայ­կա­կա­նու­թեան ծանր ժա­ռան­գը միշտ Ա­րա­րատն ի վեր բարձ­րաց­նե­լու՝ իյ­նա­լով եւ վար գլո­րե­լով հան­դերձ վերս­տին կանգ­նե­լու եւ դժո­ւա­րին մագլ­ցու­մը վերսկ­սե­լու պայ­քա­րու­նակ ո­գին, յար ու նման յու­նա­կան ա­ռաս­պե­լի ­Սի­զի­ֆին, որ եր­բեք չհաշ­տո­ւե­ցաւ ի­րեն վի­ճա­կո­ւած ան­կում­նե­րուն հետ եւ ան­խոնջ շա­րու­նա­կեց իր ու­սե­րուն շալ­կած ժայ­ռը մին­չեւ գա­գաթ բարձ­րաց­նե­լու ան­վերջ մագլ­ցու­մը։
­Տար­բեր անդ­րա­դարձ չէր կրնար ու­նե­նալ եւ անձ­նա­տուր չըլ­լա­լու վճռա­կա­նու­թե­նէն տար­բեր կրակ չէր կրնար վա­ռել ­Շահ­նու­րի ար­ձա­կած ա­հա­զան­գը, ո­րուն մին­չեւ այ­սօր ունկն­դիր կը մնան մեր ժո­ղո­վուր­դին ի­րե­րա­յա­ջորդ սե­րունդ­նե­րը ոչ միայն սփիւռս աշ­խար­հի, այ­լեւ վե­րան­կա­խա­ցեալ մեր հայ­րե­նի հո­ղե­րուն վրայ։
­Շա­հան ­Շահ­նուր ծնած է ­Պո­լիս, 1903ին, ­Շահ­նուր ­Քե­րես­թէ­ճեան ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով։ ­Նախ­նա­կան կրթու­թիւ­նը թա­ղի ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նին մէջ ստա­նա­լէ ետք, ա­ւար­տած է ­Պէր­պէ­րեան վար­ժա­րա­նը, 1921ին։
Ինք­նաշ­խա­տու­թիւ­նը հիմ­նա­կան դեր ու­նե­ցաւ ­Շահ­նու­րի գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան եւ մտա­ւո­րա­կան-ի­մաս­տա­սի­րա­կան հա­կում­նե­րու մշակ­ման ու զար­գաց­ման մէջ։ ­Յատ­կա­պէս իր մօ­րեղ­բօր՝ հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ տա­րե­գիր­քի պատ­րաս­տու­թեան ա­ւան­դը ստեղ­ծած ­Թէո­դի­կի հա­րուստ գրա­դա­րա­նը իս­կա­կան դպրոց մը ե­ղաւ պա­տա­նի ­Շահ­նու­րի հա­մար, որ ­Պէր­պէ­րեան վար­ժա­րա­նը նոր ա­ւար­տած՝ սկսաւ կա­նո­նա­ւո­րա­բար աշ­խա­տակ­ցիլ ա­տե­նի ­Պոլ­սոյ «Ոս­տան» հան­դէ­սին, ա­ռա­ւե­լա­պէս թագ­մա­նու­թիւն­նե­րով։
1923ին, ­Թուր­քիոյ մէջ քե­մա­լա­կա­նու­թեան վերջ­նա­կան հաս­տա­տու­մէն ետք, իր սերն­դա­կից հայ գրող­նե­րէն շա­տե­րու պէս, ­Շահ­նուր իր կար­գին հե­ռա­ցաւ ­Պո­լի­սէն։ ­Հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Փա­րիզ, ուր նկար­չա­տան մը մէջ աշ­խա­տե­լու կող­քին, թա­փով նո­ւի­րո­ւե­ցաւ գրա­կան-գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան։
1920ա­կան­նե­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան՝ ­Փա­րի­զը հայ միտ­քի եւ գրա­կա­նու­թեան ա­մէ­նէն ե­ռուն կեդ­րոն­նե­րէն մէ­կը դար­ձաւ սփիւռ­քա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ։ Իսկ ­Շահ­նուր շատ ա­րագ դար­ձաւ ­Փա­րի­զեան ­Սե­րուն­դին ա­մէ­նէն տա­ղան­դա­ւոր դէմ­քե­րէն մէ­կը, ե­թէ ոչ ա­մէ­նէն հնչե­ղը։
