Այս օ­րե­րուս ան­գամ մը եւս ժպի­տով կ­՚ող­ջու­նենք եւ կը շնոր­հա­ւո­րենք զի­րար։
­Շատ ան­գամ կը մտա­ծեմ թէ ճիշդ ի՞նչ բան եւ ին­չո՞ւ կը շնոր­հա­ւո­րենք։ Այս մաղ­թան­քը եր­բեմն ա­ւե­լիով կը ճո­խաց­նենք՝ ը­սե­լով «բա­րի ըլ­լայ», «խա­ղաղ ըլ­լայ», «միայն ա­ռող­ջու­թիւն ըլ­լայ»։ Ան­կաս­կած, շնոր­հա­ւո­րե­լը եւ մաղ­թանք­ներ ը­նե­լը գե­ղե­ցիկ եւ բա­րի ա­ւան­դոյթ մըն է։ ­Բայց եւ այն­պէս, ա­ւան­դու­թիւն ա­ռանց իր խոր եւ գործ­նա­կան ի­մաս­տին կը մնայ ա­նի­մաստ եւ ա­նօ­գուտ։
2016ին սկիզ­բը նոյն մաղ­թանք­նե­րը լսե­ցինք ու բաժ­նե­ցինք։ Իմ կեան­քիս ըն­թաց­քին Աս­տո­ւած շնորհք ը­րաւ, որ 56 ան­գամ­ներ այս մաղ­թանք­նե­րը հնչեն իմ ա­կանջ­նե­րուս։ ­Գի­տա­կան մօ­տե­ցու­մով պի­տի ը­սէի, թէ 56 տա­րի­ներ երկ­րա­գուն­դը, ո­րուն վրայ կ­՚ապ­րիմ, 56 ան­գամ­ներ ա­ռանց զգա­լի մեծ փո­փո­խու­թիւն­նե­րու, իր կա­նո­նա­ւոր շրջա­նը կա­տա­րած է մեր Ա­րե­ւուն շուրջ։ 20440 օ­րեր շա­րու­նակ ա­մէն ա­ռա­ւօտ ա­րե­ւը հա­ւա­տար­մօ­րէն փայ­լե­ցաւ։ Ըստ գիտ­նա­կան­նե­րուն Եր­կիր մո­լո­րա­կը մի­լիո­նա­ւոր տա­րի­ներ գո­յու­թիւն ու­նե­ցած է։
Ան­շուշտ ա­մէն մէկս կա­րող ենք այս թո­ւա­բա­նա­կան հա­շի­ւը կա­տա­րել։ Եւ ա­հա նոր շրջան մը կը սկսի. Եր­կիր մո­լո­րա­կը ան­գամ մը եւս ա­րե­ւուն շուրջ կը կա­տա­րէ իր շրջա­նը, այն մո­լո­րա­կը՝ ո­րուն վրայ կեան­քի ե­կած ենք Աս­տու­ծոյ նա­խախ­նա­մու­թիւ­նով (Ք­րիս­տո­նէա­կան եւ իմ անձ­նա­կան հա­ւատ­քով)։ ­Կեան­քը բո­լո­րիս (ոչ միայն ին­ծի), տրո­ւած պար­գեւ մըն է, ժա­մա­նա­կի հա­տո­ւա­ծի մը հա­մար եւ մէջ, մեր գո­յու­թիւ­նը ապ­րե­լու եւ ար­ժե­ւո­րե­լու։
­Դառ­նա­լով մեր մաղ­թանք­նե­րուն, ի՛նչ լաւ է մաղ­թել. մաղ­թան­քը եր­բեմն կը կա­տա­րո­ւի ըստ սո­վո­րու­թեան եւ ու­րիշ­նե­րու նկատ­մամբ որ իս­կա­պէս կը փա­փա­քինք, յատ­կա­պէս երբ դի­մա­ցի­նը մեր սի­րե­լին է եւ ան­ցած է դժբախ­տու­թիւն­նե­րէ։ ­Բայց տա­կա­ւին ին­ծի հա­մար հարց է, թէ՝ մեր մաղ­թանք­նե­րը ի՞նչ դեր ու­նին դի­մա­ցի­նին վրայ եւ ուր­կէ՞, ինչ­պէ՞ս պի­տի ի­րա­կա­նան ա­նոնք։ Ա­մէն տա­րի ինչ­պէս մա­նուկ­ներ կը սպա­սեն կա­ղանդ պա­պա­յին, շա­տեր ալ կը սպա­սեն բա­րին, լա­ւը, ա­ռող­ջու­թիւ­նը եւլն։ Որ­մէ՞ եւ ուր­կէ՞ կը սպա­սենք ար­դեօք, ո­մանք Աս­տուծ­մէ, ու­րիշ­ներ բախ­տէն, ու­րիշ­ներ՝ շրջա­պա­տէն, խա­ղա­ղու­թիւ­նը՝ մեծ պե­տու­թիւն­նե­րէն։
