Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը, 2023 տարին եւս հռչակեց ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ (Բ) ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԵՆԷ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ:
Վեհափառ հայրապետի թելադրանքին առ ի գործադրութիւն, թեմակալ Առաջնորդները հռչակագիրին ներկայացումը հերթաբար պիտի ներկայացնեն թեմի ծխական եկեղեցիներէն ներս։
Ուստի, մեր հաւատացեալ ժողովուրդին ազնիւ ուշադրութեան կ՚ուզենք յանձնել, թէ Կիրակի, 12 Փետրուար 2023-ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ Ս. Եւ Անմահ Պատարագին պիտի հանդիսապետէ Յունաստանի թեմի Առաջնորդ
ԳԵՐԱՇՆՈՐՀ Տ. ԳԵՂԱՄ Ս. ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
եւ կատարէ հռչակագրի ներկայացումը։
Կը հրաւիրենք մեր բարեպաշտ ժողովուրդը, հաղորդ դառնալու Վեհափառ հայրապետի հռչակագրի բովանդակութեան։
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ
«Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ» ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