Ար­դա­րու­թեան սի­րոյն եւ յա­նուն ճշմար­տու­թեան կ­’ար­ժէ ան­մի­ջա­պէս ընդգ­ծել, որ հայ գրող­նե­րու ­Փա­րի­զեան ­Սե­րուն­դին դի­մա­գի­ծը միայն ­Շահ­նու­րեան չէ, որ­քան ալ ա­նու­րա­նա­լիօ­րէն մեծ ըլ­լայ «­Նա­հանջ»ի եր­գի­չին գե­ղա­րո­ւես­տա­կան տա­ղան­դը եւ որ­քան ալ ար­տա­հեր­թօ­րէն ու­ժեղ հնչէ ա­նոր ա­հա­զան­գով փո­խան­ցո­ւած պատ­գա­մը։ «­Փա­րի­զի Տ­ղոց»մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը՝ Ա­հա­րոն եւ Որ­բու­նի, ­Սա­րա­ֆեան եւ ­Թո­փա­լեան, բայց մա­նա­ւանդ ­Շու­շա­նեան նոյն­քան եւ, վեր­ջի­նի պա­րա­գա­յին, նաեւ ա­ւե­լիով ի­րենց դրոշ­մը դրին սփիւռ­քա­հայ գրա­կա­նու­թեան վրայ։ ­Շու­շա­նեան — թէ՛ իր ար­ձա­կին բա­նաս­տեղ­ծա­կան թա­փով եւ թէ սփիւռ­քեան իր պատ­գա­մին հնչե­ղու­թեամբ — ­Շահ­նու­րի հետ փաս­տօ­րէն կը կազ­մեն միեւ­նոյն շքան­շա­նին որ­քան ի­րե­րա­մերժ, նոյն­քան եւ լրա­ցու­ցիչ եր­կու ե­րես­նե­րը։
­Շա­ւարշ ­Մի­սա­քեա­նի դաշ­նակ­ցա­կան «­Յա­ռաջ»ին մէջ իբ­րեւ թեր­թօն տպո­ւե­լէ ետք, 1929ին, ա­ռան­ձին հա­տո­րով լոյս տե­սաւ ­Շահ­նու­րի «­Նա­հան­ջը ա­ռանց եր­գի»ն, որ ռում­բի մը պէս պայ­թե­ցաւ… ­Շահ­նուր ե­կաւ իր ու­րոյն հո­րի­զո­նը բա­նա­լու՝ ե՛ւ գրա­կա­նու­թեան, ե՛ւ մտա­ծո­ղու­թեան ա­ռում­նե­րով։ Ու­զեց եւ յա­ջո­ղե­ցաւ բա­նալ հո­գե­կան ամ­բողջ աշ­խար­հը հայ­րե­նի հո­ղէն ար­մա­տա­խիլ ե­ղած հայ մար­դոց, ո­րոնք օ­տար ա­փե­րու վրայ դա­տա­պար­տո­ւած են ան­խու­սա­փե­լիին՝ այ­լա­սեր­ման ու օ­տա­րաց­ման, ու­ծաց­ման եւ ի վեր­ջոյ ձու­լու­մին։
­Շահ­նուր 1933ին լոյս ըն­ծա­յեց իր երկ­րորդ հա­տո­րը՝ «­Յա­րա­լէզ­նե­րու դա­ւա­ճա­նու­թիւ­նը» ա­նու­նով պատ­մո­ւածք­նե­րը, ո­րոնք հա­յե­րէ­նով գրո­ւած իր ար­ձա­կին կա­րա­պի եր­գը ե­ղան եր­կար ժա­մա­նա­կաշրջա­նի մը հա­մար։ 1937ին ան ոս­կո­րախտ ու­նե­ցաւ, որ շատ ա­րագ իր ա­ւե­րը գոր­ծեց ե­րի­տա­սարդ ­Շահ­նու­րի կեան­քին մէջ, ֆի­զի­քա­պէս ան­կա­րո­ղու­թեան մատ­նեց զինք եւ մին­չեւ մահ ցաւն ու տա­ռա­պան­քը բա­ժին հա­նեց ­Շահ­նու­րի։ 1939ին, սե­փա­կան տու­նէ ալ զրկո­ւած, ան ին­կաւ հի­ւան­դա­նոց­նե­րը։
1945ին, մա­սամբ ա­պա­քի­նած իր հի­ւան­դու­թե­նէն, ­Շահ­նուր սկսաւ ֆրան­սե­րէ­նով ստեղ­ծա­գոր­ծել՝ Ար­մէն ­Լիւ­պէն գրչա­նու­նով։ ­Յա­ջոր­դա­բար լոյս ըն­ծա­յեց «Կ­րակ կրա­կի դէմ», «Օ­տա­րա­կա­նը», «Անն­կատ ան­ցոր­դը» եւ «­Գի­շե­րա­յին փո­խան­ցում» վէ­պե­րը, ինչ­պէս նաեւ բա­նաս­տե­ղու­թեանց եր­կու հա­տոր­ներ, ո­րոնք գրա­կան մրցա­նակ­նե­րու ար­ժա­նա­ցու­ցին զինք։