­Մաղ­թանք­նե­րու ի­րա­կա­նա­նա­լը մեծ մա­սամբ քեզ­մէ եւ ինծ­մէ կա­խեալ են… երբ այս­պէս կը խօ­սիմ, շա­տեր կը պա­տաս­խա­նեն՝ ը­սե­լով, թէ «­Միայն ինծ­մէ՞ կա­խեալ է, միայն ե՞ս մնա­ցի, երբ աշ­խար­հի մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը չա­րը կը կա­մի եւ կը կա­տա­րեն». բայց կը մոռ­նանք, որ մենք այդ մե­ծա­մաս­նու­թեան մէկ մասն ենք, մեր ըն­տա­նի­քին մէջ կա­րե­ւոր եւ տար­բե­րու­թիւն բե­րող մասն ենք, մեր փոքր գա­ղու­թին մէջ կա­րե­ւոր եւ յատ­կան­շա­կան տեղ գրա­ւող ենք ան­կախ մեր պաշ­տօն­նե­րէ եւ դիր­քե­րէ։ Իմ եւ քու ապ­րե­լա­կերպն ու վար­մուն­քը եւ գե­րա­զան­ցող ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը շնորհք կը բե­րեն, թէ՞ թոյն։
Ուս­տի մաղ­թանք­նե­րուս կող­քին կը միաց­նեմ հրա­ւէր մը եւ կոչ մը։ ­Յան­ցան­քը մեզ­մէ դուրս չփնտռենք եւ ոչ ալ բա­րիք­նե­րը սպա­սենք մեզ­մէ դուրս։ Աս­տո­ւած տո­ւած է մե­զի ա­մէն բան, որ պէտք ու­նինք, եւ ե­թէ իրն է ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը, հա­ւա­տար­մօ­րէն Եր­կի­րը ան­գամ մը եւս բո­լո­րեց իր 364.6 օ­րե­րը ա­րե­ւուն շուրջ եւ այս­քան դա­րե­րէ ի վեր մեր ա­րե­ւը կը փայ­լի նոյն չա­փով։ Ի՞նչն է որ կը խան­գա­րէ այս կեան­քը. նոյն ինքն մարդն է, ե՛ս, որ փո­խա­րէն զգա­յուն ըլ­լա­լու իմ շրջա­պա­տիս, ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ իմ ան­ձիս հան­գիս­տը կը փնտռեմ եւ ոչ թէ միայն հան­գիստս, այլ գե­րա­զան­ցե­լու, մրցու­մի մէջ գտնո­ւե­լու, չու­նե­ցածս ու­նե­նա­լու եւ ու­նե­ցածս ա­նար­ժէք տես­նե­լու, նա­խան­ձե­լու եւ ցան­կա­լու, որ մի գու­ցէ ար­ժէք մը գտնեմ իմ կեան­քին. Ի՛նչ ա­նօ­գուտ եւ ի՛նչ խեղճ ջանք. իմ Քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քէն մեկ­նե­լով, Աս­տո­ւած մար­դուն, քե­զի եւ ին­ծի մեծ ար­ժէք եւ ար­ժէք­ներ տո­ւած է, բայց այդ վե­րո­յի­շեալ քան­դիչ մղում­նե­րը ա­ւե­լորդ են եւ ան­պէտ։ Ո՛չ, կեան­քը մրցում մը չէ, մար­դուն ցան­կու­թիւն­ներն են, որ վե­րա­ծած են կեան­քը մրցու­մի։ Աս­տո­ւած մար­դը ստեղ­ծած է ա­զատ մտա­ծե­լա­կեր­պով եւ ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու կա­րո­ղու­թեամբ եւ այս ար­ժէք­նե­րը, ե­թէ Իր կամ­քին հա­մա­ձայն եւ նպա­տա­կին չեն գոր­ծա­ծո­ւիր, բա­րին պի­տի չկա­տա­րո­ւի ո՛չ մեր աշ­խար­հին մէջ ո՛չ ալ մեր ըն­տա­նիք­նե­րուն եւ ազ­գին մէջ։
Աս­տո­ւած տո­ւած է մեր ձեռ­քե­րուն մէջ գոր­ծիք­ներ, գոր­ծա­ծե­լու մեր ա­զատ կամ­քով բա­րիին հա­մար, ո­րո՞ւն բա­րի­քին, ե­թէ ոչ քու եւ իմ, շրջա­պա­տիս եւ ազ­գիս։
­Գա­լով ­Սուրբ ծննդեան տօ­նին, Ք­րիս­տո­սի աշ­խարհ գա­լը ա­մէ­նէն բա­րի եւ ու­րախ լուրն է։ Կ­՚ա­ւե­տենք «Ք­րիս­տոս ծնաւ եւ յայտ­նե­ցաւ, ­Ձե­զի մե­զի մեծ ա­ւե­տիս»։
