Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, 2019 տարին հռչակած է «ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐԻ»։
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի բարձր տնօրինումով, յառաջիկայ Կիրակի՝ 27 Յունուար 2019ին, թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագի պիտի ընթերցուի Հայ Մամուլին նուիրուած Հայրապետական Պատգամը։
Կոչ կ’ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն, որ խուռներամ բազմութեամբ ներկայ ըլլան Ս. Պատարագին, հաղորդակից դառնան Հայրապետական Պատգամին եւ այս տարուան ընթացքին յատկապէս, իրենց ամուր կապուածութիւնն ու սէրը գործնապէս արտայայտեն Հայ Մամուլի նկատմամբ։
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹեՄԻ
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