­Բայց հա­յե­րէ­նով ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու հայ գրո­ղի իր կո­չու­մին հետ կա­պը բնաւ չխզեց ­Շահ­նուր, հա­կա­ռակ որ ար­դա­րօ­րէն դառ­նա­ցած էր հայ գրո­ղին նկատ­մամբ հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ դրսե­ւո­րո­ւած վե­րա­բե­րու­մէն։ 1960ա­կան­նե­րուն վերս­տին սկսաւ լոյս ըն­ծա­յել հա­յե­րէ­նով գոր­ծեր՝ «Ա­զատն ­Կո­մի­տաս», «­Թեր­թիս կի­րակ­նօ­րեայ թի­ւը», «Եր­կու կար­միր օ­րա­տետր» եւ ու­րիշ­ներ։
Եւ շա­րու­նա­կեց իր պայ­քա­րը ա­նո­ղոք հի­ւան­դու­թեան դէմ, մին­չեւ որ 1974ի Օ­գոս­տոս 20ին, ­Սէն ­Րա­ֆա­յէլ հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ, առ­յա­ւէտ փա­կեց իր աչ­քե­րը։
Դժ­բախտ կեանք ու­նե­ցաւ ­Շահ­նուր՝ հա­կա­ռակ ի վե­րուստ ի­րեն շնոր­հո­ւած մեծ տա­ղան­դին եւ սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դի ցա­ւով ու ճա­կա­տագ­րով տա­ռա­պե­լու հո­գե­կան մե­ծու­թեան։
Եւ նոյ­նիսկ այ­սօր, երբ կը կար­դանք իր «­Նա­հան­ջը ա­ռանց եր­գի»ն, ոչ միայն կը յափշ­տա­կո­ւինք իր վի­պագ­րա­կան տա­ղան­դով ու պա­տու­մի բա­ցա­ռիկ կա­րո­ղու­թեամբ, այ­լեւ՝ իր աչ­քե­րով կը բա­նանք խո­րա­գոյն ծալ­քե­րը հա­ւա­քա­կան մեր գի­տակ­ցու­թեան եւ յու­զաշ­խար­հին, նո­րո­վի ապ­րե­լու հա­մար տո­ւայ­տան­քը ­Հա­յուն դա­տա­պար­տո­ւա­ծու­թեան՝
Ի վեր­ջոյ «նա­հանջ»ի… դա­տա­պար­տո­ւած մեր ճա­կա­տագ­րին, այն­քան ա­տեն որ հայ­րե­նի մեր հո­ղէն ու ջու­րէն, ա­րե­ւա­համ ­Հա­յաս­տա­նէն ի­րենց կե­նա­րար ա­ւի­շը չեն ստա­նար մեր… ար­մատ­նե­րը։
Այ­սօր տա­րե­դարձն է ան­մահն ­Շահ­նու­րի, այդ ա­ռի­թով նաեւ հա­ղոր­դու­թեան՝ հա­յոց «Ա­ռանց եր­գի նա­հանջ»ին կամ «­Պատ­կե­րա­զարդ պատ­մու­թեան» հետ։
«­Նա­հանջ»ին դէմ ­Շահ­նու­րի հնչե­ցու­ցած ա­հա­զան­գը ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ սփիւռ­քեան կեան­քի դա­տա­պար­տո­ւած հայ մար­դուն ան­կա­սե­լի ընդվ­զումն ու ցա­սումն է։
­Թուր­քիոյ պե­տա­կա­նօ­րէն գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նա­կան մե­ծա­գոյն ո­ճի­րէն ճո­ղոպ­րած հայ ե­րի­տա­սար­դին ան­սանձ կա­տա­ղու­թիւ­նը կը պոռթ­կայ ­Շահ­նու­րեան ա­հա­զան­գին մէջ, որ խա­րա­զա­նող է եւ ան­դին կ­’անց­նի ցե­ղաս­պան թուր­քին դա­տա­պար­տու­մէն՝ ա­մէ­նէն սուր քննա­դա­տու­թեան նշա­ւակ դարձ­նե­լով նաեւ սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դին, նա­հա­տա­կո­ւած հա­յու­թեան ազ­գա­յին թե­րու­թիւն­ներն ու ճա­կա­տագ­րա­կան սխալ­նե­րը։