Ար­դեօք որ­քան մտա­ծած ենք, թէ ի՞նչ կեր­պով բա­րի լուր մըն է, ի՞նչ մա­կար­դա­կի վրայ է այս ա­ւե­տի­սը, բա­րի լո՞ւր մըն է, ո­րո՞ւ հա­մար բա­րի լուր է։
Երբ մեր այ­սօ­րո­ւան ա­ռօ­րեայ կեան­քե­րը կ­՚ապ­րինք, 2000 տա­րի­ներ ետք ­Յի­սու­սի աշ­խարհ գա­լը, տա­կա­ւին ­Բա­րի ­Լո՞ւր (Ա­ւե­տիս) մըն է։ ­Յի­սուս Ք­րիս­տոս զինք մեր­ժող­նե­րուն ը­սաւ, թէ ինք հի­ւանդ­նե­րուն հա­մար ե­կած է, ա­ռող­ջը պէտք չու­նի բժիշ­կի։ Ուս­տի ­Յի­սու­սի գա­լը ա­նի­մաստ լուր մը կը մնայ ա­նոնց հա­մար որ չեն տես­ներ եւ կամ չեն ըն­դու­նիր, որ ­Մեղ­քը մարդ­կու­թեան ա­մ­էնէն մեծ հի­ւան­դու­թիւնն է։ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի գա­լուս­տը ա­մէ­նէն մեծ եւ հրա­շա­լի Ա­ւե­տիսն է մեր աշ­խար­հին, որ Իր կեան­քով եւ մա­հով եւ յա­րու­թիւ­նով մե­զի ցոյց տո­ւաւ կեան­քին լե­ցու­նու­թիւ­նը եւ ու­րա­խու­թիւ­նը։ ­Ցոյց տո­ւաւ, որ Աս­տո­ւած մեզ, քեզ եւ զիս յա­ւի­տե­նա­կան սի­րով կը սի­րէ եւ ար­ժէք կու­տայ, ա­ռանց մեր ա­զատ կամ­քը ոտ­նա­կո­խե­լու ա­ռի­թը կու­տայ տես­նե­լու թէ բա­րին կայ եւ ա­զա­տագ­րում մեր մե­ղա­ւոր մղում­նե­րէն։ ­Մեր մեղ­քե­րը քա­ւե­լով (ըն­դու­նո­ղին հա­մար) յոյս եւ փրկու­թիւն կայ, հաշ­տու­թիւն եւ մտեր­մու­թիւն մար­դուն եւ Ս­տեղ­ծի­չին հետ, այս է եւ այս­տե­ղէն կը սկսի խա­ղա­ղու­թիւ­նը ներ­քին եւ ար­տա­քին։
Այս յոյ­սի եւ սի­րոյ բա­րի լու­րին դի­մաց ան­կա­րե­լի է, որ մեր կեան­քե­րը նոյն խեղ­ճու­թեան մէջ մնան, այլ Ա­ւե­տի­սը մեզ կը նո­րո­գէ բա­րիին, սի­րոյ եւ խա­ղա­ղու­թեան։
Իմ ա­ղօթքս եւ մաղ­թանքս է, ին­ծի եւ իմ ազ­գիս հա­մար, որ այ­սօր ­Նոր ­Տա­րո­ւան սե­մին, մեր կեան­քե­րը նո­րո­գո­ւին ­Բա­րի ­Լու­րով, որ Աս­տո­ւած մեզ սի­րեց եւ Ք­րիս­տոս աշ­խարհ գա­լով ցոյց տո­ւաւ ճամ­բան կեան­քի, սի­րոյ եւ խա­ղա­ղու­թեան։ ­Մեր շնոր­հա­ւո­րանք­նե­րուն հետ միաց­նենք մեր խոս­տու­մը եւ ուխ­տը, որ Իր Շ­նորհ­քով եւ շնորհք­նե­րը բաշ­խե­լով պի­տի վա­րենք մեր ան­հա­տա­կան, ըն­տա­նե­կան եւ հա­ւա­քա­կան կեան­քը, որ­պէս­զի մեր զի­րար շնոր­հա­ւո­րե­լը ու­նե­նայ իր դրա­կան եւ շի­նիչ ազ­դե­ցու­թիւ­նը։
Իմ եւ ե­կե­ղե­ցիիս ա­նու­նով ­Մեր լա­ւա­գոյն մաղ­թանք­նե­րը հայ ազ­գի ա­մէն մէկ ան­հա­տի եւ կա­ռոյ­ցի եւ ե­կե­ղե­ցիի։ ­Թող Աս­տո­ւած օրհ­նէ ­Ձեզ բո­լորդ։

Շ­նոր­հա­ւոր ­Նոր ­Տա­րի եւ ­Սուրբ Ծ­նունդ,
Ք­րիս­տոս Ծ­նաւ եւ ­Յայտ­նե­ցաւ,
­Ձե­զի ­Մե­զի ­Մեծ Ա­ւե­տիս

­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան (­Վե­րա­պա­տո­ւե­լի)
­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան Ե­կե­ղե­ցի