Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, 2024 տարին հռչակած է «ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ»։
Այս առիթով, հաւատացեալ մեր ժողովուրդին կը հաղորդենք, թէ Կիրակի 28 Յունուար 2024-ին, Յունաստանի Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս յընթացս Ս. պատարագի պիտի ընթերցուի Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը ներկայ գտնուելու Ս. պատարագին եւ հաղորդակից դառնալու օրուան պատգամին։
Յունաստանի Թեմի Կրօնական Ժողով