Ա­ւե­լի՛ն. սե­փա­կան ե­սին հետ ներ­քին ան­հաշտ պայ­քա­րի «պատ­կե­րա­զարդ պատ­մու­թիւն»ն­ է ­Շահ­նու­րի «­Նա­հանջ»ին… եր­գը։ ­Մե­ծա­տա­ղանդ գրո­ղը, իր հա­կա­դիր հե­րոս­նե­րուն բեր­նով, հա­րա­զա­տօ­րէն կ­’ար­տա­յայ­տէ հա­կա­սա­կան կե­ցո­ւածք­նե­րու այն բա­խու­մը, որ բնո­րոշ է վե­րապ­րող հա­յուն ներ­քին տո­ւայ­տան­քին։
Այդ­պի­սի՛ն է, օ­րի­նակ, շահ­նու­րեան հե­րոս­նե­րէն մէ­կուն պոռթ­կու­մը հա­յոց ազ­գա­յին սրբու­թիւ­նը հան­դի­սա­ցող «­Նա­րեկ»ին դէմ.
— «­Հա­յե­րը գիրք մը ու­նին: Ա­նոնց ա­մե­նա­գէշ, զզո­ւե­լի, ա­մե­նաս­խալ, վա­տա­ռողջ եւ ա­մէ­նէն ա­ւե­լի ան­բա­րո­յա­կան գիրքն է ան — ­Նա­րե­կը: …Ո՛չ մէկ սե­րունդ չխոր­հե­ցաւ զայն ջնջել, ո­րով­հե­տեւ ա­նոր լե­զո­ւա­կան եւ բա­նաս­տեղ­ծա­կան ինչ-ինչ յատ­կու­թիւն­նե­րէն խա­բո­ւե­լով՝ ծած­կո­ւած թոյ­նը չնշմա­րեց: Ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ փո­խան­ցե­ցին որ­դիէ որ­դի, ա­րիւ­նէ ա­րիւն, ու ան ե­կաւ մին­չեւ մե­զի:
«­Թու­նա­ւո­րո­ւե­ցանք, ազ­գո­վին թու­նա­ւո­րո­ւե­ցանք: Ա­հա՛ թէ ին­չու պար­տո­ւած ենք: ­Պար­տո­ւած­ներ ենք, ո­րով­հե­տեւ այդ վա­նա­կա­նին հաշ­ման­դամ հո­գիին պէս ար­հա­մար­հե­ցինք եւ ան­գի­տա­ցանք գո­յու­թիւ­նը մեր ե­սին, մեր ու­ժին, կամ­քին, ան­հա­տա­կա­նու­թեան.- չկռո­ւե­ցանք, չխա­ծինք, չմա­քա­ռե­ցանք: Ք­րիս­տո­նէա­կան վար­դա­պե­տու­թեան ա­նոր սխալ ու թե­րի մեկ­նու­թիւ­նը ըն­դու­նե­լով՝ ե­ղանք անմ­տօ­րէն կրա­ւո­րա­կան, հա­մա­կեր­պո­ւող, ա­ղեր­սար­կու, ան­գի­տա­կից»։
­Շահ­նու­րեան ինք­նա­խա­րա­զա­նու­մը լիար­ժէք ըն­կա­լե­լու հա­մար, անհ­րա­ժեշտ է հա­ղոր­դո­ւիլ հե­ղի­նա­կի ող­բեր­գա­կան այն տո­ւայ­տան­քին հետ, ո­րուն կի­զա­կէ­տը բա­խումն է մէկ կող­մէ ազ­գա­յին իր ժա­ռան­գու­թեան ու սրբու­թիւն­նե­րուն տէր կանգ­նե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեան, իսկ միւս կող­մէ այդ սրբու­թեանց պահ­պան­ման հա­մար ազ­գի մարմ­նէն եւ հայ­րե­նի­քէն այդ­քա՜ն ծանր ու ան­փո­խա­րի­նե­լի կո­րուստ­նե­րու գին վճա­րած ըլ­լա­լու պար­տո­ւո­ղա­կա­նու­թեան մի­ջեւ։
88 տա­րո­ւան հե­ռա­ւո­րու­թե­նէն՝ այ­սօր ալ ցնցիչ է ­Շահ­նու­րեան ինք­նա­խա­րա­զա­նու­մին գոր­ծած ազ­դե­ցու­թիւ­նը հայ մար­դու մտքին եւ հո­գիին վրայ.
