Դոկտ. Շաքէ Տէր-Մելքոնեան-Մինասեան ծնած է հանրածանօթ ազգայիններ Մելքոն եւ Լիւսի Տէր-Մելքոնեաններու ընտանիքին մէջ, Պէյրութ, Լիբանան։ Տան մթնոլորտն ու ծնողքի ջամբած դաստիարակութիւնը, որոնք կազմաւորած են ապագայ մտաւորականն ու անխարդախ հայը, անոր նկարագիրը շաղախած են երկու ազդակներով.- արուեստի ու գրականութեան արժէքներու նկատմամբ սէր եւ հանրային կեանքի նուիրում։
Այս պայմաններուն մէջ աւարտելէ ետք նախակրթական ուսումը, ան կը յաճախէ Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանի երկրորդական բաժինը, ուրկէ կը ստանայ ֆրանսական Ա. եւ Բ. պաքալորիայի վկայական։ Ապա բարձրագոյն ուսումը կը շարունակէ Lysee Francaiseի մէջ, ուր կ’ուսանի գրականութիւն եւ մանկավարժութիւն, եւ կը վկայուի Bachelor of Arts վկայականով:
Որոշ ժամանակ «Սուրբ Նշան» եւ Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարան կրթական հաստատութիւններուն մէջ կը ստանձնէ ուսուցչական պաշտօն: Ապա՝ կը մեկնի Փարիզ, հոն շարունակելու համար իր համալսարանական ուսումը: Կը յաճախէ Sorbonne համալսարանը, ուրկէ կը վկայուի Գրականութեան Դոկտորայի աստիճանով։
Ֆրանսա ապրած օրերէն իսկ, Շաքէ Տէր-Մելքոնեան-Մինասեան դերակատարութիւն կը ստանձնէ ազգային-հասարակական կեանքին մէջ։ Ուսանողական օրերէն սկսեալ, ան մաս կը կազմէ հետեւեալ պարբերականներու խմբագրական կազմերուն. «Արաքս» մանկապատանեկան պարբերաթերթին, Նոր Սերունդ Միութեան «Հայաստան» ամսագիրին, եւ «Յառաջ» օրաթերթին: Միաժամանակ կը վարէ Cite universitaire de Parisի Maison des etudiants armռmiens հայ ուսանողական տան տնօրէնի պաշտօնը:
1963ին, իր զաւկին՝ Ալեքս Սաքըզի հետ կը հաստատուի Մոնթրէալ, ուր կ՚ամուսնանայ Վարուժան Մինասեանի հետ։ Մոնթրէալի մէջ եւս կը մտնէ ուսուցչական ասպարէզ, նախ՝ Ecole normale Jacques Cartier, ապա՝ Universite du Quebec Ո Montreal համալսարանը, ուր կը հանդիսանայ համալսարանի գրականութեան բաժանմունքի հիմնադիրներէն մին, եւ ուր 24 տարիներ կը դասաւանդէ անընդմէջ, իբրեւ մնայուն փրոֆեսոր։
Բացի իր ակադեմական աշխատանքէն, ընկերուհի Շաքէ կը շարունակէ մաս կազմել մեծաթիւ հայկական թերթերու եւ պարբերականներու խմբագրական կազմերուն, ինչպէս՝ «Ակօս», The Armenian Review, The Canadian Slavonic Papers, La Cause Armenienne, եւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գրական յաւելուածը։ Միաժամանակ՝ ան իր յօդուածներով կ՚երեւի «Ազդակ»ի, «Այգ»ի, «Յառաջ»ի, «Ազդարար»ի եւ «Հորիզոն»ի էջերուն։
Ընկերուհի Շաքէի բեղուն գործունէութիւնը չի սահմանափակուիր դասաւանդութեամբ եւ գրականութեամբ։ Ան նաեւ գործօն դերակատարութեամբ կը մասնակցի այլեւայլ յանձնախումբերու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու վարչական կազմերուն։ 1970ին կ՚ընտրուի Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ, եւ այդ պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 1986: 1972-1978 փոխ-նախագահն է Conseil des ecoles ethniques de Montreal մարմնին, 1974-1986՝ անդամ Comite consultatif de ministere de l’immigration du Quռbecին, 1976-1978՝ անդամ Communication jeunesseի վարչութեան, 1981-1984՝ իր բաժանմունքի ներկայացուցիչը Conseil des etudes of the Universite du Quռbecին, եւ 1990-1994՝ անդամ Ville St. Laurentի Liberal կուսակցութեան տեղական վարչութեան։
Այս բոլորին կողքին, դոկտոր Շաքէ Տէր-Մելքոնեան-Մինասեանի հարուստ վաստակին մաս կը կազմեն իր աշխատասիրութիւնները, թարգմանութիւններն ու հատորով լոյս տեսած գործերը։
1996ին ան ստացած է Montreal Citizenship Councilի Outstanding Citizen մրցանակը, 1997ին Արեւելեան Ամերիկայի եւ Գանատայի կիլիկեան թեմի առաջնորդարանը զինք հռչակած է «Տարուան կինը», նոյն տարին, Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը իրեն պարգեւած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը, իսկ 2004ին, ան մեծարուած է Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան շքանշանով։
Համազգայինի մէջ, ընկերուհի Շաքէ եղաւ հաւատաւոր անդամ՝ խթանելով վարչութիւններու գործունէութիւնը, իր մասնակցութիւնը բերելով անոնց կազմութեան եւ սատար կանգնելով, որ ի գործ դնենք մեր առաքելութիւնը։