«Համազգային»ի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը անհուն ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ տեղեկացաւ, թէ մասնաճիւղիս երիտասարդ անդամներէն Նարեկ Ալեքսանեան ստացած է ամերիկեան «Yale» համբաւաւոր համալըսարանի «Tobin 2018» կրթաթոշակը։
Նարեկ Ալեքսանեան ուսանած է Թեսաղոնիկէի «Անաթոլիա» քոլէճին մէջ, ապա իր ուսումը ստացած եւ վկայուած է «Yale» համալսարանէն՝ մաթեմաթիկի եւ տնտեսութեան գիտութեանց ճիւղերէն: Իր ուսումը կատարելագործելու համար մինչեւ Տոքթորայի մակարդակ, ան դիմումներ կատարեց բարձր համբաւ վայելող ամերիկեան «Գոլումպիա», «Բրինսթըն» եւ «Էյլ» համալսարաններուն ու միաժամանակ ընդունուեցաւ երեք կրթական հաստատութիւններէն։ Ան վերջապէս որոշեց իր ուսումը շարունակելու «Բրինսթըն» համալսարանէն ներս։
Վարչութիւնս կը մաղթէ Նարեկ Ալեքսանեանին նորանոր յաջողութիւններ իր բարձրագոյն ուսմանց մէջ։
«Համազգային»ի Թեսաղոնիկէի
«Ղ. Սարեան» մասնաճիւղի վարչութիւն