— «­Մենք ձեզ կը պաշտ­պա­նենք, քա­նի որ կը կրենք միշտ առ­կայծ կան­թե­ղը, մինչ դուք չէք պաշտ­պա­ներ մեզ՝ ե­տե­ւէն ե­կող թշնա­միին դէմ, որ է ձեր ան­ցեա­լը:
­«Լե­զու­նիդ կը չոր­նայ, մի՛ ու­րա­նաք: ­Դուք, որ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն մը ու­նիք հայ­կա­կան քայ­քա­յու­մին մէջ: Ս­խալ­ներ գոր­ծե­ցիք:
«Եւ հի­մա կ­’ու­զէք մե­զի փո­խան­ցել ձեր սխալ­նե­րը, այ­սինքն՝ ան­միա­բա­նու­թիւ­նը, կու­սակ­ցա­կան, ոճ­րա­յին եւ դռնբաց վէ­ճե­րը, լրագ­րու­թիւ­նը (կա­զե­թա­ճիու­թիւ­նը), թու­լա­մոր­թու­թիւ­նը, ան­պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը, բա­ռա­խա­ղը, սի­րու­նը, չնչա­զար­դը…
«Ար­տա­քին թշնա­մի­նե­րէ ա­ւե­լի կը փնտռենք ներ­քին թշնա­մի­նե­րը: ­Կը կռո­ւինք ներ­քին թշնա­մի­նե­րու դէմ: ­Դուք մեզ բո­լո­րո­վին տար­բեր տեղ մը ա­ռաջ­նոր­դե­ցիք: Ան­վերջ հայ­հո­յե­ցիք թուր­քին…
«­Մենք կը խոր­հինք, որ ե­թէ եր­բեք մենք պար­տո­ւե­ցանք, ո­րով­հե­տեւ «անգ­լիա­կան զրա­հա­ւոր­նե­րը չէին կրնար Ա­րա­րա­տը ել­նել», պար­տո­ւե­ցանք նաեւ ա­նոր հա­մար, որ մենք չէինք կրնար մեր մէ­ջը իջ­նել: Այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ սկսած է ինք­նա­ճա­նաչ­ման շրջան մը: Կ’ու­զենք ճանչ­նալ մեր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, մեր ար­ժա­նիք­ներն ու թե­րու­թիւն­նե­րը: ­Կը կռո­ւինք այդ թե­րու­թիւն­նե­րուն դէմ: ­Կը պո­ռանք՝ ցնցե­լու հա­մար:
«­Մեր այս ճի­չը ձեզ կը գայ­թակ­ղեց­նէ, ո­րով­հե­տեւ դուք միայն ար­տա­քին թշնա­միին դէմ պո­ռալ վար­ժո­ւած էիք: ­Դուք չէիք հա­կազ­դեր ժո­ղովր­դին, այլ կը հե­տե­ւէիք ա­նոր, քա­նի որ պլատ­ֆորմ չու­նիք»։
­Շահ­նու­րեան «ա­հա­զանգ»ին ներ­քին այս տուայ­տանքն է, որ ազ­գա­յին ինք­նա­ճա­նա­չու­մի եւ ինք­նաքն­նարկ­ման եր­գը տո­ւաւ հա­յոց «Ա­ռանց եր­գի ­Նա­հանջ»ին։